Հայկական մեր իրականութեան մէջ մտածելու սովորութիւնը աստիճանաբար տեղի տալ սկսած է, ոմանց ուղեղը հանգստեան կոչուած է, առիթ տալով լեզուին: Ուղեղը յանցանք չունի, ան ալ յոգնած է խարխափումներէ, ու տեսնելով որ լեզո՛ւն ալ ոսկոր չունի, ի՛նքն ալ, որոշած է իր առաքելութիւնը լեզուին վստահիլ:
Լեզուն առանց ուղեղի աշխատելու սկսելով ինչե՜ր դուրս տուած է…:
Ու այսպէս, մեր ժամանակներու մարդ արարածը, յատկապէս հայը, «քաղաքագէտը», «փիլիսոփան» սկսած է պարզ, իմաստալից նախադասութիւններ կազմելու փոխարէն, հայհոյախառն, անիմաստ նախադասութիւններ կազմել: Սխալը տեսնելով սրբագրելու միտումով երեւոյթ մը քննադատելու փոխարէն, քննադատը վարկաբեկելու համար նոր հայհոյանքներ հնարել: Այս հնարքը դարձնել արուեստ, իսկ անուղեղ մարդը՝ թութակ, որ լսածը կրկնէ, շեշտելով կրկնէ, բարձրաձայն կրկնէ, մինչեւ որ բերնի ծամոց դարձնէ:
Այսքանով ալ չէ բաւարարուած լեզուն: Քննադատուողի բերնին մէջ չքմեղանքի միջոց դարձած է, ամբոխավարի բերնին մէջ՝ կեղծիքի, ժողովականի բերնին մէջ մերթ բռնուած է՝ պապանձիլ տալով իր տէրը, մերթ երկնցած՝ թութակի դեր վստահելով իր տիրոջ: Մինչդեռ ուղեղը հանգստեա՜ն կոչուած է…:
Հանգիստն ալ, սակայն, չափ
սահման ունեցած է, թմրած ուղեղը արթննալու փորձ կատարած է, բայց ժանգ կապած գլխուն մէջ խեղճս կենդանանալու տարածք չէ գտած պարզապէս… ու շարունակած է իր քունը՝ մտածելով. «բերանը լեզու դրեր են»:
Փշակն