Միջնադարու քաղաքական-տնտեսական համեմատաբար կայուն վիճակը եւ հոգեւոր կեանքի ու նիւթական մշակոյթի զարթօնքը ոչ միայն նպաստեցին, այլ նաեւ քաջալերեցին ձեռագիր-մատեաններու ընդօրինակման ու պատկերազարդման աշխատանքներուն աշխուժացումը: Արցախի մէջ, բացի գրական ու պատմա-փիլիսոփայական մատեաններէ, ընդօրինակուած է  նաեւ կրօնական բովանդակութիւն ունեցող ձեռագիրներ՝ Աստուածաշունչ, Աւետարան, Ճաշոց, Ճառընտիր, Սաղմոս, Նարեկ եւ այլն, որոնք, որպէս կարգ, նկարազարդուած են: Բոլոր նշանաւոր վանքերը, նոյնպէս իշխանական տոհմերը ունեցած են պատկերազարդ մատեաններ, որոնք իրենց շքեղութեամբ պաշտամունքի առարկայ դարձած էին եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած որպէս ժառանգ:
Պահպանուած ձեռագիր-մատեաններու մէջ յիշուած տուեալներու համաձայն  ԺԲ. ԺԴ.- դ. Արցախի մէջ գործած են երեք տասնեակ գրչակեդրոններ, որոնց մէջ ընդօրինակուած են 100-է աւելի ձեռագիր-մատեաններ:
Նշանաւոր կեդրոններէն մէկն է Հայոց Արեւելեան կողմի կաթողիկոսանիստ Գանձասարը, որուն մասին  հմուտ ձեռագրագէտ Օ. Եգանեան գրած է. «Որպէս կաթողիկոսական նստավայր եւ գրչութեան արուեստի կեդրոն, Գանձասարի վանքը ժամանակին ունեցած է իր գրչատունն ու գրչագիր մատեաններու հաւաքածոն»:
ԺԲ. դ. Վանական վարդապետին ջանքերով հիմնադրուած է Խորանաշատի գրչութեան կեդրոնը, ուր գրի առնուած են՝ «Հարցմունք եւ Պատասխանիքս», «Մեկնութիւն Յոբայ» եւ այլն ձեռագիրները: ԺԲ. դարու սկիզբը այստեղ ընդօրինակուած են՝ գրիչ՝ Սարգիս Նարեկացի. «Մատեան Ողբերգութեան» (1283թ.), գրիչ՝ Ստեփան Աղթամարցի Աւետարան (1224 թ.) եւ շարք մը ձեռագիր մատեաններ:
Նշանաւոր գրչակեդրոն եղած է նաեւ 989-ին հիմնադրուած Թարգմանչաց վանքը: Այս վանքին մէջ գտնուած է նկարազարդուած յայտնի Աւետարանը, որ վանքին անունով կոչուած է «Թարգմանչաց»:
Միջնադարու Հայաստանի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային յայտնի կեդրոններէն մէկը եղած է Գոշավանքը: Այստեղ ուսուցած են քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, օտար լեզու ( յունարէն, լատիներէն) եւ անշուշտ գրչութեան արուեստ: Մեզի հասած է Գոշավանքի 1273 թ. Մխիթար գրչի գրած հաւաքածոն եւ մեծ թիւով ձեռագիրներ, ուր կը գտնենք նաեւ Ս. Աստուածածին-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիներու համալիրը:
ԺԳ. դարուն մեծ նշանակութիւն կը ստանան Գետկայ եւ Խորանաշատի մենաստանները, որոնց մէջ Մխիթար Գոշ եւ անոր աշակերտը Վանական գիտութեան նոր շարժում մը յառաջ կը բերեն:  Նշանաւորագոյն դէմքերէն՝ Վանական,Վարդան, Մաղաքիա աբեղայ… կը հանդիսանան այս դպրոցներու ծնունդները, որոնք մեծ դեր  խաղցած են դարու գրական բեմի վրայ:
Գրչութեան նշանակալի արհեստանոց եղած են Երից Մանկանց, Ծարի Ս. Աստուածածին կամ Գետամիջի, Գանձակի վանքերը: Շուշիէն մեզի հասած է 20, Շամախուէ՝ 15 ձեռագիր, նաեւ Գտչայ վանքէն եւ Ամարասէն ձեռագիրներ: Այս կեդրոնները ոչ միայն եղած են գրչութեան օճախներ, այլ նաեւ ունեցած են իրենց ձեռագրական մեծ թիւով հաւաքածոները:
Յիշենք հայ գրչութեան եւ մանրանկարչութեան մեծարժէք ձեռագրեր, որոնք պահուած են մինչեւ այսօր:
1-Հնագոյն ձեռագիրը Մեծշէն գիւղի աւետարանն է (909 թ.): Մագաղաթեայ այս մատեանը այժմ կը գտնուի Երեւանի մատենադարանին մէջ:
2-Դիզակ գաւառի Ցոր գիւղի 1040-ի աւետարանի յատակտորքը:
3-Գանձակ քաղաքի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ գտնուած է կաշեկազմ մագաղաթէ մեծադիր ոչ ամբողջական աւետարան ( ԺԱ. դար):
4-«Բեկիւնց» յայտնի աւետարանը, որ երկար ժամանակ գտնուած է Ջրաբերդ գաւառի Թալիշ գիւղի մէջ:
Այսպէս պատմական Արցախի մէջ, գրականութեան, ճարտարապետութեան, որմնանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ստեղծագործութիւններու կողքին ստեղծուած են նաեւ գրչագիր նկարազարդ մատեաններ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան