ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Սուրիոյ պասքեթի Բ. դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբը 50-42 կէտերով պարտութեան մատնեց Սալամիէն:
– Սուրիոյ պասքեթի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀԵԸ-ի կազմը 81-47 կէտերով պարտութեան մատ- նուեցաւ Դամասկոսէն ժամանած Քասիուն խումբին կողմէ, ինչպէս նաեւ 66-62 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուահտէէն:
– Սուրիոյ պասքեթի պատանեկան ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ի տղաքը 77/59 արդիւնքով յաղթեցին Սըքաքին, իսկ ՀԵԸ-ի կազմը 100-91 արդիւնքով յաղթեց Հուրիէին:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Դամասկոս վերադարձաւ Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը, եւ դիմաւորուեցաւ Սուրիոյ մարզական բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ: Աւելցնենք, որ հաւաքականը յաջողած էր պարտութեան մատնել Իրանի խումբը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Լեւոն Արոնեան ՖԻՏԷ-ի 6-րդ Հորիզոնականը Նուաճեց
Ճատրակի Միջազգային Դաշնութիւնը՝ ՖԻՏԷ-ն, ըստ սովորութեան, ամսուան առաջին օրը կը հրապարակէ դասակարգման նոր աղիւսակները: Դասական ճատրակի տղոց աղիւսակը կը գլխաւորէ աշխարհի ախոյեան Մակնուս Կառլսեն, որ ունի 2862 կէտ, անոր կը յաջորդէ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան՝ 2823 կէտով: Հայաստանի առաջատար ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեան 2781 վարկանշային կէտերով գրաւեց 6-րդ տեղը: Ան միայն երեք կէտով ետ մնաց ռուս Եան Նեպոմնեաշչուցէն եւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշէ-Լագրաւէն: Աշխարհի առաջատար 100 ճատրակ խաղացողներու աղիւսակին մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի երեք ներկայացուցիչներ: Կրոսմայսթր Գաբրիէլ Սարգսեան 2682 կէտով կը գրաւէ 53-րդ հորիզոնականը, Հրանդ Մելքումեան 78-րդը, իսկ Կարէն Հ. Գրիգորեան՝ 96-րդը:
Արագ ճատրակի հարիւրակին Հայաստանէն մաս կը կազմէն նաեւ չորս մարզիկներ.
1. Լեւոն Արոնեան՝ 2778 կէտ
2. Հրանդ Մելքումեան՝ 2686 կէտ
3. Սերկէյ Մովսէսեան՝ 2677 կէտ
4. Վլատիմիր Յակոբեան՝ 2668 կէտ
Կայծակնային ճատրակի վարկանիշային աղիւսակ.
1. Հիկարու Նակամուրա՝ 2900 կէտ
2. Լեւոն Արոնեան՝ 2739 կէտ
3. Ռոպերթ Յովհաննէսեան՝ 2669 կէտ
4. Զաւէն Անդրիասեան՝ 2646 կէտ
Կանանց ճատրակի վարկանշային աղիւսակի առաջին հարիւրակին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի 3 ներկայացուցիչներ.
1. Էլինա Դանիէլեան՝ 2407 կէտ
2. Աննա Սարգսեան՝ 2402 կէտ
3. Լիլիթ Մկրտչեան՝ 2388 կէտ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Պարսելոնան Կրեց Տարեշրջանի Չորրորդ Պարտութիւնը 
Սպանիոյ ախոյեանութեան 12-րդ փուլի մրցումներուն, Քաթալոնիոյ Պարսելոնան անգամ մը եւս ձախողութեան մատնուելով կրեց այս տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը, որ այս անգամ եղաւ Բ. դասակարգէն բարձրացած Քետէշ խումբէն: Հանդիպումի 8-րդ վայրկեանին առաջին կոլը նշանակեց Քետէշի խաղացող Ալֆարօ Կոմեզ: Երկրորդ կիսախաղին Փետրօ Ալաքալան նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը, որմէ հինգ վայրկեան ետք հիւրընկալ կազմը կրկնապատկեց արդիւնքը, եւ հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 2-1 արդիւնքով:
Աւելցնենք, որ աղիւսակին առաջին դիրքը առ այժմ կը գրաւէ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան