«Արմէնփրէս».- ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարութիւն տարածած է` ՀՀ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կոչ ուղղելով ներկայացնել Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերու պաշտպանութեան եւ զինադադարի արդիւնաւէտ պահպանման համար հայկական կողմին ձեռնարկած գործողութիւնները:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Նկատի առնելով իրադրութիւնը` Հանրապետութեան նախագահը կը դիմէ ՀՀ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին Գործերի Նախարարութիւններին` անյապաղ հանրութեան ներկայացնելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նշուած բնակավայրերուն պաշտպանութեան եւ զինադադարի արդիւնաւէտ պահպանման համար հայկական կողմի ձեռնարկած գործողութիւնները:
Միաժամանակ Հանրապետութեան նախագահը դիմած է ՀՀ Աժ-ին` շտապ գումարել ԱԺ արտահերթ նիստ, որ պիտի քննէ Հադրութի շրջանին ստեղծուած իրավիճակին պատճառները եւ լուծման ճանապարհները:
Բարձր գնահատելով ՌԴ նախագահի միջնորդութեամբ 9 Նոյեմբերին ձեռք բերուած զինադադարը եւ անոր պահպանումը` Հանրապետութեան նախագահը կը յիշեցնէ նաեւ, որ ՀՀ Գերագոյն Խորհրդի 8 Յուլիս 1992-ին ընդունած որոշումով ՀՀ-ն պարտաւոր է հետեւողականօրէն սատար կանգնիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան»: