Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ Գամիշլիէն Հասիչէ մեկնեցաւ յատուկ առաքելութեամբ՝ հանդիպելու Հասիչէի Նահանգապետ տիար Ղասսան Հալիմ Խալիլիի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Պայքար Թովմասեան, Տնտեսական Խորհուրդի անդամ տիար Մուշեղ Պայրամեան, Գամիշլիի թաղական խորհուրդի անդամներ եւ անոր ատենապետ տիար Վարդան Մուրատեան, ինչպէս նաեւ Հասիչէի թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Արմէն Նալպանտեան եւ թաղականութեան անդամներ:
Նահանգապետարանի մուտքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատուիրակութեամբ ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Նահանգապետին եւ նահանգապետարանի պատասխանատուներուն կողմէ:
Հանդիպումի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ իր հովուական ծառայութեան, յիշելով անցնող ամիսներուն Սուրիոյ զանազան շրջաններ իր կատարած այցելութիւնները՝ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Վարչապետին, Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահին եւ այլ նահանգապետներու: Անդրադարձաւ նաեւ Գամիշլիի մէջ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցած Սուրբ Պատարագին, Հասիչէ իր այցելութեան, ապա Տերիք կատարելիք իր այցելութեան:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ սուրիահայութիւնը կը պահէ իր հաւատարմութիւնն ու կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին նկատմամբ, հաւատարմութիւն մը, որ կու գայ մեր արմատներէն եւ պատմութենէն, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած մեր ժողովուրդի վտարանդի զաւակները Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին կողմէ մեծ սիրով դիմաւորուեցան եւ այստեղ հաստատուելով տարիներ շարունակ պահեցին մեր մշակոյթն ու լեզուն, կառուցեցին մեր եկեղեցիները, շէնցուցին մեր գաղութները եւ սուրիական հայրենիքը: Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ թէեւ պատերազմի տարիներուն պայմաններու բերումով շատեր Սուրիայէն մեկնեցան, բայց սուրիական հայրենիքը իրենց կեանքին եւ ապրումներուն մէջ տիրական ներկայութիւն կը մնայ:
Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ յիշեց Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը, որ իրականացաւ երկրի Վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատին նիւթաբարոյական անմիջական աջակցութեամբ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն պիտի շարունակենք մնալ եւ ստեղծագործել սուրիական հայրենիքէն ներս, քաջալերելով Սուրիայէն դուրս գտնուող երիտասարդները, որպէսզի վերադառնան եւ առաւել լաւ պայմաններու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն սուրիական հայրենիքի վերակազմակերպման աշխատանքին:
Նահանգապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Ան ընդգծելով Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութիւնը, յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող թուրքը տարիներ անց նոյն ոճիրը գործեց Սուրիոյ մէջ: Նահանգապետը անդրադարձաւ ներկայիս տիրող առողջապահական եւ տնտեսական դժուար պայմաններուն, մաղթելով որ շուտով պայմանները բարելաւուին եւ սուրիական հայրենիքը կրկին վերածաղկի իր զաւակներուն մասնակցութեամբ:
Հանդիպումը ընթացաւ մտերմիկ եւ դրական մթնոլորտի մէջ եւ առիթ հանդիսացաւ փոխ յարաբերութեան զարգացման:
Աւարտին նահանգապետը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելով յուշանուէր յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր: