Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հրաշագործ սուրբ է հայ ժողովուրդին համար: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Յակոբի տօնը ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը յիշատակէ յիսնակի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող Շաբաթ օրը: Այս առիթով, Հալէպի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Ս. Յակոբի եւ համանուն եկեղեցւոյ տօնին նախորդող շաբաթը՝ 7-11 Դեկտեմբեր 2020-ին, հերթական կերպով հսկումի ժամերգութիւններ եւ քարոզախօսութիւններ տեղի ունեցան, Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն կատարողութեամբ: Հաւատացեալներուն համար ամբողջ շաբաթը հոգեւոր արթնութեան եւ աստուածային ճշմարտութիւններով լիցքաւորուելու հոգեթով շաբաթ մը հանդիսացաւ:
Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Ս. Յակոբի խորանին առջեւ: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներ, տիկնանց յանձնախումբեր, Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն, որոնք երկիւղածութեամբ կը մասնակցէին Սուրբ Պատարագի երգեցողութեան:
Տօնական մթնոլորտի մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին նուագակցութեամբ եւ տարազաւոր սկաուտներով, որմէ ետք «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի:
Սրբազան Հօր առնընթերականերն էին Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան եւ Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Ս. Խորանին սպասարկեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներու սարկաւագներ եւ դպիրներ: Սուրբ Պատարագին հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Իսկէնեանի:
Օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով Քրիստոսի լերան քարոզին հետեւեալ համարը. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը»:
Սրբազան Հայրը պարզաբանելով սուրբ գրային համարը, յայտնեց, թէ երկինքի արքայութիւնը կը պատկանի անոնց, որոնք քաջութիւնը ունին խոստովանելու, թէ իրենք հոգիով աղքատ են, հետեւաբար անոնք երանելի պիտի ըլլան: Ս. Յակոբի տօնին առիթով, ան պատուիրեց Քրիստոսի վերոյիշեալ հրաւէրին անսալ եւ որպէս Քրիստոսի հարազատ զաւակները մեղքերը խոստովանիլ եւ տկարութիւնները ճանչնալ, որպէսզի արժանի դառնանք երկինքի արքայութեան:
Մասիս Եպիսկոպոս խօսելով սուրբերուն եւ մեր հայրապետներուն առաքելութեան մասին, նշեց, թէ անոնք բազմապիսի վտանգներու մէջ ապրելով հանդերձ հետեւեցան Քրիստոսի ուսուցումներուն եւ ո՛չ միայն հալածուեցան, պայքարեցան եւ յաղթանակեցին, այլ իրենց հետ հազարաւոր ժողովուրդներ քարոզութեան, մկրտութեան եւ զոհողութեան ճամբով դէպի Աստուած առաջնորդեցին: «Այս տօնը առիթ մըն է յոյսի, հաւատքի, համբերութեան եւ լաւատեսութեան: Այդպէս ապրեցան մեր սուրբերը եւ այդ զէնքերով պայքարեցան իրենց օրերու երեւելի թէ աներեւոյթ թշնամիներուն դէմ», աւելցուց Սրբազան Հայրը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հարուստ է սուրբերով, որոնք իրենց աղօթքներով զօրակից դարձան դարեր շարունակ մեր մղած հոգեւոր թէ ազգային պայքարներուն: Երբ խաւարի մէջ էինք սուրբերը մեզի ճրագ դարձան, յոյս ներշնչեցին եւ անոնցմով առաջնորդուած այսօր ամէն տեղ հայ եկեղեցին հայերէն լեզուով փառք եւ գոհութիւն կը մատուցանէ մեր Արարիչին՝Աստուծոյ, Փրկիչին՝Քրիստոսի եւ մեր բոլոր սուրբերուն: Անոնք հաւատացին իրենց վստահուած աստուածային առաքելութեան, մերժեցին մեղքի փոշին եւ փոխարէնը ընտրեցին Աստուծոյ փառքի ոսկին եւ անով զօրացած քրիստոնէական հաւատքը ճառագայթեցին: Այդպէս եղաւ նաեւ Սուրբ Յակոբը՝ յոյս ներշնչող, երիտասարդութեան սուրբը, որ դարեր շարունակ ինքզինք շաղախեց իր եկեղեցւոյ եւ իր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ:
«Սուրբերը մեզի համար դպրոց են, որոնց պէտք է աշակերտինք մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին: Քրիստոնէական հաւատքի դպրոցին կը պատկանինք եւ մեր սուրբերէն բխող դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ մեծագոյն պաշտպանութիւնը եւ ապահովութիւնը մեր նոր սերունդի զաւակներուն» հաստատեց Սրբազան Հայրը, ազգային-եկեղեցական տօները մեր ինքնութիւնն ու հաւատքը վերանորոգելու լաւագոյն առիթը համարելով:
Սուրբ Յակոբի եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ անոր ատենապետ տիար Յարութ Կարապետեանը, տիկնանց յանձնախումբը, հոգեւորականաց դասը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, սարկաւագներն ու դպիրները եւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները:
Սրբազան Հայրը պատգամի աւարտին աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, հայցելով Ս. Յակոբի բարեխօսութիւնը, որպէսզի պահպանէ ու առաւել պայծառացնէ Ս. Յակոբ եկեղեցին, խաղաղութիւնը վերահաստատէ մարդկութեան կեանքին մէջ, հիւանդները բժշկէ, եւ մեր հայրենիքը՝ Սուրիան, Հայաստանն ու Արցախը պահէ ու պահպանէ ամէն չարիքէ:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն հայրական զօրակցութեամբ եկեղեցին առաւել կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք, որմէ ետք հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ Ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարուեցաւ եւ Սուրբ Խաչով օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը օրհնեց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին ճաշի վաճառքի նախաձեռնութիւնը:
Ուխտաւորները եկեղեցիէն մեկնեցան հոգեկան մեծ ցնծութեամբ, շնորհաւորելով Յակոբ անունը կրող իրենց հարազատներն ու զաւակները:
Յիշենք, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին հիմնուած է 1930-ին Սիրիան Պարագայ թաղամասին մէջ: Սկզբնական շրջանին ընդգրկած է Արամեան Վարժարանը՝ իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով: 1943-ին օրուան Ազգային Իշխանութեան տնօրինումով եկեղեցւոյ ներկայ հողաշերտը առնուած է եւ թաղամասի բնակչութեան նիւթաբարոյական աջակցութեամբ կառուցուած է եկեղեցին: Հետագային եկեղեցին նորոգուելով, 13 Մայիս 1990-էն սկսեալ իր դռները բաց կը պահէ ուխտաւոր հաւատացեալներուն առջեւ, հոգեւոր սնունդ ապահովելով անոնց: