«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Պողազիչի համալսարանի մասնագէտ Գիւրքան Քիւմպարօղլու «Yeni Şafak» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած Իգտիր-Նախիջեւան գազատարի կառուցման մասին փոխըմբռնման յուշագիրին եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն:
Գիւրքան Քիւմպարօղլուն համոզմունք յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն վերջ Իրանը դուրս մղուած է Նախիջեւանի հաւասարումէն:
Թուրք մասնագէտը յայտնած է, որ կովկասեան տարածաշրջանին «Նոր էջ բացած Ատրպէյճանի յաղթանակէն յետոյ» տարածաշրջանի մէջ նոր հաւասարում ստեղծուած է:
Անոր դիտարկումով` Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ նոր կազատարի կառուցումով, որ պիտի բաւարարէ Նախիջեւանի բնական կազի կարիքները, պիտի վերականգնի ե՛ւ Նախիջեւանի՛ տնտեսութիւնը, ե՛ւ ապահովուի տարածաշրջանի բնական կազի անխափան մատակարարումը:
Մասնագէտը ընդգծած է, որ յիշեալ կազատարի ծրագիրը ռազմավարական տեսանկիւնէն լուրջ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ համար:
Ան կարեւոր համարած է նաեւ թրքական աշխարհի հետ կապի ապահովումն ու այս տարածաշրջաններու մէջ ազդեցիկ դերակատարման համար Թուրքիոյ կողմէն ենթակառուցային ծրագիրներու իրականացումը:
Մասնագէտը, այնուհետեւ անդրադառնալով Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող միջանցքի ստեղծումին, նշած է, որ իրականացուելու պարագային ե՛ւԱտրպէյճանի ու Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկային կապ կ’ապահովուի, ե՛ւ նաեւ Կասպից ծով- Թուրքիա ուժանիւթի խողովակաշարը կը կրճատուի 300 քմ-ով: