«Երկիր».-Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորել փորձած է եռակողմ հանդիպում կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ, սակայն չէ յաջողած:
Պորել դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ օգնութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի պայմանագիրը կանխած է մարդկային հետագայ զոհերը, եւ, պէտք է ամբողջութեամբ պահպանուի:
Անոր խօսքով` եթէ ԵՄ-ը կարենայ իր դերը խաղալ հաշտեցման, վերականգնման եւ ամրապնդման գործին մէջ` լրացնելով Մինսքի խումբի ջանքերը, լաւագոյնս օժանդակած պիտի ըլլայ տագնապի լուծման:
«Եւրոմիութիւնը պատրաստ է գործակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ որեւէ կողմի հետ, որպէսզի ներդրում ունենայ Կովկասի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին», ընդգծած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարը: