Նոր տարի… այս նոր տարուան գիշերը նման պիտի չըլլայ նախկին տարիներուն… ո՛չ իր մթնոլորտով, եւ ոչ ալ յոյսերով։ Իւրաքանչիւր տարի կը դիմաւորէի աւելի պայծառ տարի մը ունենալու յոյսով, բայց այս տարի տարբեր  հոգեվիճակ ունիմ…: Ո՛չ, չեմ ուզեր աւելի լաւ, յուսալի, սիրով եւ առատութեամբ լեցուն տարուան մը ակնկալիքներով խաբուիլ։ Ո՛չ ալ կ’ուզեմ փայլուն թուղթերով փաթթուած, գեղեցիկ պահարաններով զարդարուած նուէրներ ստանալ։ Անցեալ տարի բաւական ստացած եմ անոնցմէ… ունեցայ… վայելեցի… յարգը չգիտցայ… կորսնցուցի…։ Ամէն տարի կը մոռնայի շնորհակալութիւն յայտնել ունեցածներուս համար, կը մոռնայի յիշել չունեւորները։ Այս տարին ապտակ մըն էր ինծի համար, շատ մեծ ապտակ մը։ Կորսնցուցի թանկ բաներ, շատ սուղ անձեր, եւ ամէնէն կարեւորը՝ կորսնցուցի հողս, զոր տակաւին չէի տեսած։
Այս նոր տարին, նման չէ այն 20 նոր տարիներուն, որոնք դիմաւորած էի անցեալին։ Այս նոր տարուան գիշերը ես մեր Արցախը կ’ուզեմ։ Այս նոր տարուան սեմին մենք պարտաւոր ենք մեր Արցախը ետ բերելու ուժ կուտակել։ Արցախը մեր յաղթանակի գրաւականն է։ Մեր հերոսները իրենց արիւնով ստորագրեցին այս սուրբ հողը, սակայն մենք ի թերեւ հանեցինք անոնց յոյսերը, չկրցանք պաշտպանել ու պահպանել զայն։ Արցախը մեզ 30 տարի հպարտութիւն ներշնչեց, նոր հորիզոններու նախաքայլը ուրուագծեց, սակայն մենք՝ պարզապէս չտեսանք այդ նախաքայլը, որ երկրորդին մասին մտածենք, ձեռք-ձեռքի տանք ու յառաջանանք. կարճատես էինք պարզապէս…։
Այս նոր տարուան Մ. Իշխանի Կաղանդ Պապայի նամակին մէջ կ’ուզեմ աւելցնել հետեւեալ տողերը.
-Կաղանդ պապա՛, ես այդ Մասիսին հետ Արցախը կ’ուզեմ։ Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր, լեցուր շուտով ազգիս համար բարիք, սէր ու համերաշխութիւն։
Իսկ հայ մամիկները իրենց աղօթքին մէջ կը կրկնեն.
– Ա՛լ կը բաւէ, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձո՛ւր մեզ։
Բայց Աստուծոյ աղօթելը բաւարա՞ր է միթէ։ Մենք պարտաւոր ենք տարակարծիք ըլլալով մէկտեղ միասնական ըլլալ, մոռնալ զիրար հալածելու ախտը, որպէսզի կարենանք ետ բերել մեր անառիկը։ Որպէսզի այս նոր տարուան մէջ ազատ շնչէ Հայաստանը, մեր սրտերէն վանենք փոքրոգութիւնն ու սրտնեղութիւնը եւ վերջապէս գտնենք մեր լուսաւոր ճամբան:
Վեհան Պարսումեան