Ոտնագնդակը եւ մեր կեանքը որքա՞ն կը նմանին իրարու։ Ինծի համար կեանքն ալ մրցում մըն է, որ սկիզբ ունի եւ վերջ՝ կեանքի պարագային ծնունդն ու մահն են անոնք, իսկ ոտնագնդակի մրցումին՝ իրաւարարի սուլիչով կը սահմանուին։ Խաղին օրէնքները երկու պարագաներուն ալ իրարանման են, անոնց յաճախ կը հանդիպինք մեր կեանքին մէջ եւս։
Իրաւարարը ամէն սխալի չի սուլեր, երբեմն դիտմամբ թոյլ կու տայ, որ խաղը շարունակուի։ Կեանքին մէջ ալ մերթ ընդ մերթ մեր վազքը կը դադրի ու մենք օգնութիւն կ’ակնկալենք, սակայն պէտք է մեր ուժերով ոտքի կանգնինք եւ շարունակենք մեր վազքն ու պայքարը։ Բնականաբար երբեմն կը հանդիպինք խոչընդոտներու, որոնք զգուշացումներ են միեւնոյն ատեն, ինչպէս խաղին մէջի դեղին քարտը, որպէսզի գալիք օրերուն չկրկնենք մեր սխալը։ Երբեմն մեր վազքը կը խոչընդոտէ ծանր հարուած մը, որ շրջան մը մեզ կը յուսալքէ, ինչպէս կարմիր քարտը խաղին մէջ, մինչեւ որ վերակենդանանանք։
Ուրիշ հետաքրքրական նմանութիւն մըն ալ կը տեսնեմ ֆութպոլի խաղի մասնակիցներուն եւ կեանքի հեւքին մէջ խաղացող մարդոց միջեւ։ Ինչպէս խաղին, այնպէս ալ մեր կեանքին մէջ երեք տեսակ մարդոց կը հանդիպինք։
Խաղի պարագային առաջին տեսակին մաս կը կազմեն այն խաղացողները, որոնք կը մրցին եւրոպական մրցումներու մասնակցելու իրաւունք շահելու համար։ Անոնք կը մաքառին լաւագոյնին հասնելու, մրցակցութիւնը զիրենք կը պահէ արթուն, անոնք կ’ուզեն մշտապէս զօրացնել եւ զարգացնել իրենք զիրենք։ Կեանքին մէջ այս տեսակին մաս կը կազմեն անոնք, որոնք եւս կը ձգտին լաւագոյնին հասնիլ, միշտ յառաջանալ, առողջ մրցակցութեան մէջ մտնել այլոց հետ։ Այսպիսիները ընկերութեան լաւագոյն խաւը կը կազմեն իմ կարծիքով։
Երկրորդ տեսակին մաս կը կազմեն խաղի վերջին քանի մը խումբերը, որոնք կը պայքարին երկրորդ դասակարգ հասնելու համար։ Այսպիսիներուն մէջ ալ մրցակցութիւնը սուր է։ Անոնք, սակայն, կը տարբերին առաջին խումբէն, որովհետեւ պարզապէս անկումէ կը խուսափին։ Մեր կեանքին մէջ այսպիսի մարդիկ լոկ գոյատեւելու համար ջանք կը թափեն, առանց տեսիլք ու ձգտում ունենալու։ Այստեղ յառաջանալ չկայ, պարզապէս մնալն ու գոյատեւելն են կեանքի հեռանկարները։
Եւ վերջապէս երրորդ խումբին անդրադառնանք։ Ոտնագնդակի պարագային անոնք միջին դիրքերու վրայ տեղ գրաւող խումբերն են, այսինքն՝ մեծաւ մասամբ 7-էն մինչեւ 17-րդ դիրք։ Այս խումբերը կը խաղան պարզապէս մասնակցելու համար, մերթ կը յաղթեն, մերթ կը պարտուին եւ այսպէս։ Այս խումբին կը պատկանին «Հանգիստ» կամ «սառնասիրտ» մարդիկ, որոնք ամէն պարագայի գոհ են իրենց վիճակէն, հեռու՝ թէ՛ մրցակցութեան գլխացաւերէն, թէ՛ վարի դասակարգերը գլտորելու վտանգէն։ Անոնք կը մնան իրենց «տաքուկ» տեղը։ Կեանքի մէջ ալ գոյութիւն ունի նոյնանման մարդոց խումբ մը։ Մարդիկ, որոնք գոհ են իրենց ներկայ վիճակէն, չեն զարգացներ իրենք զիրենք, ոչ ալ կը փափաքին յոգնիլ ու տքնիլ բարելաւելու իրենց կարողութիւններն ու դիրքը, որովհետեւ այդ նպատակը մշտական պայքար եւ արթուն միտք կը պահանջէ, սրամիտ եւ աշխոյժ ըլլալ կը պահանջէ։ Անոնք գոյատեւելու համար պայքար մղելու փափաք ալ չունին, քանի որ իրենց համոզումով «ապահով» կանգնած են իրենք իրենց տեղը։ Այս խումբին կը պատկանին թոյլ, զարգանալու փափաք չունեցող մարդիկ։
Իսկ դուն, սիրելի՛ ընթերցող, ո՞ւր կը տեսնես դուն քեզ։
Սագօ Խալոյեան