18 Դեկտեմբերի ուշ երեկոյեան, Կապանի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցած է Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանի եւ ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արթուր Խաչատրեանի հանդիպումը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Սիւնիքի մարզին, յատկապէս` Կապան քաղաքի եւ յարակից գիւղերու մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կապանի քաղաքային իշխանութեան իր աջակցութիւնը յայտնած է նոր սահմաններու պաշտպանութեան գործին մէջ:
«Հանդիպումին նպատակն էր աւելի մօտիկէն ծանօթանալ Սիւնիքի, Կապանի եւ քաղաքի յարակից գիւղերուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Մեր կամաւորական ջոկատները մինչ սահմանային փոփոխութիւնները կը պաշտպանէին Սիւնիքի դիրքերը: Դաշնակցութեան ջոկատները այսօր ալ իրենց բարոյական եւ ֆիզիքական աջակցութիւնը կը յայտնեն նոր սահմաններու պաշտպանութեան գործին մէջ, մեր տղաքը պատրաստակամ են պաշտպանելու իրենց հայրենիքը», ըսած է Սիմոն Սիմոնեան: