Մոնթէվիտէօ, Փրենսա Արմենիա.- 15 Դետեմբերին, տեղի ունեցաւ «Հայ Դատը Արարատի Ուրուկուէյի միջեւ. ճանաչման պատմութիւնը» խորագիրով գիրքին ներկայացումը: Գիրքը 1965-ին Ուրուկուէյի Խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պատմութիւնն է, իր տեսակին մէջ առաջին օրէնքը՝ Հայ Դատի պայքարի ճամբուն անկիւնադարձային Յիսնամեակի տարուան ընթացքին: Համավարակի պատճառով առցանց տեղի ունեցած շնորհանդէսը կազմակերպեցին Ուրուկուէյի Զելմար Միչելինի Հիմնարկութիւնը եւ ՀՅԴ Հրայր Մարուխեան Հիմնարկութիւնը:
Գիրքը ներկայացուցին Ուրուկուէյի Համալսարանի տնօրէն Ռոտրիկօ Արիմ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ եւ Հրայր Մարուխեան Հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան, եւ Զելմար Միչելինի Հիմնարկութեան նախագահուհի Սեսիլիա Միչելինի: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաև գիրքին երեք հեղինակները, որոնք կատարած էին ուսումնասիրութիւնը. պատմաբան և քաղաքագէտ Խերարտօ Գաէթանօ, և հրապարագիրներ Սալվատոր Նեվէս և Մաուրիսիօ Ռոտրիկէզ:
Ուրուկուէյի նախագահ Լուիս Լաքաժէ Փօու եւ փոխնախագահուհի Պէաթրիզ Արխիմոն առանձին պատգամներ յղեցին ներկայացման: Նախագահ Լաքաժէ Փօու մասնաւորաբար ըսաւ, որ գիրքը «հայերու և ուրուկուէյցիներու փոխյանձնառութեան պատմութեան կարևոր վկայութիւն մըն է, պատմութիւնը ուրուկուէյցիներու, որոնք 1965-ին իրենց ձայնը բարձրացուցին ի խնդիր Հայ Դատին: … Մաս կը կազմէ իրարմէ տարբեր պատմական հոլովոյթէ անցած երկու ժողովուրդներու, որոնք միասին յանձնառութիւն վերցուցին՝ ի պաշտպանութիւն ժողովուրդներու դատերուն: Այս յանձնառութիւնը հիմնականօրէն Հայ Դատին նկատմամբ է, յանձնառութիւն է հանդէպ ուրուկուէահայերու, որոնք անխոնջ աշխատանք տարին ե՛ւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, ե՛ւ Հայ Դատի ի խնդիր»։ Նախագահը իր պատգամը աւարտեց ըսելով որ գիրքը պատմական վկայութիւն մը չէ միայն, «կարևոր է նաև որպէս յանձնառութիւն ներկայի և ապագայի»։ Իր խօսքին մէջ Լաքաժէ Փուօ անդրադարձաւ նաև Արցախի պատերազմին և Ուրուկուէյի դիրքորոշման ու ըսաւ «ինչպէս միշտ, ձեր տրամադրութեան տակ ենք»։
Փոխնախագահուհին իր կարգին արտայայտեց իր ուրախութիւնը յայտնեց գրքի լոյս ընծայման համար և կարևորեց 1965-ի օրէնքը ըսելով, որ պետական մակարդակով կատարուած ճանաչումը առիթ կու տայ արդարադատութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու որ իսկական ցեղասպանութիւնները չանտեսուին բնաւ: