«Ասպարէզ»․- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած 2021-ի արտաքին յատկացումներու մասին օրինագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններէն կը պահանջուի յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին պատրաստել Արցախի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ մանրամասն զեկոյց մը, որ կրնայ նախաքայլը հանդիսանալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրման։
Ծաւալուն այս փաստաթուղթին 615րդ յօդուածը, որ կը կրէ՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեան գնահատական» վերնագիրը, յստակ պահանջներ կը դնէ յատուկ ծառայութիւններուն առջեւ՝ պարտաւորեցնելով անոնց ղեկավարներուն, որ համապարփակ տեղեկատուութիւն տրամադրեն քոնկրեսականներուն՝ հայ-ատրպէյճական հակամարտութեան գօտիին մէջ տիրող կացութեան եւ ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ:
Ազգային հետախուզութեան տնօրէնին պատրաստելիք այդ զեկոյցին մէջ նաեւ կը պահանջուի յստակացնել Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակից պետութիւններուն ռազմավարական շահերը՝ տարածաշրջանին մէջ։
Կը շեշտուի նաեւ, թէ յստակացում պէտք է կատարուի այն մասին, թէ ամերիկեան կողքմին տրամադրած ռազմական օգնութիւնը տարածաշրջանին մէջ ուժերու յարաբերակցութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
«Կ՛ողջունենք այս նոր օրէնսդրական պահանջը, ըստ որուն, Ազգային հետախուզութեան տնօրէնը, օգտագործելով Միացեալ Նահանգներու հետախուզական տրամադրութեան տակ եղած բոլոր կարելիութիւնները, պէտք է Արցախին վերաբերող զեկոյց ներկայացնէ», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ ընդգծելով, որ ամերիկեան յատուկ ծառայութիւնները նախ պէտք է յստակացնեն վերջին պատերազմին մեղաւորները:
«Վստահ ենք, որ այդ զեկոյցը պիտի հաստատի Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողպաշտ քաղաքականութեան փաստը, ինչ որ հիմք պիտի հանդիսանայ Պաքուի դէմ Պայտընի ապագայ վարչակազմին կողմէ կտրուկ քայլերու։ Թրամփի վարչակազմը անպատասխանատու կերպով Ատրպէյճանի զեղծարար եւ բռնապետ նախագահ Ալիեւին 120 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւն տրամադրելու ծրագիր մշակած է», նշեց Համբարեան:
Այս օրինագիծին իրականացման մէջ կենսական դեր ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզութեան հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Էտըմ Շիֆ։