«Երկիր».-Սպանիոյ Անտալուսիա ինքնավար համայնքի Տոռեմոլինոս քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Տոռեմոլինոսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Նիկոլաս տէ Միկէլի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող միջնորդագիրին կողմ քուէարկած են նաեւ Սպանիոյ իշխող ընկերվարական կուսակցութեան (PSOE) անդամները:
Յիշեցնենք, որ 17 Դեկտեմբերին Սպանիոյ Քասթեյոն քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած էր Արարատ Հայկական Միութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը, որ կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած հայերուն ցեղասպանութիւնը: Ընդհանուր առումով, ցեղասպանութիւնը մինչ օրս ճանչցած է 37 սպանական քաղաք, որոնցմէ 11-ը շրջանային կեդրոններ են: Անոնց մէջ կան Մալագան, Սան Սեպաստիանը, Մերիտան, Պուրգոսը, Սորիան, Սապատելը, Ալիքանթեն, Քասթեյոնը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են Սպանիոյ 5 մարզեր` Պասքոնիան, Քաթալոնիան, Պալէարեան կղզիները, Նաւառան եւ Արագոնը: