«Ասպարէզ».-.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհաւորեց Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղար Ալեքս Փըտիան՝ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ նշանակուելուն առիթով:
Փըտիա կը հանդիսանայ Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնող առաջին սպանախօս քաղաքական գործիչը։
Նահանգապետը այս քայլին դիմեց, որովհետեւ Քալիֆորնիան ներակայացնող ծերակուտականներէն մէկը՝ Քամալա Հերիս, անցեալ ամիս ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ: Փըտիա պիտի ամբողջացնէ Հերիսի վեցամեայ պաշտօնավարութեան մնացեալ երկու տարիները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յիշեցնէ, թէ Փըտիա նահանգի հայութեան հետ երկարամեայ կապեր ունի եւ կարեւեր դերակատարութիւն ունեցած է ներգաղթած հայերը քուէարկութեան մղելու եւ քաղաքական կեանքին մէջ հայերու ներկայութիւնը աւելի տիրական դարձնելու՝ Հայ Դատի արշաւներուն մէջ, յաջողութիւն մաղթելով անոր:
Յիշեցնենք, որ Փըտիա Հայ Դատին զօրակցութիւնը ապահոված էր Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղարը ընտրուելու պայքարին ընթացքին: