23 Դեկտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ի հանրահաւաքը, որուն մասնակցողներուն թիւը բաւական մեծ էր, հակառակ ցուրտին եւ տեղումներուն։
Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ գործիչ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ ոչինչ պիտի կասեցնէ իրենց պայքարը, մինչեւ որ   վարչապետին աթոռը գրկած մարդը օր առաջ հեռանայ։ Ըստ անոր՝ պէտք չէ յուսալ, որ մէկ օրուան հանրահաւաքով, երթով կարելի է աներեսները հեռացնել. Մանուկեան յիշեցուց, որ Փաշինեանի հեռացումը պահանջած են նաեւ Հայաստանի նախագահը, զոյգ կաթողիկոսները, մտաւորականներ, բժիշկներ, գիտնականներ, քաղաքացիներ եւ քաղաքական ուժեր:
Գեղամ Մանուկեան հաստատեց, որ իրենց նպատակը սուտ խոստումներով մարդիկը հրապարակ բերելը չէ: «Մենք սուտ խոստումներ տեսած ենք 2018-ին: Հարիւր հազարաւոր մարդոց տեսախցիկներով, թալանով, արագաչափերով, վարկերը իջեցնելու խոստումով խաբեցին: Խաբեցին սրիկայաբար: Մեր հարցը այդ չէ: Մեր հարցը մեր արժանապատուութիւնը ետ բերելն է, ամէն օր վտանգուող հայրենիքի փրկուած բեկորները պաշտպանելն է, մեր հարցը հայոց պետականութիւնը կործանումէն փրկելն է», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ նախորդ հանրահաւաքէն ետք ոստիկանները անցած են գործի, որպէսզի ագգադաւ վարչապետին ծառայութիւն կատարեն եւ վատ ազդեն ցուցարարներուն վրայ։
Գեղամ Մանուկեան ներկայացուց հետագայ քայլերը. «Հինգշաբթի օրը` ժամը 11-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կառավարութեան նիստը: Շատ յաճախ նախարարները ետեւի մուտքով կը մտնեն կառավարութիւն: Վաղը տեղի պիտի ունենայ Փաշինեանի գլխաւորած ՀՀ կառավարութեան 2020 թուականի վերջին նիստը: Կը դիմենք բոլորիդ, վաղը առաւօտեան՝ ժամը 10-ին պիտի շրջափակուի ՀՀ կառավարութիւնը` բոլոր կողմերէն: Անոնք պէտք չէ կատարեն կառավարութեան նիստ: Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է զրկուի, իբրեւ վարչապետ, կառավարութեան նիստ ընելու առիթէն», կոչով ներկաներուն դիմեց Մանուկեան՝ աւելցնելով, որ նստացոյցը պիտի շարունակուի մինչեւ առաւօտ, վրանները պիտի մնան լարուած։
Հանրահաւաքին խօսքեր արտասանեցին ազատամարտիկ Գէորգ Գէորգեան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բեմադրիչ եւ դերասան Վիգէն Ստեփանեան, Արցախի հերոս,  պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, Ազգային օրակարգ կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արա Յակոբեան, քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Արա Սահակեան:
Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ այս կառավարութիւնը ձախողած է բոլոր ոլորտներուն մէջ։ «Տարիներ ի վեր ծառայած եմ Հայաստանին, Արցախի Հանրապետութեան, ունեցած եմ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարներ, անձեր, որոնք ճանապարհ անցած են, կերտած են 30 տարուան նորագոյն պատմութիւնը, բայց ինծի համար միանշանակ ամենագերագոյն հրամանատարը մեր ժողովուրդը եղած է` մեր պետականութեամբ», ըսաւ ան։
Օհանեան նշեց, որ այդ հաւաքին պիտի չխօսի պատերազմին մասին, որովհետեւ պատերազմի հետեւանքը, ձախողութիւնները ակնյայտ են բոլորին` շատ վատ ստորագրուած փաստաթուղթով, եւ մեծ ջանքեր պէտք է ներդրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ հետագայ պետութեան զարգացումը ապահովել:
«Բայց միայն մէկ բան կրնամ ըսել` այս պատերազմին հայկական բանակը, արժանաւոր հայոց գեներալները, հրամանատարները եւ զինուորները չեն պարտուած, պարտուած է իշխանութիւնը` իր անգրագէտ կազմակերպած գործողութիւններով, ճիշդ չարժեւորած ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնով` ուժերը եւ միջոցները ճիշդ չդասաւորելով: Մենք ունեցած ենք առաջին գիծին 283 քիլոմեթր կահաւորուած երկրաչափական սարքաւորումներ եւ միայն երկու վայրի մէջ` մօտաւորապէս 20 քմ. ճեղքուած է հակառակորդի կողմէ, եւ մենք պարտաւոր էինք եւ համոզուած եմ, որ կրնայինք այդ մխրճուած հատուածին մէջ հակառակորդը չկարենար խորանալ», ըսաւ ան:

Նախարար Օհանեան ըսաւ, որ կառավարման համակարգին մէջ երկարատեւ փորձառութիւն ունի եւ քաղաքական կուսակցութեան անդամ չէ, բայց մէկն է այն մարդոցմէ, որոնք մտահոգ են եւ կ՛ուզեն Հայաստանի մէջ փոփոխութիւն տեսնել, որովհետեւ փոփոխութիւնները կը հանդիսանան զարգացման հիմքը: «2018 թուականին, երբ տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւնը եւ մենք բոլորս այլ նպատակ ունէինք, կ’աջակցէինք, որպէսզի զարգացման հիմքը փոփոխութիւններ ըլլան, եւ մենք կ’ակնկալէինք գաղափարական, աշխատանքի զարգացում, եւ այսօրուան իշխանութիւնները այս 30 տարուան փորձէն մեկնելով կրնային տեսնել դրականը, որ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», ըսաւ ան՝ նշելով, որ այս իշխանութեան օրօք տեսանք միայն քաղաքական շանթաժներ, հետապնդումներ: Ան դիտել տուաւ, որ այս իշխանութիւնը ձախողեցաւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ծանօթութիւններով անփորձ մարդիկ պաշտօնի նշանակեց։
«Մենք իշխանութեան չենք ձգտիր, այս ժամանակաւոր կառավարութիւնը, եթէ նոյնիսկ իշխանութեան գայ, որեւէ հետապնդում պիտի չիրականանայ: Եթէ դուք, անփորձ ըլլալով, բազմաթիւ թերութիւններ թոյլ կու տաք, բայց փորձառու մարդիկ, գալով իշխանութեան, անկասկած մանրակրկիտ պիտի զննեն նաեւ իրենց կատարած թերութիւնները եւ իրենց պատիւին համար նոյնիսկ այդ թերութիւնները թոյլ չեն տար: Այս անգրագէտ ղեկավարումն է, որ բերած է այս պարտութեան», ըսաւ նախկին նախարարը՝ աւելցնելով, որ եթէ այս իշխանաւորները շարունակեն մնալ, մեր պարտութիւնները պիտի շարունակուին։
Սէյրան Օհանեան նաեւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած սահմանագծումներուն։ «Հակառակորդը ուր որ ուզէ` կու գայ կը կանգնի եւ կ’ըսէ` սա մեր տարածքն է: Մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք այն դիրքերը, բարձրունքները, սահմանային մօտ շփման գիծերը, որոնք մեզի համար անվտանգութիւն կը պարունակեն, կրնանք յետաձգել, բանակցիլ, ինչո՞ւ հապճեպով կ’երթանք: Մենք ի՞նչ է, հակառակորդի առջեւ առողջութեամբ ծունկի եկած ենք, այդպէս չէ: Ուրեմն կու գանք այնպիսի եզրակացութեան, որ թերութիւններու շարունակականութիւնը, կառավարման անգրագիտութիւնը բացառելու համար այս իշխանութիւնները պէտք է փոխուին», ըսաւ ան՝ կոչ ուղղելով հրապարակին վրայ մնայուն ներկայութիւն ըլլալու։
Հանրահաւաքին խօսք առաւ նաեւ քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան, որուն որդին Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին անհետ կորսուած կը նկատուի։ Ան յայտնեց, որ հիմա մեր երկրի ապագայի հարցը կը ճշդուի. «Անոնք, որոնք տակաւին կը հաւատան Նիկոլ Փաշինեանին, մի հաւատաք, ան ստախօս է, վախկոտ: Ինքը միշտ ըսած էր` գիտէք, կ’երազեմ անվախ ըլլալ, բայց այդպէս կը ծնին, Նիկոլ, դուն մեղաւոր չես, բայց վախկոտ մարդը Հայաստանը չի կրնար ղեկավարել, հեռացի՛ր»:
Ան յայտնեց, որ Փաշինեան համաձայնագիրի ստորագրութեան յաջորդ օրն իսկ պէտք է ներում հայցէր եւ հեռանար։ «Դուք ի՞նչ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կ’ուզէք Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հետ, երբ մեր տղոց մարմինները տակաւին հողին փարուած են, տակաւին անոնց մարմինները չենք գտած ու չենք գտներ, որովհետեւ դուն չես հեռացած», հարցուց Նազարեան։
Ըստ անոր՝ 2.5 տարի Նիկոլ Փաշինեան այս պատերազմին կը պատրաստուէր, Արցախի հերոսները կը դատէր եւ բանտերուն մէջ կը փակէր զանոնք, որպէսզի Արցախը սկուտեղի վրայ դրած յանձնէ Ատրպէյճանին: «Այն էլ այն սկուտեղով, որի վրայ դրուած էր լինելու մեր երեխեքի մարմինները: Նիկոլ, դու կարծում ես, որ սա մարսելո՞ւ ես, ո՛չ, ո՛չ մի տեղ էլ չես մարսելու, եթէ ճողոպրես, դու մի շանս ունես` ներողութիւն խնդրես ու հեռանաս, ասես` ինձ դատէք այն դատարանով, որոնց ասում էի վնգստացող դատաւորներ»:
Ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ Փաշինեանի ղեկավարութեան յաւելեալ իւրաքանչիւր օր յաւելեալ թուլացում կը պատճառէ։ «Պէտք է Վազգէն Մանուկեանին շնորհակալութիւն յայտնէք, որ համաձայն է երկրի այս իրավիճակին մէջ ծանր բեռի տակ մտնել: Վազգէն Մանուկեանին ըրածին մէկ տոկոսը կ՚երազէիր ընել այս երկրին համար», շեշտեց Նազարեան: