«Ով կամաւոր է գրւում, այն օրից հերոս է նա,
Իր ազգի ազնիւ կռւում ամենամեծ յոյսն է նա,
Սիրայօժար, մահն աչքերին է գնում,
Առիւծի պէս է կռւում:
Չի երազում ո՛չ անուն, ո՛չ ոսկի, ո՛չ գանձ,
Հայրենիքն է իր հոգում սրբազանացած:
Կռիւներ է մղում նա բոցերում անշէջ,
Սխրանքները չի պատմում, պահում է իր մէջ»:
Հաւաքուած ենք յարգելու եւ մեծարելու յիշատակը հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործի ընթացքին իրենց ամենասուղը՝ կեանքը զոհաբերած, մերօրեայ նահատակներու հոյլին պատկանող, կամաւորական, ՀՀ-ի Արիութեան մետալակիր, Մովսէս (Մոսիկ) Սեքլէմեանի յիշատակը: Որպէս յարգանքի եւ մեծարանքի խորհրդանշական արտայայտութիւն, այսօր այս սրահը միասնաբար կը կոչենք «Մոսիկ Սէքլէմեան» սրահ:
Մոսիկը ծնած էր 1991 թուականի դեկտեմբերեան այս օրերուն, Սուրիոյ հայաշատ Գամիշլի աւանին մէջ: Մոսիկին հայրը մասնագիտութեամբ բժիշկ, Եսայի Սեքլէմեանը՝ արմատներով Մուսա Լեռցի, երկար տարիներ Սպանիոյ մէջ ուսանելէ ետք, կը մասնագիտանայ Հայաստանի մէջ ու որպէս ներքին բժիշկ տասնամեակներ կը ծառայէ ՀՕՄ-ի՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Իսկ մայրը՝ թուաբանագէտ տիկին Լուսին Տէր Արթինեան, արմատներով այնթապցի, 26 տարի կը պաշտօնավարէ Հալէպի Կրթասիրաց ամէնօրեայ վարժարանին մէջ, որպէս թուաբանութեան եւ գիտութեան ուսուցիչ եւ կը զբաղի հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեամբ: Այսինքն՝ Մոսիկը պտուղն է այն ծառին, որուն ճիւղերն ու արմատները գիտութեամբ, զարգացումով, ազգասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ ու մանաւանդ ծառայութեամբ սնած էին:
Մոսիկ երեք տարեկան մանուկ հասակին ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Հալէպ, ուր իր նախակրթական եւ միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Կրթասիրաց վարժարանին մէջ, ապա իր երկրորդական ուսումը կը շարունակէ արհեստից վարժարանին մէջ ու կը վկայուի Հալէպի արհեստից ուսումնարանէն որպէս օդորակիչի մասնագէտ: Փոքր տարիքէն կ’անդամագրուի հալէպահայ միութիւններուն եւ տան ու դպրոցին կողքին ազգային դաստիարակութիւն կը ստանայ ՀՄԸՄ-ի եւ Սուրիոյ Երիտասարդական միութիւններուն մէջ: 2014-ին կը կատարէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամագրուելու իր երդումը: Սուրիական պատերազմի առաջին օրէն, իր մասնագիտական գործին կողքին կը նուիրուի Հալէպի հայաշատ թաղամասերու պաշտպանութեան ամէնօրեայ ու մնայուն ծանր աշխատանքին: Մոսիկին ընկերները կը վկայեն, թէ ան նկարագրով ինքնամփոփ էր (հակառակ իր մանկութեան չարուկ ու անհանդարտ խառնուածքին) ու հանդարտօրէն կացութիւնները կը վերլուծէր եւ ճիշդ որոշումներ կ’առնէր անել կացութիւններէ դուրս գալու համար:
Ան պատրաստ էր անխտիր բոլորին օգնելու. սուրիական պատերազմի ծանր օրերուն, տարրական կենցաղային հարցերու բաւարարումէն սկսեալ (Ջուր, հաց, սնունդ ու դեղորայք հասցնել),  փլատակներու տակէն վիրաւորներ փրկել,  տեղափոխել, մինչեւ՝ գիշերները պահակութիւն ընել ու զէնքը ձեռին մարտական գործողութիւններ վարել հայաշատ թաղերը պաշտպանելու հրոսակային խումբերու յարձակումներէն: Ան նաեւ շրջան մը կը մեկնի Գամիշլի տեղւոյն հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործին ներդրում ունենալու: 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, Մոսիկն ու իր ընկերները  կը փափաքին Արցախ մեկնիլ, սակայն սուրիական պատերազմը չ’արտօնէր այդ եւ իրենց երազը կամ մուրազը կ’իրականանայ, երբ Արցախը կը կանչէ զիրենք Սեպտեմբեր 2020-ին: Մոսիկը իր մարտական եւ կեանքի ընկերներուն, Հրամանատար Յարութ Բանոյեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի հետ, անմիջապէս կ’անսայ ՀՀ.-ի պաշտպանութեան բանակի հրաւէր կոչին ու կը մեկնի Հայաստան ու Արցախ՝ պաշտպանութեան նախարարութեան հովանիին տակ յատուկ նշանակութեան եւ ժամանակակից զինամիջոցներու ծրագիրներ իրականացնելու եւ խնդրիներ լուծելու համար: Անոնք կը նահատակուին Հայկական բարձրաւանդակին՝ Շուշիի մէջ, 5 Նոյեմբերին ու իրենց նահատակութեան գոյժը կը հաստատուի 14 Նոյեմբերին: Երեք նահատակներուն սրբացած աճիւնները այս պահուն կը հանգչին եռաբլուրի մէջ: Մոսիկը յետ մահու կը պարգեւատրուի ՀՀ Արիութեան մետալով:
Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը եւ պատգամը կ’արժէ կեդրոնացնել երեք կէտերու վրայ՝ սուգ, հպարտութիւն եւ պարտաւորութիւն: Առաջինը՝ սուգ: Մենք ազգովին կը սգանք մեր բոլոր նահատակները, որոնք իրենց ընտանիքները, սիրելիները, հանգիստը եւ ապագան ձգած, իրենց կեանքերը գիտակցաբար ու խոր համոզումով զոհաբերեցին յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան: Կը սգանք կորուստը պայծառ ու լաւատես սերունդի մը, որ դեռ ինչե՜ր ունէր տալիք մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու համայն մարդկութեան: Սուգը՝ ողբ է, ցաւ է, թախիծ ու մեծ վիշտ է, եւ իւրաքանչիւր գիտակից հայ մարդ այս բոլորը կ’ապրի այս օրերուն իր հոգւոյն եւ էութեան խորութեան մէջ: Մենք կը սգանք Մոսիկը, Յարութը, Յակոբը, Արտակը, Գէորգը, Քրիստափորը եւ հազարաւոր մնացեալ քաջարիները ու մեր սուգին զուգահեռ մեր երակներուն մէջ կը շրջագայի հպարտութեան զգացումը:
Այո, հպարտ ենք այսօր: Հպարտ ենք ո՛չ թէ մեր կրած խայտառակ պարտութեամբ, քաւ լիցի, այլ մեր հերոս նահատակներով: Հպարտ ենք, որ Մոսիկի նման հայորդիներ ունի հայ ժողովուրդը, որոնք սփիւռքի հեռաւոր ափերուն մէջ ծնած ըլլալով, կամաւորաբար, կը շեշտենք այստեղ «կամաւոր» հանգամանքը, մեկնեցան Արցախ հայրենի հողն ու մեր արժանապատուութիւնը պաշտպանելու: Հպարտ ենք, որովհետեւ տիկին Լուսինին նման առիւծասիրտ ու հերոսածին մայրեր ունինք մեր իրականութեան մէջ: «Կարեւորը թող ազգը ապրի», ըսաւ տիկին Լուսինը իր ցաւի ու տառապանքի ամէնէն խոցելի պահուն ե՛ւ ինչպէս չհապարտանալ այսպիսի մայրերով ու չխոնարհիլ անոնց առջեւ: Հպարտ ենք, որովհետեւ ըստ բազմաթիւ վկաներու, տղաքը միշտ կ’երազէին միասին հայութեան համար նահատակուիլ ու Եռաբլուր հանգչիլ ու իրենց երազը կարծէք աստուածային նախախնամութեամբ իրականացած է այսօր: Հպարտ ենք, որովհետեւ ինչպէս որ Մոսիկին քոյրը կը պատմէ, տղոց թաղման արարողութեան ընթացքին, երբ ծնողները թագաղին մօտ կանգնած էին, բարձրաստիճան սպայ մը կը մօտենայ իրենց եւ կը հաստատէ որ ան պատիւ ունի այս տղոց հետ աշխատելուն համար, կը հաստատէ թէ իրենց տարած աշխատանքը անգնահատելի է ու ամբողջ Հայաստանի համար նշանակութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կը խոստովանի, թէ իրենք իսկական հայրենասիրութեան վառ օրինակներ են, եւ իրենցմէ շատ բան ունինք սորվելիք բոլորս:  Իրենցմէ սորվելու հանգամանքն է որ սուգէն, հպարտութիւն, հպարտութենէն պարտաւորութիւն կ’առաջնորդէ մեզ:
Այո, յարգելի հայրենակիցներ, պարտաւոր ենք դասեր քաղել Մոսիկին ու բոլո՛ր նահատակներուն սխրագործութիւններէն: Պարտաւոր ենք յարգել անոնց յիշատակը ու շարունակել իրենց կէս ձգած ճանապարհը: Առ այդ, խօսքս կ’ուղղեմ այս սրահին մէջ գտնուող երիտասարդներուն, որ Եւրոպայի հանգստաւէտ ու համեմատաբար խաղաղ պայմաններուն մէջ ապրելով չհեռանան ազգային կեանքէն, չհեռանան այս ակումբէն, այս շէնքէն ու այս եկեղեցիէն, տէր ու պաշտպան կանգնին մեր ազգային արժէքներուն, հայ եկեղեցւոյ, մեր ազգային մշակութային ու հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ ամէնէն կարեւորը անշահախնդրօրէն ծառայեն մեր ժողովուրդին ու պետականութեան ու երբ ահազանգը անգամ մը եւս հնչէ Մոսիկին նման պատրա՛ստ ըլլան իրենց գերագոյնը զոհաբերելու: Մեր պետականութեան համար տագնապալի ու ծանր այս օրերուն, իւրաքանչիւրս անխտիր գործ ունինք կատարելիք՝ քաղաքական, քարոզչական, մարդասիրական ու ընկերային մակարդակներու վրայ: Ամէն անգամ որ Մոսիկին հայեցի ու խրոխտ աչքերուն կը նայիք, իրմէ ստացէք քաջութիւն, անկոտրում կամք, զոհողութեան եւ ծառայասիրութեան ոգի: Ամէն անգամ որ իր աչքերուն կը նայիք, քիչ մը աւելի մարդասէր, ազգասէր ու հայրենասէր դարձէք: Մեր նահատակներուն կտակը մէկ է՝ շարունակել պայքարը յանուն մեր պետականութեան եւ ազգային շահերու իրագործման, վեր դասել համազգայինն ու պետութիւնը, պետականութիւնը՝ անհատական, խմբային կամ հատուածական շահերէ: Պարտաւոր ենք չյուսահատիլ, չընկճուիլ, դուրս գալ պարտուողական տրամադրութիւններէն ու պատրաստուիլ յաջորդ յաղթանակներուն, Շուշիի վերազատագրութեան եւ կայուն խաղաղութեան:
Մոսիկն ու իր ընկերները համայն հայութեան նահատակներն են, բոլո՛ր նահատակները անխտիր, իրենց նահատակութեան պահէն կը դադրին մէ՛կ ընտանիքի, մէ՛կ շրջապատի, մէ՛կ կուսակցութեան զաւակը ըլլալէ ու բարոյական եւ իմացականօրէն կը պատկանին համայն հայ ժողովուրդին: Այսօր Մոսիկը, իր ընկերներն ու բազմահազար նահատակները առա՛նց խտրութեան մեր զաւակներն ու եղբայրներն են ու անոնց ծնողները մեր բոլորին ծնողներն ու հարազատները, որոնց առջեւ բոլորս պարտաւորութիւններ ունինք կատարելիք: Պարտաւոր ենք յարգել անոնց յիշտակը, պարտաւոր ենք չքաղաքականացնել ու քաղաքական սին հաշիւներու չվերածել իրենց նահատակութիւնը, պարտաւոր ենք նպաստել որ մեր նահատակներուն ծնողները արժանավայել կեանք մը շարունակեն ապրիլ: Այս առթիւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք կ’ուղղենք, Աւստրիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանատան ու աշխատակիցներուն իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար:
Յարգելինե՛ր, Մոսիկն ու իր նման հազարները մեր կողքին չեն այսօր, անոնք միացան պատմութեան ընթացքին հայութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսներու աստղաբոյլին ու իւրաքաչիւրը այսօր որպէս մէկական փայլուն աստղ, խաւարին մէջ կը լուսաւորէ մեր հոգիներն ու մեր ճանապարհը: Իրենք վերէն, երկնային բարձրունքներէն կը գծեն ու կը լուսաւորեն արդարութեան ճիշդ ուղին, որ Շուշիի արահետներէն կ’անցնի: Իրենց գծած ճամբայէն պիտի տողանցենք ու իրենց լոյսով ու փայլքով պիտի առաջնորդուինք խաւարէն դէպի լոյս, պարտութենէն դէպի յաղթանակ ու կայուն խաղաղութիւն:
Յաւերժ փառք մեր բոլոր նահատակներուն: