Պատմական Արցախի ճարտարապետութեան մէջ յատկանշական է որմնաքանդակազարդման արուեստը: Ուշագրաւ յուշարձանը Գանձասարն է, որ Աղթամարէն ետք ճարտարապետութեան մէջ «Քանդակային» բնոյթի երկրորդ տաճարն է: Գանձասարի մայր եկեղեցւոյ թմբուկի հիմքին տեղադրուած են չորս աւետարանիչները խորհրդանշող գլուխներ, ձեռքերը վեր պարզած աղօթող կանայք, որոնց հովանիին տակ  պատկերուած են մարդագլուխ արծիւները: Կանանց այս պատկերաքանդակները մեր միջնադարեան  յուշարձաններուն համար եզակի երեւոյթ են: Այստեղ քանդակուած են Հասան-Ջալլալեանի մայրը՝ Խորիշահ եւ կինը՝ Մամքան: Եկեղեցւոյ զանազան բաժիններու վրայ կը գտնենք Յիսուսի պատկերը, «Մեղսագործութեան» տեսարանը եւ «Աստուածամայրը Մանկան Հետ» պատկերները: Տաճարի ամենասքանչելի քանդակը խաչի  քանդակն է՝ կեդրոնի Յիսուսի խաչելութեան տեսարանով:
Զարդաքանդակի հարստութեամբ նշանաւոր է Դադիվանքը: Տաճարի հարաւային ճակատին, նեղ լուսամուտներու երկու կողմերը քանդակուած են եկեղեցւոյ մանրակերտը բարձր բռնած իշխանազուններ Հասանը եւ Գրիգորը: Չափազանց գեղեցիկ է նաեւ եկեղեցւոյ նրբահիւս երիզաքանդակներով զարդարուած հիւսիւսային դուռը, խոյակներու ու կամարներու ներքեւի վարդեակաձեւ նախշազարդերը:
  Պատմական ճարտարապետութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն խաչքարերը, որոնց ժանեակահիւս զարդերու մէջ պատկերուած են աշխարհիկ մոթիւներ, մեկենասներու պատկերներ կամ զինուորական տեսարաններ: Ակադեմիկոս Յ. Օրբելին նկատած է, որ անոնք սոսկ մահարձաններ չեն, այլ  յուշարձաններ եւ ըսած.«Մարդկային պատկերներ ունեցող խաչքարերը առաջին անգամ յայտնաբերեցին Հայաստանի այն տարածքին, ուր նման քանդակապատկերներն ու զարդերը նախասիրուած ձեւ էին»:
Համընդհանուր ուշադրութեան արժանացած են նաեւ Դադիվանքի երկու հռչակաւոր խաչքարերը, որոնք ունին ոսկերչական նրբութեամբ փորագրուած մանրահիւս քանդազարդեր: Գ. Անոխինը նկարագրելով խաչքարերու գեղեցկութիւնը ըսած է.- «Անոնք բացառիկ տեղ կը գրաւեն հայ միջնադարեան քանդակագործութեան ամենաշքեղ օրինակներու շարքին մէջ եւ կը վկայեն ժամանակի Խաչէն աշխարհի քարգործ վարպետներու կախարդական արուեստին մասին»:
Պատմութեան ընթացքին տապանաքարերու նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր միայն քարգործ վարպետի գեղարուեստական ճաշակի ու հմտութեան աստիճանով, անոնց պատկերներու վրայ կ’արտացոլայ բնակչութեան կենցաղի, տարազի, ծէսերու, զինավարժութեան ու որսի տեսարաններ… եւ այլն: Այսպէս, Արցախի մէջ յայտնաբերուած տապանաքարերու վրայ կը գտնենք հոգիի անմահութեան եւ կեանքի պահպանման ու յարատեւութեան գաղափարները:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան