Իրանական @MiranPress թելեկրամեան ալիքը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, յայտնած է, որ Հադրութի շրջանի միջադէպը տեղի չէ ունեցած Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն միջեւ, այլ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողները կրակած են իրարու վրայ: Ալիքը յայտնած է երեք զինուորական ծառայողի մահուան մասին, որոնք սպանուած են իրենց ծառայակիցներուն ձեռքով: Յիշեցնենք, որ 27 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանը յայտնած էր, որ բախումներ տեղի կ’ունենայ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուորական ծառայողներուն միջեւ: