Յունուար 2020-էն վերահրատարակուող ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը ընթերցողին կը ներկայացնէ տարեվերջեան թիւ 12-րդ թիւը: Դժբախտաբար անցնող տարուան ամփոփումն ու նորի դիմաւորումը հայ ժողովուրդը այս անգամ ընդունուած տրամադրութեամբ չ’ըներ եւ «Դրօշակ»ի խմբագրակազմն ալ պաշտօնաթերթի ներկայ թիւը նուիրած է գլխաւորաբար Արցախին, արցախեան ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ կապուած ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական հարցերուն, Արցախեան հարցի զարգացման պատմական հոլովոյթին: Ստեղծուած կացութեան եւ առկայ մարտահրաւէրներուն նուիրուած է լոյս ընծայուած «Դրօշակ»ի նոր թիւի առաջնորդողը: Նոյն հարցին շուրջ հետաքրքրական հարցազրոյց տպագրուած է ակադեմիկոս, պատմաբան-արեւելագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանին հետ: Ծաւալուն հարցազրոյցը յատկապէս կ’անդրադառնայ հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դերին` այս պետութեան ներկայիս բացասական զաւթողական նկրտումներուն: Դարձեալ տուեալ նիւթին անդրադառնալով Վարդան Յակոբեան հարցի ծանրութիւնը տեղափոխած է Ռուսիոյ դերակատարութեան քննութեան տեսանկիւն: Պատմաբաններ Խաչատուր Ստեփանեան եւ Արմէն Ասրեան իրենց յօդուածներով անդրադարձած են Արցախին, իբրեւ պատմական Հայաստանի հատուածներէն մէկը, պատմութեան, անոր դերին, յատկապէս Ատրպէյճան արհեստածին պետութեան ձեւաւորումէն վերջ հայաշունչ Արցախին պարտադրուած եւ մինչ մեր օրերը ողբերգականօրէն շարունակուող ճակատագիրին: Յօդուածագիրներուն եզրակացութիւնները աներկբայօրէն յանգած են այն գաղափարին, որ բազում փորձութիւններ տեսած եւ Հայաստանի ներկային ու ապագային համար բախտորոշ նշանակութիւն ունեցող երկրամասի հայկական կենսագրութիւնը աւարտած չէ ու վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած բանակցային եւ այլ գործընթացները պէտք է շարունակուին:
Անշուշտ բոլոր յօդուածագիրներուն ըսելիքի առանցքը Հայաստանի եւ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ըրածին եւ ընելիքներուն հարցն է:
Տնտեսագէտ Թադէոս Աւետիսեան անդրադարձած է Հայաստանին` կործանարար ըլլալու աստիճան ձախող իշխանութեան, երկուքուկէս տարուան գործունէութեան, որուն հետեւանքը ոչ միայն Հայաստանի տնտեսական, ընկերային եւ բարոյական խարխլումն է, այլեւ Արցախի հարցով արձանագրուած ծանր պարտութիւնը:
Ուշագրաւ է նաեւ պատմաբան Անի Մելքոնեանին անդրադարձը հարիւր տարի առաջուան իրադարձութիւններուն, Հայաստանի անկախութեան կորուստին ու երկրի պոլշեւիկացման գործընթացներուն եւ տուեալ իրադարձութիւններուն ուղղակի ու անուղղակի համեմատութեան մերօրեայ դէպքերուն հետ: Ակնառու դարձած է, թէ ինչպէս ապազգային ու օտարին շահերուն ծառայող իշխանութիւնները կրնան կարճ ժամանակի մէջ երկիրը հասցնել մեծ կորուստներու, ինքնիշախնութեան սասանման շեմին:
Պաշտօնաթերթի այս թիւով ընթերցողը կրնայ գտնել ուշագրաւ այլ հրապարակումներ եւս:
«Դրօշակ»ի 12-րդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: