Այս օրերուն կը հետեւինք, կը վերլուծենք հայրենիքի տարածքին կատարուածները, հաւանական բոլոր վարկածները աչքէ կ’անցընենք, կը շշմինք, կը զայրանանք, եւ ի զուր կը փորձենք մեր խելքը բանի մը հասցնել…:
Ի՞նչ կը կատարուի հոն՝ Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն վրայ, ո՛չ թէ «մութին մէջ», այլ՝ օր-ցերեկով: Պահ մը կեդրոնանանք եւ խորանանք իրողութեանց մէջ: Վերջին օրերուն ու շաբաթներուն, Արցախը իրողապէս մոռցուած է, եւ առաւելաբար կը խօսուի Սիւնիքի մասին. Գորիս-Ղափան ճանապարհը եւ Որոտանն ու Շուրլուխը յանկերգներու բնոյթ ստացած են եւ մասնաւորաբար անոնց շուրջ կը դառնան այսպէս կոչուած՝ իշխանաւորներուն զրոյցները եւ տեղւոյն բնակչութեան դիմագրաւած անախորժ անակնկալները: Կը թուի թէ անոնց գլխուն «փորձանք» մը կայ, երբ յաճախ անոր մասին կը խօսին «ցաւալի զիջումներ» տխրահռչակ արտայայտութիւնը կրկնելով. գութը կը հայցեն խեղճ ու իրականութեանց քիչ ծանօթ զանգուածին, որուն մտահոգութեան եւ իմացութեան մտահորիզոնը բանտարկած են դրամի եւ ստամոքսի սահմաններուն մէջ: Հայրենիքը եւ ոգեղէն սրբութիւնները այդ զանգուածին համար դարձուցած են «ո՛ւր հաց, հո՛ն կաց» կարգախօսի գերին, անոնք կը յօրինեն նաեւ նոր «օրօր» մը, իբրեւ թէ «Թուրքիոյ սահմանը պիտի բացուի, որպէսզի Հայաստանը շունչ քաշէ»… Անդին, հասկցող, մտահոգ ու գիտակից ժողովուրդը, հայրենիքի արժէքին գիտակցող անոր զաւակները իրենք զիրենք տանջելով՝ վերջին աղէտէն ետք գոնէ ծուէն մը հող ու պատմութիւն փրկելու իրապաշտ մօտեցումով կը փորձեն ահազանգել ու պարզել, որ վտանգը մեր գլխուն վերեւ է, ո՛չ թէ հեռուն: «Ի՛նչ փոյթ, Երեւան չեն հասած», կ’ըլլայ իշխանութեան պատճառած վնասները չտեսնել ձեւացողին պատասխանը: Այդ ալ մոռցանք (մի՛ ըսէք թէ ինչպէ՛ս)…
Հապա ի՞նչ ըսենք իշխանաւորներու նորագոյն «յայտնաբերումին» մասին. «Իրենց հողերն են, 26 տարի է մենք առած էինք եւ հիմա պէտք է վերադարձնենք»… Իսկապէ՞ս, սա արդէն համազօր է Ադամական մեղքի:
Պատմութեան նենգափոխումի վարպետ պոլշեւիկներուն հաւատարիմ ժառանգորդները այս «գիւտ»ով արդէն անդառնալի փուլ մը կտրեցին, 1918-ի հանրապետութեան ժառանգորդ ըլլալը իրողապէս մերժելով եւ խորթ անուանումներով: Չի բաւեր միայն խօսքով արտայայտել, որ այսօրուան Հայաստանը 1918-ին ու Սարդարապատին ժառանգորդն է, ապա՝ ձեւեր գտնել ետքայլ ընելու: ՉԱՐԱՉԱՐ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք բանիւ եւ գործով իրենք զիրենք կը հեռացնեն 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ժառագորդը ըլլալէ, կը նսեմացնեն դարաւոր ստրկութենէ ետք վերականգնած մեր պետականութեան առաջին հիմնաքարը, որ զետեղուած էր հայ ժողովուրդին կողմէ պատմական փառահեղ յաղթանակով, նմանապէս՝ զայն կերտողը: Փաստօրէն, Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն երեք տարի վերջ, մեր նախնիները, հայրենիք կերտելու հաւատքով յարութիւն առին եւ հրաշագործութեամբ ստեղծեցին ազգային օճախ մը, որ նուիրականացաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով:
Այո՛, «Նոր Հայաստան», նորարարական, բայց ապազգային լոզունքով, մեր երկրի իշխանութիւնները իրողապէս մերժեցին հնչեղօրէն տօնել 1918-ի հանրապետութեան 100-ամեակը, չիմացան թէ ինչպիսի՛ ժառանգութեան մը տէրն են, եւ դարձան սոսկ 26-ամեայ «ՆՈՐանկախ» հանրապետութեան իշխանութիւններ:
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր կը սահմանափակուին հայատեաց եւ ազգատեաց համայնավարութեան գծած շինծու ու ազգը պառակտող սահմաններուն մէջ, այդ «տրամաբանութեամբ» ալ թուրք-ազերիին կը յանձնեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր հայրենիքին մասնիկները, իբրեւ թէ անոնք ըլլային «անոնց հողերը»: Մինչդեռ, եթէ հոգուով ու քաղաքական մտածողութեամբ ընդունէին առաջին հանրապետութեան ժառանգորդ ըլլալու պատուական յանձնառութիւն, անոնք ազգային հպարտութեամբ եւ պայքարով կերտուած 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները անսասան պահելու նախանձախնդրութեա՛մբ պիտի պաշտպանէին Գորիս-Ղափան ճանապարհը, Վարդենիս-Արցախ մայրուղին, ազերիներուն պիտի չնուիրէին պատմական ՄԵՐ Արցախի մեծագոյն բաժինը եւ նոյն կամքով ալ, տէր ու պահապան պիտի կանգնէին մեր հայրենի Կարսին, Վանին, Անիին ու Արարատին… Ափսո՜ս, որ դարերէն եկող ողբը կը կրկնուի տարբերակով մը. Հէ՜յ աշխարհ, որ թագաւորդ դեռ մանուկ է…

Թամար Թիւֆէնկճեան
25 Դեկտեմբեր 2020, Լոս Անճելոս