«Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի անունով այսօր յարգանքի տուրք մատուցուած է Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներուն յիշատակին:
«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ նախագահ Սարգսեանի անունով ծաղկեպսակ դրուած է Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար զոհուածներուն սխրանքը յաւերժացնող յուշապատին: