ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար կը հրապարակէ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ու գրասենեակներու գործունէութեան ամփոփագիրներ, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներուն կարելիութիւն տուած են կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալու սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն եւ եւ առաջադրուած հարցերուն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ողջունէ քոնկրէսական նախաձեռնութիւնը, որ ԱՄՆ հետախուզական ծառայութիւններէն պահանջած է ղարաբաղեան վերջին պատերազմին մասին գաղտնի տուեալներու տրամադրում: Այս նախաձեռնութեան նպատակներէն մէկը նաեւ ի յայտ բերելն է, թէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը ինչ ազդեցութիւն ունեցած է հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումին վրայ: Ըստ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանին` այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որուն արդիւնքներով Սպիտակ տան յաջորդ վարչակազմը կրնայ դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը:

Եւրոպա
Եւրոպայի Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբի եւ Պելճիքայի շրջանային յանձնախումբին գործուն ջանքերով պայմանաւորուած`18 Դեկտեմբերին Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է բանաձեւ, որ կը դատապարտէ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու աջակցութեամբ եւ օտարազգի վարձկաններուն մասնակցութեամբ սանձազերծուած ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը, ինչպէս նաեւ յստակօրէն պահանջած է, որ Ատրպէյճանը եւ անոր սատարող ուժերը զօրքերը դուրս բերեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն, որ նուաճուած է բռնի ուժի եւ բռնութեան գործադրումով:
Բանաձեւը նաեւ դատապարտած է խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն կանխամտածուած յարձակումները եւ քասթեթային ու ֆոսֆորային ռումբերու կիրառումը:
Բանաձեւի նախաբանին մէջ խօսուած է նաեւ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին, ուժ չկիրառելու մասին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հիմնարար սկզբունքներ, եւ շեշտուած է, որ այդ սկզբունքները ոտնահարուած են Արպէյճանի կողմէն: Բանաձեւը անդրադարձ կատարած է նաեւ պատերազմին Թուրքիոյ ներգրաւածութեան հարցին` ֆետերալ կառավարութեան կոչ ընելով պահանջել Թուրքիոյ միջամտութիւնը դադրեցնելու:
Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ գերիներու վերադարձին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերուն:
Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ Յանձնախումբը յայտնած է, որ UNESCO-ի գլխաւոր քարտուղարին ուղղուած նամակով հանդէս եկած է Սաթուորքի աւագ քահանան, որ միացած են նաեւ Լիտսի, Քաւենթրիի եւ Էբսֆլիթի քահանաները` ուշադրութեան հրաւիրելով Արցախի մէջ հայկական միջնադարեան քրիստոնէական ժառանգութեան նկատմամբ բռնութիւններու կիրառումին փաստերուն վրայ:

Ռուսիոյ Դաշնութիւն
ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակը 20 Դեկտեմբերին Հայաստան ուղարկուած է մարդսիրական նշանակութեան օգնութեան հերթական խմբաքանակը` ընդհանուր 15 թոն ծանրութեամբ:
22 Դեկտեմբերին հրապարակուած յայտարարութեամբ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը, մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի ուղեկալին ատրպէյճանցիներու կողմէն Արցախի մէջ հերթափոխի կազմակերպումը խոչընդոտելու փաստին համար: Յայտարարութիւնը, նամակի տեսքով, փոխանցուած է ռուսական պատկան մարմիններուն:
17 եւ 28 Դեկտեմբերին գրասենեակի պատասխանատուն մասնակցած է Ռուսիոյ հայերու միութեան համառուսական տեսաժողովին, հանդէս եկած է ելոյթներով, իսկ 24 Դեկտեմբերին Հայ Դատի Մոսկուայի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում եւ առանձնազրոյց ունեցած են Պետդումայի պատգամաւոր Քոնսթանթին Զատուլինին հետ` քննարկելով միատեղ հետաքրքրութեան հարցերու լայն շրջանակ: Վերջին շաբթուան ընթացքին գրասենեակի ներկայացուցիչը հանիպում ունեցած եւ զրուցած է ակադեմիկոս Վիտալի Նաումքինի, քաղաքագէտ Տմիթրի Պախոմովի, չինագէտ Նինոլա Վաւիլովի եւ թուրք քաղաքագէտ Արիֆ Ասալիօղլուի հետ: Զրոյցներուն տեսագրութիւնները հրապարակուած են «Փրօ Արմէնիա» համառուսական հարթակէն:
26 Դեկտեմբերին Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի հովանիին ներքոյ գործող «Լուսարձակ» դպրոցի սաները »Իմ Գիւղը» խորագիրով նախաձեռնութիւն կազմակերպած են:
Հայ Դատի Յանձնախումբերն ու գրասենեակները մեծ թափով կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացնել հայութեան շահերի պաշտպանութեան աշխատանքներ` օգտագործելով գրասենեակային գործունէութեան համալիր գործիքակազմեր: Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանաթրքական յարձակումը դատապարտելու, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին նպաստելու, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափը վերականգնելու, գերիներուն եւ զոհուածներու մարմիններուն փոխանակման հարցը բարձրացնելու, արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն առարկայական տեղեկատուութիւն ապահովելու ուղղութեամբ կատարուած են մեծ ծաւալի աշխատանքներ: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է ղարաբաղեան հիմնահարցի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ ներքաղաքական քննարկումներ, խորհրդարանական լսումներ իրականացնելու վրայ, որոնք արդէն իսկ վերաճած են որոշակի բանաձեւերու ընդունումներու:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ