«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 Յունուարին այցելած է առաջնագիծ եւ տեղւոյն ծանօթացած է ամրաշինական աշխատանքներուն:
Արցախի նախագահը զրուցած է հայրենիքի պաշտպաններուն հետ, հետաքրքրուած է առկայ հարցերով, յայտնած է որ, անկախ պատերազմի ունեցած հետեւանքներէն` Պաշտպանութեան Բանակի զօրացման ու սպառազինութեան արդիականացման ծրագիրները պիտի շարունակուին մնալ կառավարութեան առաջնահերթութեան մէջ: «Մենք պէտք է ունենանք որակապէս նոր բանակ, ուր նկատի պիտի առնուին պատերազմի դասերը, յառաջատար երկիրներու փորձն ու սպառազինութեան արդիական տեսակները», ըսած է ԱՀ նախագահը: