Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2021-ին, «Շամ Թայմզ» Սուրիոյ Ելեկտրականութեան նախարար Ղասսան Զամէլի հետ հարցազրոյց ունեցաւ, որուն ընթացքին նախարարը յայտնեց, որ Սուրիան կարիք ունի նուազագոյնը 7000 մեկա ուաթ ելեկտրականութեան, որպէսզի անջատում տեղի չունենայ, իսկ Սուրիան ներկայիս այս քանակին կէսը ունի միայն։
Նախարար Զամէլ հաստատեց, որ Սուրիան 2800 մեկա ուաթ ելեկտրականութիւն ունէր, սակայն ելեկտրականութեան յաւելեալ սպառումը պատճառ դարձաւ երկար ժամերով անջատումներու։ Այս գծով լուրջ աշխատանք տանելէ ետք ներկայիս ունինք 3200 մէկա ուաթ ելեկտրականութիւն, այսինքն պահանջուած քանակին կէսը։
Նախարար Զամէլ անդրադառնալով ելեկտրածին կայանի շուրջ պայմանագիրին յայտնեց, որ Նախարարութիւնը բարեկամ երկրի մը հետ պայմանագրութիւն ստորագրած է ելեկտրածին կայան հաստատելու Հալէպի արդիւնաբերական Շէյխ Նաճճար շրջանին համար։ Ծրագիրին գործնականացումը 18 ամսու կը կարօտի, իսկ ծախսը՝ 36 միլիոն եւրօ։