Երկուշաբթի, 4 Յունուար 20201-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց. «Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Ասրիա-Սալամիէ ճամբուն վրայ զբօսաշրջութեան եւ վառելանիւթերու փոխադրակառքերու վրայ յարձակումը, որուն հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան»։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սոյն յարձակումը կու գայ սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն զուգահեռ, ինչ որ կը փաստէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն անմիջական կապը Իսրայէլի, ԱՄՆ-ի եւ թրքական ուժերու հետ»։
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ ժողովուրդը եւ բանակը պիտի շարունակեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ ձախողութեան պիտի մատնեն հակասուրիական դաւադրական ծրագիրները, պաշտպան հանդիսանալով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»։