Արաբական Զարթօնքը որպէս պատմական Վերազարթօնք կամ Վերածնունդ՝ Նահտա, արաբական ընկերութեան պարագային բացայայտուած էր երկու անբաժանելի տարածքներով.
Առաջին, տիրող յետամնացութիւնը համեմատաբար Արեւմուտքի (Եւրոպայի) հետ, որ խորքին մէջ կը նշանակէր արեւելեան գիւղատնտեսութեան յետամնացութիւնը՝ Արեւմտեան (Եւրոպական) ճարտարարուեստի պարզած յառաջադէմ վիճակէն, այլ խօսքով, արաբական գիւղական ընկերութեան յետամնացութիւնը՝ Արեւմտեան (Եւրոպական) ճարտարարուեստականացած քաղաքէն, մանաւանդ երբ յստակացած էր, թէ պատմութեան թատերաբեմը բարձրացած եւ այդտեղ տիրապետող դարձած Արեւմտեան (Եւրոպական) դրամատիրութիւնը, ճարտարարուեստական-ընկերային  յստակ երեւոյթ էր, որ շարժիչ ու մղիչ ուժը հանդիսացած էր Արաբական Զարթօնքի կամ Արաբական Նահտայի պատմական իրադարձութեան։
Երկրորդ, Արեւմուտքի (Եւրոպայի) համահաւասար յառաջդիմութեան մակարդակ նուաճելու ձգտումը եւ որպէս գործօն տարր՝ Արեւմուտքի (Եւրոպայի) հետ պատմութեան բեմահարթակ մուտք գործելու հեռանկարը, այսինքն գործնապէս արտադրութեան եւ կեանքի գիւղական-երկրագործական կերպէն անցնելու ճարտարարուեստականացած եւ մշակութային առումով զարգացած արդի կեանքի ոլորտները, մանաւանդ որ արդի դրամատիրութիւնը որ ծնունդ առած էր Արեւմուտքի (Եւրոպայի) մէջ եւ աստիճանաբար համակած էր ամբողջ աշխարհը, Արեւելքը դիտած էր իբրեւ Արեւմուտքի (Եւրոպայի) կեդրոնական շուկան, յատկապէս (ԺԹ.) դարու վերջը եւ (Ի.) դարու սկիզբը, երբ մինչ այդ, Արաբական Զարթօնքի կամ Արաբական Նահտայի ընկերային-մշակութային փոխանցման պատմական շարժումը գիւղէն դէպի քաղաք՝ զգալիօրէն գործնականի վերածուած էր (ԺԹ.) դարու կէսէն սկսեալ, եւ Արաբական Զարթօնքի կարկառուն գործիչները՝ արաբական երկիրները դէպի արդիականութիւն եւ քաղաքակրթական նոր մակարդակներ առաջնորդող յառաջապահները դարձած էին։ Արաբական Զարթօնքի կամ Արաբական Նահտայի գործընթացի զարգացման փուլերուն մասին, հանգամանալից վերլուծումներ կատարած է Մուհամմէտ Քամէլ ալ Խաթիպ[1]։
Արդարեւ պատմա-աշխարհագրական Սուրիա (նաեւ Օսմանեան Սուրիա) կամ «Պիլատ ալ Շամ» այն երկիրը հանդիսացած էր, ուր շուրջ տասնեակ մը տեղաբնիկ քրիստոնեայ համայնքներու եւ գլխաւորաբար Պաղեստինի սրբավայրերուն պատճառով, խաչակիր նուաճողներու եւ աւելի ուշ քարոզչական առաքելութիւններու միջոցաւ, ամբողջ միջնադարուն շարունակականօրէն արեւմտեան (եւրոպական) իրականութեան հետ շփման մէջ մնացած էր, իսկ  արդիւնքը հանդիսացած էր արաբերէն լեզուի աննախընթաց զարթօնք մը, ըստ Շամսուտտին ալ Րիֆաիի այդ գրական զարթօնքը պիտի փոխակերպուէր քաղաքական զարթօնքի[2], ընդդէմ օսմանեան բռնատիրութեան։
Եւ ուրեմն (ԺԷ.-ԺԸ. դդ.) յիշուած շփումներուն հանգուցակէտը դարձած էր Հալէպ քաղաքը, որ միջին դարերուն վերածուած էր վարչատնտեսական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոնի մը, ներառեալ արդի քրիստոնէական Զարթօնքի եւ Լուսաւորական Շարժումի ոստանի իր հանգամանքը։ Այդ օրերուն, Հալէպի բնակչութեան հոծ արաբ բնակչութեան կողքին, շօշափելի թիւ կազմած էին թուրքերը, պարսիկները, հրեաները, նաեւ հայերը, միաժամանակ իտալացի, ֆրանսացի, սպանացի, հոլանտացի եւ այլ արեւմտա-եւրոպացի առեւտրականներ, հոգեւորականներ, դիւանագէտներ եւ ուրիշներ։ Հայր Մըթրի Հաճի Ասնասիոյի վկայութեամբ, «Կարեւոր է յիշել քրիստոնեայ Հալէպի ունեցած դերը (ԺԷ.) դարու Միջին Արեւելքի բեմահարթակին վրայ։ Շնորհիւ Հալէպի տաղանդաւոր զաւակներուն եւ Զարթօնքի յառաջապահներուն, գրական-իմացական Զարթօնքը ծլարձակած էր եւ ապա անցած էր Լիբանան, մինչեւ Եգիպտոս եւ այլուր…։ Արդարօրէն, Հալէպը նկատուած է արաբական Զարթօնքի բնօրրանը, այդտեղ ցայտած էին անոր կայծերը, եւ այդտեղէն բիւրեղացած էին անոր գործօնները։ Հալէպի դերը խիստ մեծ եղած է յատկապէս Լիբանանի պարագային, կրօնական, եկեղեցական, ընկերային, քաղաքակրթական եւ մշակութային առումներով»[3]։
Ուստի սուրիահայութեան կեդրոնը հանդիսացած էր Հալէպ քաղաքը[4], եւ ծաղկուն եղած էր տեղւոյն հայ համայնքը։
Մինչեւ (ԺԷ.) դարու կէսերը, Հալէպ քաղաքը ընդհանրապէս դարձած էր ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի առեւտրական հիմնական շուկան[5]։ Յատկանշական է թէ նախապէս (ԺԶ.) դարու Հալէպի մետաքսի շուկային զարգացումը իր նախընթացը ունեցած էր, երբ հայ վաճառականները արդէն (ԺԵ.) դարուն պարսկական մետաքսը ներածած էին՝ զայն վերստին արտածելու համար դէպի Արեւմուտք, այդ շրջանի Հալէպի հայ խոճաներուն, մասնաւորաբար ջուղայեցի առեւտրականներուն մենաշնորհը հանդիսացած էր հում մետաքսի առեւտուրը միջազգային շուկայի վրայ, մեծ տարողութեամբ օգտագործելով արեւելեան կարաւանային ճանապարհները[6]։ Յատկանշական է թէ՝ Հալէպի հայ համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, (ԺԶ.-ԺԸ.դդ.) ջուղայեցիք իրենց մեծատուն վաճառականներով եւ ազդեցիկ խոճաներով խիստ որոշադրիչ, նոյնիսկ առաջնորդող դեր ունեցած էին։ Հալէպահայ հնագէտ Նուպար Փարթամեանի համաձայն, 13 Մայիս 1965-ին, Տէր Զօրէն ութսուն քիլոմեթր դէպի հարաւ հանդիպած եւ յայտնաբերած էին քսան հայկական արձանագրութիւններ, որոնք կը կարծուին թէ՝ կը պատկանէին Ջուղայէն Հալէպ եկած ջուղայեցի հայերուն[7]։ Ջուղայեցիներու մասին Համբարձում Առաքելեան կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցած է, նաեւ մեկնաբանութիւններ կատարած է[8]։
Ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացի երբ (1616)-ին Հալէպ այցելած էր, յատուկ հիացումով պատմած էր հայ առեւտրականներուն, անոնց մեծամեծ շէնքերուն, անբաւ հարստութեան եւ ազդեցիկ դիրքին մասին. «Եւ այս քաղաքս մեծ պէնտէր է եւ շահրիստան. եւ յինքն կայ Հնու-Հնդուստան ու մարդ, ամէն տեղաց վաճառական. եւ ինչ կու մաշ կամիս, անդ գտանես…»[9]։
Այդ ժամանակաշրջանի Հալէպի հայ համայնքի յիշեալ բարգաւաճ վիճակը ունեցած էր իր մշակութային տարածքը, մարմնաւորուած Հալէպի նշանաւոր Հայկական Դասատան գոյութեամբ, որ մանաւանդ իբրեւ գրչութեան մեծ կեդրոն՝  իր ներդրումը ունեցած է քաղաքին ապրած Քրիստոնէական Զարթօնքի շրջագիծէն ներս։
Հաստատապէս Հայկական Դասատունը որպէս գիտութեան եւ արուեստի առանձնայատուկ երեւոյթ՝ գոյութիւն ունեցած էր տակաւին (ԺԵ.) դարու երկրորդ կիսուն, երբ, (1476) թուականին «Մելքիսեդ կրօնաւոր», Պարոն Ֆարաճի համար գրչագրած էր թղթեայ եւ նկարազարդ Աւետարան մը, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցիներու հովանիին ներքեւ[10]։ Այդ օրերուն վաճառաշահ Հալէպի մէջ առատօրէն գտնուած էին՝ թուղթ, մելան, օսլայ, ներկեր, լազուարտ, կաշի, իսկ Հայկական Դասատունը  հովանաւորած էին Հալէպի հայազգի իշխանները, խոճաները, երեւելիները, «տանուտէր»ները։
Արդէն (ԺԶ.) դարուն Հայկական Դասատան նշանաւոր դէմքերէն հանդիսացած էր Կարապետ Վարդապետ, որ «անձանձիր» կերպով ուսուցանած էր իր աշակերտներուն, նոյնիսկ կը կարծուի թէ՝  Դասատունը կազմակերպուած էր նոյնինքն Կարապետ Վարդապետի կողմէ, եւ թռիչք առած էր երբ այդտեղ հրաւիրուած էր Առաջնորդ Յովհաննէս Ուռհայեցի (1595-1603թթ, 1620թ. յետոյ)։ Նոյն օրերուն Հալէպի մէջ գործած էին Խաչատուր Զէյթունցի՝ իբրեւ երաժիշտ, Յակոբ Քահանայ՝ իբրեւ «քաջ քարտուղար», Վասիլ Վարդապետ եւ Իսրայէլ Ամթեցի՝ որպէս վարպետ մանրանկարիչներ, Ղազար Քահանայ՝ իբրեւ ուսուցիչ գրչութեան արուեստի, որ գործած էր մինչեւ (1634թ.)։ Հայկական Դասատան շնորհալի արուեստագէտներէն հանդիսացած էին՝ Մուրատ Գրիչ, նաեւ Մկրտիչ Քահանայ Հալէպցի, վերջինը անուանի դարձած էր որպէս նկարիչ, անոր «Տիրամայր Ս. Աստուածածին» սրբանկարը (1663թ.) երկար տարիներ զարդարած էր պատմական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը[11]։ Նոյնքան նշանաւոր եղած էր Տէր Մկրտիչ Քահանայի՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ՝ «Ս. Մինաս Զօրավար»ի սրբանկարը (հաւանաբար նկարուած՝ 1664-ին), առ այսօր պահպանուած է[12]։ Անմոռանալի դէմք հանդիսացած էր Մուրատ Հալէպցի (1592-1662թթ.), հետագային Սարգիս Քահանայ (խիզանցի), ծանօթ սիգազան եւ ակնագործ, հմուտ աստուածաբանական ուսմանց, բժշկութեան, տոմարագիտութեան, միաժամանակ բանաստեղծ եւ տաղասաց, հեղինակ թանկարժէք քարերու մասին գիտական աշխատութեան մը, կը կարծուի թէ՝ եղած է Հալէպի Կուսակալութեան հաշուակալ[13]։ Նոյնքան անուանի եղած էր ջուղայեցի Մինաս Նկարիչ, եւ ուղղակի մեր նիւթի շրջագիծէն ներս Աստուածատուր Քահանայ Ուրֆացի (1600-1683թթ.)[14]։
Հալէպի մէջ (ԺԷ.) դարու սկիզբը վերոյիշեալ քարոզչական առաքելութիւններու ներկայութիւնը երբ արդէն ստուարացած էր, առաւելաբար (1660-1730) տարիներուն, անոնք իրենց ոսկեդարը ապրելով Հալէպի Լուսաւորական Շարժումի նախադրեալներու շրջագիծէն ներս՝ կտակած էին պատմական կարեւոր թարգմանութիւններ եւ հեղինակութիւններ։ Հայր Ճըպրայիլ Ապու Սաատիի համաձայն, Հալէպի մէջ (ԺԷ.) դարու քարոզչական առաքելութիւններու շնորհիւ է որ Հալէպի մէջ ծլարձակած էին Արաբական Զարթօնքի առաջին նախանշանները[15], այլ խօսքով Հալէպի քրիստոնեայ համայնքները, ներառեալ հայերը, դիւրաւ ծաւալած էին գրական-կրօնական իրենց բազմաբնոյթ գործունէութիւնները։
Արդ, (ԺԷ.) դարուն սկսած խմորումները իրենց արդիւնքը տուած էին՝ (ԺԸ.) դարուն հրահրելով Արաբական Զարթօնքի կամ Արաբական Նահտայի կայծերը, որոնք տակաւ առ տակաւ ճառագայթելով համակած էին ամբողջ արաբական աշխարհը։ Այստեղ հիմնական դեր ունեցած էին նաեւ յունական մշակոյթի տարածումն ու քրիստոնեայ Արեւմուտքի հետ մշակուած կապերը, երբ զարգացած էին դպրոցներն ու թարգմանութիւնները եւ փայլած էին շարք մը հոգեւորականներ իրենց կրօնական, լեզուաբանական եւ քերթողական հեղինակութիւններով։ Մեծ նշանակութիւն բացայայտած էր (ԺԶ.-ԺԷ.) դարերուն Հալէպի քրիստոնեաներուն մօտ զարգացած գրչութեան արուեստը։
Ահաւասիկ այս շրջագիծէն ներս, իւրայատուկ դէմք երեւոյթ հանիսացած էր Հալէպի Հայկական Դասատունը, ուր շնորհաշատ գրիչներու կողմէ այդտեղ գրչագրուած ու ծաղկուած աւելի քան (200) ընտիր ձեռագիրները, ի միջի այլոց պահպանած են Հալէպի հայ համայնքի պատմութենէն թանկագին էջեր[16], իսկ (ԺԷ.) դարու գրչութեան Հալէպի տիրական դէմքերէն հանդիսացած էր վերոյիշեալ Աստուածատուր Քահանայ Ուրֆացին (1600-1683թթ.), ծնունդով ու գործունէութեամբ հալէպցի, Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի հաստատումով աւելի քան յիսուն տարի անընդմէջ գրչագրած ու մասամբ ծաղկած էր բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ[17]։ Նախ դպիր ու սարկաւագ, յետոյ Քահանայ, Տ. Աստուածատուր Քահանայ ամուսնացած էր հալէպցի քրիստոնեայ բարեպաշտ ընտանիքի մը աղջկան հետ՝ Սըթթալումամ, եւ գրչագրած էր արաբերէն ձեռագիրներ եւս, այս մասին վկայած է Յիսուսեան հայր Ֆերտինան Թաութէլ[18]։
Նոյնպէս ակնառու գրիչ հանդիսացած էր Ասորի (Սըրիան) համայնքի Պատրիարք Ախիճան ալ Սըրիանի[19], մինչ (ԺԷ.) դարու վերջաւորութեան սկսած գրական շարժումի արաբագիր գրողներու յառաջապահը հանդիսացած էր նոյնինքն՝ հայազգի Աստուածատուր Քահանայ Ուրֆացին[20]։
Արաբական Զարթօնքի նախանշաններու եւ Հալէպի Լուսաւորական Շարժումի բոլորակէն ներս՝ դպրոցներու հիմնադրութեան գծով կարեւոր հանգամանք է թէ՝  Առաջնորդ Մալաթիոս Քարմէ ճակատագրական դեր ունեցած էր Հալէպի մշակութային եւ հոգեմտաւոր զարթօնքի պարագային, երբ մեծապէս քաջալերած էր յատկապէս դպրոցներու հիմնադրութիւնը, իր համայնքի Առաջնորդարանէն ներս (1629-ին) հիմնած էր դպրոց մը, բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու զաւակներուն համար, հանդիսացած էր Հալէպի առաջին քրիստոնեայ դպրոցը[21]։
Հետաքրքրական է թէ՝  Հալէպի մէջ տասնհինգ տարի (1637-1652թթ.) աշխոյժ գոծունէութիւն ունեցած Յիսուսեան հայր Էյմէ Շէզօ (1604-1664թթ.), (1641-ին) քաջալերած էր՝ «Հայոց Առաջնորդը՝ համայնքի զաւակներուն համար դպրոցներ հիմնելու գծով»[22]։ Այս գծով առ ի պարզաբանում, Հալէպի հայ համայնքին մէջ թէեւ կաթոլիկութեան սերմերը այդ օրերուն նշմարելի էին Երուսաղէմէն սկսած եւ դէպի հիւսիս տարածուող Ունիթոռական Շարժումի հետեւանքով, բայց միակ կազմակերպուած համայնքը հանդիսացած էր Հայ Առաքելական Համայնքը։ Ըստ հայկական տուեալներու այդ շրջանի Հայ Առաքելական Համայնքի իբրեւ Առաջնորդ յիշուած է Յակոբ Արք. Կարկառեցի (1633-1640թթ., 1654-1657թթ.), եւ շատ հաւանաբար այստեղ ակնարկուած է անոր, մանաւանդ որ, Դասատան կից միշտ գոյութիւն ունեցած եւ գործած էր Դպրատուն մը, որ «ուսումնարան»ի վերածուած էր (Ի.) դարու երկրորդ կիսուն[23], իսկ (1710-ին) է որ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի որպէս առաջին Առաջնորդ յիշատակուած է՝ Աբրահամ Արք. Արծիւեան (1710-1740թթ.)։ Ուրեմն վերոյիշեալ յորդորը մեծ հաւանականութեամբ տրուած էր Հայ Առաքելական Համայնքի Առաջնորդ  Յակոբ Արք. Կարկառեցիի։
Այդ նոյն շրջանին, (Ժէ.) դարու երկրորդ կիսուն, (1662-ին) Յոյն-Օրթոտոքսները արդէն ունէին երեք դպրոցներ, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան բաժինով մը։ Նախախնամական եղած էր Հալէպի մէջ (1663-ին) մարոնիթ հայր Իսթէֆանոս ալ Տուէյհիի ներկայութիւնը, իր կարգին (1666-ին) հիմնած էր համայնքին վարժարանը[24], որ տուած էր մեծ թիւով վկայեալներ եւ Արաբական Զարթօնքի սկզբնական շրջանի գործիչներէն ինչպէս՝ Ճըրմանոս Ֆարհաթ, Ճըպրայիլ Հաուուա, Նիքոլա ալ Սայեղ Քահանայ, հայազգի Մկրտիչ ալ Քասիհ ալ Արմանի (Հաշմ Մկրտիչ) եւ ուրիշներ։ Միաժամանակ, Ասորի (Սըրիան) Կաթոլիկ համայնքի առաջնորդներէն՝ Կրէկորիոս Եաշուհ Իպն Ապտուլ Ահատ Մըսըրշահ եւ Դէոնիսիոս Ռըզգալլահ Իպն Ամին Խան (1701թ.) հետամուտ եղած էին դպրոցներու հիմնադրութեան, որոնք հանդիսացած էին Հալէպի կրթալուսաւորական կեանքի առաջին նախաձեռնութիւններէն[25]։ Ապա, (ԺԸ.) դարուն դարձեալ Յոյն-Մելքիթներու Անտիոքի Պատրիարք Աթանասիոս Գ. ալ Անթաքի ալ Հալապի Իպն ալ Տապպաս ալ Տիմաշքի (1720-1724թթ.) (մինչ այդ՝ 1685-1694թթ. Առաջնորդ), արդէն (1706-ին) Հալէպի մէջ հիմնած էր Սուրիոյ առաջին արաբատառ տպարանը, օգնականը եղած էր Յոյն-Կաթոլիկ նշանաւոր մտաւորական՝ սարկաւագ Ապտուլլահ Զախէր (1684-1748թթ.), որ որպէս հմուտ ոսկերիչ ձեւաւորած էր արաբերէն տառերը[26]։
Համայնքային-քրիստոնէական տեսակէտէն, (ԺԸ.) դարու Հալէպի մշակութային-իմացական մարզի ջահակիրներէն դարձած էր նաեւ Եուսուֆ ալ Մուսաուուէր Քահանայ, եղած էր տաղանդաւոր նկարիչ, այս ընտանիքը հիմը դրած էր Հալէպի նկարչական մելքիթ արուեստի դպրոցին, որ գագաթնակէտին հասած էր զաւկին՝ Նիհմէթուլլահ ալ Մուսաուուէր Քահանայի կողմէ (1686-1722թթ.), վերջնոյն կը պատկանի Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին զարդարող՝ «Վերջին Դատաստանը» (1708թ.) բարձրարժէք սրբապատկերը։ Այս առումով, Յիսուսեան հայր Ֆէրտինան Թաութէլ որ բազմաթիւ վաւերաթուղթեր ուսումնասիրած էր Հալէպի մասին – ներառեալ քրիստոնեայ համայնքները -, ալ Մուսաուուէր ընտանիքի ծագումով հայ ըլլալու մասին յիշած է հետեւեալը.
 «Թէեւ անոնք արաբախօս էին, սակայն շատ հաւանաբար Հալէպի հայ համայնքէն էին եւ անոնցմէ էր որ կազմուեցաւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը»[27]։
Սակայն, ըստ Առաջնորդ Նաուֆիթոս Իտլիպիի, Առաջնորդ Մալաթիոս Քարմէ իր հետ Հալէպ բերած էր Պաղեստինի «Մար Սապա» Վանքի միաբաններէն՝ հայր Մալաթիոս ալ Սաքիզի, հմուտ նկարիչ մը յատկապէս սրբապատկերներու պարագային, որ այդ արուեստը սորվեցուցած էր հալէպցի երիտասարդներու, ներառեալ Եուսուֆ ալ Մուսաուուէր Քահանայի։ Ապա, Եուսուֆ ալ Մուսաուուէր Քահանայ զայն փոխանցած էր իր զաւկին՝ Ճըրճոսի, եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի տարածքին շատ շատերու, «Հիմը դնելով յոյն-մելքիթներու արուեստի զարթօնքին», ակնարկելով ալ Մուսաուուէր ընտանիքի Յոյն-Մելքիթ համայնքի պատկանելիութեան[28]։
Աւելի ուշ, (ԺԸ.) դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ, տիրող տնտեսական եւ քաղաքական աննպաստ պայմաններուն բերումով, զգալիօրէն անշքացած էր Հալէպի առեւ-տրական կարեւոր դիրքը, տեղւոյն հայ համայնքը իր կարգին ազդուած եւ շօշափելի կերպով նօսրացած էր, վերականգնելու համար աւելի ուշ (ԺԹ.) դարուն, ուր դարձեալ քաղաքին Լուսաւորական Շարժումի բոլորակէն ներս պիտի փայլէին հայազգի գործիչներ[29]։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան
___________________________________________
1-Արաբական Զարթօնքի այս եւ (Ի.) դարու զարգացման հանգրուաններուն մասին բաւական  հանգամանալից վերլուծումներու մասին, տե՛ս,
2- الرفاعي د. شمس الدين’, تاريخ الصحافة السورية, الجزء الأول, ص ص 29-31, دار المعارف بمصر, 1969
3- هاجي أثناسو. الأب متري. موسوعة بطريركية أنطاكية التاريخية والأثرية. الجزء الثاني. لبنان المسيحي في تألقه الحضاري عبر العصور. المجلد التاسع. مدن النهضة العربية الكبرى. بيروت. دمشق. حلب. 936:2. دمشق. 2002
4-1)Հայկական տուեալներով, (ԺԵ.) դարու Հալէպի հայկական գաղթօճախի բարւոք վիճակին խօսուն ապացոյցներէն նկատուած է այն իրողութիւնը թէ՝ (1499-1500թթ.) Հալէպի երեւելի դէմքերէն Ըռայիս Պարոն Եսայիի բարերարութեամբ ընդարձակուած էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին։
– Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» (1355-1909), Գ. Հատոր, էջ 31-32, Փարիզ, 1950։ Ազէզեան, Հուրի, «Բերիոյ Թեմը եւ Իր Եկեղեցիները», էջ 375-417, «Հասկ» Հայագիտական Տարեգիրք, Նոր Շրջան, Թ. Տարի, 1997-2001։
2)Նոյն թուականին, ջուղայեցի Մովսէս Վարդապետ հաւանաբար դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ հանդիպած էր Հալէպ, որուն ընկերակցող ուխտաւորը, գնահատական տողեր արձանագրած էր ձեռագիր «Գանձարան»-ի մը չափածոյ յիշատակարանին մէջ։
– Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., «Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ եւ Մասնաւորաց», Ա. Հատոր, Երուսաղէմ, 1935, էջ 151։
3)Աւելի ուշ, Հալէպի բարգաւաճ հայ համայնքի զաւակներէն՝ իշխաններ Սանոս եւ Պետիկ Չէլէպի եղբայրներուն կողմէ, (1616)-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին երկորդ անգամ ընդարձակուած էր, Առաջնորդ Խաչատուր Կարկառեցիի օրօք (1603-1620թթ.).
– Ակինեան, Հ.  Ներսէս, «Հայ Կեանքը Հալէպի Մէջ, 1605-1635», էջ 321-322, «Հանդէս Ամսօրեայ», ԽԷ. Տարի, թիւ 3-6 (Մարտ-Յունիս), 1933։ Conybeare, Frederick Carnwallis, A Catalogue Of The Armenian Manuscripts In British Museum, London,1913, p. 40.
5- حتي. د. فيليب. تاريخ سورية ولبنان وفلسطين. الجزء الثاني. ص18. بيروت. 1959.
6-Հասրաթեան, Մ. Ա., Օրծեկովա, Ս. Ֆ., Պետրոսեան, Յու. Ա., «Թուրքիայի Պատմութեան Ուրուագծեր», Երեւան, 1986, էջ 75։
7-Փարթամեան, Նուպար, «Ակնարկ Մը Սուրիոյ Հնագիտութեան Վրայ», «Գեղարդ» Սուրիահայ Տարեգիրք, Ա. Տարի, 1975, էջ 370։
8-Առաքելեան, Համբարձում, «Պարսկաստանի Հայերը», Ա. Մաս, էջ 37, Վիեննա, 1911։
9-Սիմէոն Դպրի Լեհացւոյ, «Ուղեգրութիւն», էջ 318, Վիեննա, 1936։
10-Նոյնը, 3։ 27-28։ Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., «Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Եւ Մասնաւորաց», 1։94-95։
11-Սիւրմէեան, Արտաւազդ, Արք. «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» (1355-1908), Գ. Հատոր, էջ 189, Փարիզ, 1950։
12-Նոյն, 3։ 190։
13-Նոյն, 3։ 161-165։
14-Հալէպի Հայկական Դասատան մասին մանրամասնութեանց համար, տե՛ս,
– Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք. 1) «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» (1355-1908), 3։146-160, 165-178, 182-183, 425-463, 2) «Հայաստանի Կոչնակ», ԼԷ. Տարի, թիւ 11, 1937, «Հալէպի Արքայական Պալատները», էջ 253-254։ Գրիգոր Վարդապետի Կամախեցւոյ, նշուած աշ., էջ 409։ Առաքել Դաւրիժեցի, Պատմութիւն,էջ 321, 462։ Ակինեան, Հ. Ներսէս, «Հայ Կեանքը Հալէպի Մէջ, 1605-1635», էջ 314, «Հանդէս Ամսօրեայ», ԽԷ. Տարի, թիւ 3-6, 1933։
تونل اليسوعي. الأب فردينان. وثائق تاريخية عن حلب-أخبار الموازنة وما اليهم من 1606 الى يومنا هذا
15- أبو سعدي. الأب جبرائيل. النهضة الأدبية في لبنان. 1944. ص 10
16-Սիւրմէեան, Արտաւազդ, «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» (1355-1908), 3։146-257։
17-Նոյն, 3։165-178։
18- توتل اليسوعي. الأب فردينان. وثائق تاريخية عن حلب-أخبار الموازنة وما اليهم من 1606 الى يومنا هذا (1606-1837) (1) . ص ص 10. 34. 37
19-Նոյն, 1։35։
20- كحالة. د. جوزيف الياس. عبد الّله زاخر-مبتكر المطبعة العربية. ص23. حلب. 2002
21- ادلبي. المطران ناوفطيوس. أساقفة الروم الملكيين في العصر الحديث. ص ص 37. 30-55. حلب. 1983
22- ديك. الأرشمندت أوغسطينوس. الحضور المسيحي في حلب في خلال الألفين المنصرمين. الجزء الثاني (من الفتح العثماني الى مطلع الألفية الثالثة) . المجلد الأول (العهد العثماني الأول). ص58. حلب. 2003
23-Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» (1355-1908), 3։390, 397, 838։
24- الغزي. الشيخ كامل. نهر الذهب في تاريخ حلب. الجزء (2) . ص 481. توتل اليسوعي. الأب فردينان. وثائق تاريخية عن حلب-أخبار الموازنة وما اليهم من 1606 الى يومنا هذا (1606-1837) (1) . ص35.
25- كتاب عناية الرحمان في هداية السريان. لديونوسيوس أفرام نقاشة. ص76. بيروت. 1910.
دي طرازي. الفيكونت فيليب. السلاسل التاريخية في أساقفة الأبرشيات السريانية. ص ص 79. 202. بيروت 1910.
26- توتل السيوعي. الأب فردينان. وثائق تاريخية عن حلب.
1- الحوادث والأخبارأخذاً عن يومية نعوم بخاش. ص40. بيروت. 1940

2- أخبار الموازنة وما اليهم من 1606 الى يومنا هذا (1606-1837) (1) . ص46.
ديك الأرشمنديت أغناطيوس. الحضور المسيحي في حلب في خلال الألفين المنصرمين. الجزء الثاني (من الفتح العثماني الى مطلع الألفية الثالثة) . المجلد الأول. ص88.
27- توتل اليسوعي. الأب فردينان. وثائق تاريخية عن حلب-أخبار الموازنة وما اليهم من 1606 الى يومنا هذا (1606-1837) (1) . ص ص 46-47
28- ادلبي. المطران ناوفطيوس. المصدر المذكور. ص36
29- Տե՛ս, Ազէզեան Հուրի, «Արաբական Զարթօնքը Եւ Հայ Գործիչները», Հալէպ-Սուրիա, 2008: