ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը գուժէ դաշնակցական նուիրեալ ընկեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին անդամ, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ եւ ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահը եւ կը ցաւակցի հանգուցեալի ընտանիքին ու հարազատներուն:
Ընկերոջ աւանդը իր հաստատուն տեղը ունի հայ ազգային կառոյցներուն յարատեւ ընթացքը ապահովելու գործին մէջ, եւ անոր լուսաւոր յետագիծը ներկայացնող շարադրանքը տակաւին պիտի ստեղծուի:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
06.01.2020 թ.