Շլմորած կը կարդամ հեռատեսիլի պաստառի ներքեւ կարմիր ժապաւէնի վրայէն վազող գիրերը.
«Շուշին ամբողջութեամբ վերահսկողութենէ դուրս է»։
Արդեօ՞ք չեմ հասկնար… Չէ՞ որ տակաւին երէկ մեզ ոգեւորող պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Արծրունը հաւաստիացուց, որ վաղը պիտի լսենք Շուշիի «դժոխքի ձոր»ում տարած մեր զօրքի ու կամաւորներու ջախջախիչ յաղթանակը, որ թշնամին «գորբակոռ…» (նոր յայտնուած ռազմական բառարանի հարուստ բառամթերք)։
Խրախուսիչ խօսքերը, որոնք ամէն օր թմրեցուցիչի նման ներարկուելով կ’ոգեւորէին մեզ, պաստառին վրայ երեւցող ու ամէն օր թարմացուող պատերազմի ընթացքին իջեցուած ԱԹՍ-ներու, զրահաթեխնիկայի, թշնամիի կորուստներու պատկերին հետ:
Ամբողջ 44 օր անհամբեր սպասեցինք Արծրունին, որ անդադար հնչեցուց.
«Յաղթելու ենք»…
Մինչ հեռատեսիլի վազող գիրերը կրկին կը գուժեն. Շուշի՜ն…
Կը դիմեմ վստահելի աղբիւրի:
– Մենք էլ չգիտենք… խառն ենք…- կ’ըլլայ պատասխանը:
Քանի մը վայրկեան ետք, նոյն աղբիւրը.
– Ոնց որ ճիշդ է…
Արծրունը չկայ, ըսին որ ճնշման տատանումներ ունեցած է:
Ֆէյսպուք, հեռատեսիլի այլ կայաններ։
Լռութիւն խորունկ, խորհրդաւոր։
Կրկին վազող գիրեր, վարչապետի ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք թէ.. (մամուլի տեղեկատուութեան փոխարէն ֆէյսպուքեան էջերը դարձած են հաւաստիութեան աղբիւր).
«Շուշիում մարտերը կը շարունակուեն» կարճ ու կտրուկ այս գրառումը մասամբ կը հանգստացնէր, բայց…
Որո՞ւ հաւատալ, այլ աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ թշնամին կոտրած է Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանի պաշտօնական էջը եւ սուտ լուր տեղադրած:
Իսկ կարմիր ժապաւէնին վրայ բօթը կրկին ու կրկին կ’ահազանգէ…
Շուշին…
Ապա նոյն ինքն խօսնակն է, կլորիկ դէմքին վրայ շուարած նայուածքը չռած.
– Մեր պաշտօնական էջը չի խափանուել, ինչ տեղեկացրել ենք դա էլ ճիշդ է…
Սահմռկեցուցիչ.
Յաջորդ գոյժը՝ Նոյեմբեր 9-ի ուշ գիշերին գաղտագողի, սուսիկ- փուսիկ, երկիրը ներկայացնող, ժողովուրդին բացարձակ վստահութիւնը վայելող վարչապետի ստորագրած չարաբաստիկ համաձայնագրի մասին է:
Սուտ ու խաբկանք, պարտութիւն ու ամէնէն-ահաւորը վտանգուած հայրենիք, յանձնուած հողեր:
«Ստախօսին հայրը սատանան է» կ’ըսէր կրօնաւորը:
***
1920 Հոկտեմբեր 30-ին տեղի ունեցաւ Կարսի ամօթալի յանձնումը.
«Զօրավար Բէկ-Փիրումեանը կենդանի մեռած մարդ էր՝ զուրկ պահի արժէքը ըմբռնելու կարողութիւնից, զուրկ զինուորականին յատուկ անսպասելի եւ անսպառ նախաձեռնութիւնից ու վճռականութիւնից»:
Վարչապետ Օհանջանեանը՝ յիշեցնելով 1918-ի հերոսական օրերը Սարդարապատում, կոչ է անում.-
«Թշնամին արշաւանք է սկսել դէպի մեր հայրենիքի սիրտը. մեր զօրքերը հերոսական դիմադրութիւն են ցոյց տալիս եւ կանոնաւորապէս նահանջում դէպի աւելի ամուր դիրքեր: Քաղաքացինե՛ր, օրերը պատմական են: Ես յիշեցնում եմ ձեր պարտքը եւ հրաւիրում սրբազան կռիւի»
Ապա
«Կարսում թուրքական բանակին անգամ պատշաճ դիմադրութիւն ցոյց չի տրւում»։
Վաւերագրական այս տողերը կը հաստատեն, որ հարիւր տարի ետք պատմութիւնը կը կրկնուէր:
***
Երկու տարի առաջ Շուշիի Նարեկացի մշակութային կեդրոնի հրաւէրով, գրողներու խմբակով կ’ուղղուէինք Շուշի:
Շուշին.. առաւօտեան մառախուղի շղարշով ծածկուած ամչկոտ նորահարսն է, որ գիշերը ձիւնի փաթիլներու խելագար թրթռացումին տրուած կը մատուցէ իր գեղեցկութիւնը ու վերանորոգուելով կը մնայ պատմութեան խորերէն եկող գեղեցկագոյն, ամուր բերդաքաղաքը (ինչպէս կարելի է Շուշին դժգոյն ու տխուր քաղաք անուանել):
Շուշին… Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցիի խոյանքով ու մուտքը հսկող հրեշտակներով. անոր ներքեւի սենեակին մէջ հընչող «Տէր-Ողորմեա»ն կը զնգայ ականջներուս մէջ, մինչ պաստառին վրայ յանձնուած Շուշիին պղծուած սպիտակ պատերն են ու ջարդուած հրեշտակները…
Վա՜յ քեզ ժողովուրդ, երկրի գլխաւորը կը յայտարարէ թէ.-
«Երկրի պաշտպանութեան թիւ մէկ պատասխանատու է, բայց ինքզինք թիւ մէկ մեղաւորը չի համարեր»:
***
Ամբոխի կողմէ խորհրդարանի դռները ջարդելու, ներսը խառնաշփոթ ստեղծելու պատկերները կը տողանցեն սփռուելով հեռատեսիլի բոլոր կայաններէն.
Պարտութիւն, քաոս, յուսալքուած մթնոլորտ.
Ֆէյսպուքի էջերու վրայ մեկնաբանութիւններ, ցեխարձակումներ…
Ամերիկայէն բարեկամուհի մը ֆէյսպուքի վրայ վարչապետը գովաբանող նկար ու գրութիւն մը դրած էր, հպանցիկ ակնարկ մը գրեցի եւ յանկարծ անձնական մեսէնճըրիս տեղատարափ տեսանիւթեր ու կուսակցութեան մը պատկանելութեան ակնարկող խօսքեր.
Ես կուսակցական չեմ եղած ոչ ալ ինչ որ (այլ …ական), կը յարգեմ սկզբունքները, բայց կ’ուզեմ որոշ պարտաւորութիւններէ ազատ ըլլալ, ազատ մտածել. անձնական մօտեցումս է… պարզեցի բարեկամուհիիս, թելադրեցի նայիլ ներկայ քարտէզին, թշնամիին տրուած հողերուն, անհասկնալի զիջումներուն ու հայրենիքի անվտանգութիւնը նկատի ունենալ.
Ըստ երեւոյթին չհամոզուեցաւ, ինչ ընեմ թող ուզածը ընէ, փակեցի էջը: Սակայն չեմ կրնար փակել հեռատեսիլի լուրերու բաժինը, որքան ալ սուտեր, անճշդութիւններ ըլլան: Շատեր ներկայիս իրենց ջղային համակարգը խնայելու համար կը դիտեն ընտանեկան խրախճանքներու տեսերիզներ, անկապ ֆիլմեր ու զիս ալ կը խրատեն նոյնը ընել: Մօտեցում է, թէ՞ անտարբերութիւն ձեռնպահ եմ, բայց ակնարկներ գրելէ կը խուսափիմ:
Կը վերցնեմ շիւղերը կէս մնացած հերթական բուրդէ գլխարկը ամբողջացնելու, պատերազմի օրերուն թիկունքէն բան մը ընելու ցանկութեամբ բուրդէ գլխարկ կը գործէինք… կը հաւատայի, որ այդ գլխարկը պիտի տաքցնէր արկերու տակ մարտնչող զինուորի մը գլուխը… հիմա այն տղան կա՞յ.
Երկրի ապահովութեան պատասխանատուն յանձնեց հողերը, իր մեկնաբանութեամբ խնայելու 25000 թէ՞ 35000 հոգիի կեանքը (թիւերը կրնան իւրաքանչիւր նոր ելոյթին բազմանալ), իսկ 44 օրեր մարտերու ընթացքին, երբ հազարաւորներ կը կոտորուէին, գերի կը տարուէին անոնց մասին գէթ պահ մը ժամանակ չ’ունե՞ր մտածելու…
Հարցականներ, հարցականներ, ուղեղս տրամաբանելու եւ եզրակացնելու կարողութիւնը սկսած է կորսնցնել: Տիվերսիոն (հրոսակային «Գ.») խումբերը (օտար բառերու գործածութիւնը արդէն սպրդած է մեր բառամթերքը աղաւաղելով) ինչպէ՞ս հասած են Շուշի, մինչ մենք «Յաղթելու ենք» լոզունգը տեղի-անտեղի խանդավառութեամբ կը շռայլէինք:
Համաձայնագիր, յայտարարութիւն թէ՞ դաւադրութիւն էր.. ի՞նչ անուանել. «Հպարտ քաղաքացի»ի ներկայացուցիչը նուիրեց ինչ որ պահաջեցին, չհարցուց իր սիրելի ժողովուրդին կարծիքը:
Ռազմագերիներու թիւը անյայտ է:
Եռաբլուր՝ կողք-կողքի տասնեակ թարմ հողաթումբեր, ծաղիկներով ծածկուած… Որդեկորոյս ծնողները խելագարուած կը փնտռեն իրենց զաւակները, յաճախ հողաթումբ ունեցող զոհուածներուն երանի՜ տալով:
Համատարած եռօրեայ սուգ ալ յայտարարուեցաւ վերջապէս ու հող յանձնողը, զոհերուն համար անպատասխանատու թիւ մէկ պաշտպանութեան պատասխանատուն քալեց դէպի եռաբլուր ոստիկաններու, հսկողներու թաւշեայ ստուար խումբով պատսպարուած.
«Դէ եկ վարդապետ ու մի խենթանայ».
***
Թուրքի երազանքը կ’իրականանայ…
Ներքին ընդվզում, քաոս, իրարանցում, բողոք:
Մատուռ կը մտնեմ գէթ սրբատաշ քարերու ներքեւ մխիթարութիւն գտնելու.
Խորանի Յիսուս մանուկը գրկած Աստուածածինը նայուածքը անորոշ ուղղութեան յառած կը տեսնէի միշտ, իսկ այսօր Ան նայուածք չունի, աչքերը խոնարհած է.. կը ցնցուիմ, այնքան օրեր ես փնտռած եմ Անոր նայուածքին ուղղութիւնը ու մտովի հարց տուած, թէ սրբանկարի գեղանկարիչը ինչո՞ւ անոր նայուածքը անորոշ ուղղութեան յղած է:
Այդ գազանները քանի-քանի սուրբ վանքեր, համալիրներ պիտի պղծեն, նոյնիսկ բարբաջեն, թէ այդ սրբավայրերը իրենց նախնիներուն կը պատկանին, հազիւ հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող այս թխուած պետութիւնը ե՞րբ քրիստոնեայ նախնիներ ունեցաւ:
Թադիվանքի համալիրը՝ խորանը ներկայացնող սենեակին մէջ տարիներ, նախքան մեր հերոսներուն կողմէն ազատագրումը, ապրած էր քիւրտ ընտանիք մը. Վերանորոգման հանգրուանին անոր սրբատաշ պատերը մաքրուելով ի յայտ եկած էր Ստեփանոս նախավկայի որմնանկարը, այս հրաշալի վանքը հիմա կը յանձնուի ուտիներուն:
Անկարելի է անջատուիլ:
Մատուռի պարիսպի դրան մօտ տարեց մուրացիկը կը մօտենայ:
– Ղարաբաղից եմ, հացի փող, խնդրում եմ..
«Աջ ձեռքիդ տուածը ձախը չիմանայ», գրպանիս մանրուքը կը դնեմ մեկնած ափին մէջ:
– Մի ժամից խմելու փողը կը հաւաքի.- կը մրմրթայ կողքէս անցնող մարդուկը, շուարած կը նայիմ:
– Հա՜ զարմանալու բան չի, Ղարաբաղ ասելով խմելու փող է վերցնում:
«Համատարած սուտ».
***
Երկուքուկէս տարի առաջ երբ համատարած թաւիշ էր ու ոգեւորութիւն, երբ մարդիկ խոր ատելութեամբ լեցուած էին նախորդ իշխանութիւններուն եւ մեծ հաւատքով ամենափրկիչին հանդէպ, փողոցները կը յորդէին «դուխով» վանկարկող, ճամբաները փակող հպարտ քաղաքացիներով: Փոխադրամիջոցը անդամալուծուած էր: Կեդրոնէն հազիւ թաքսի մը գտայ, վարորդը խոստացաւ կողմնակի ճամբաներով հասցնել զիս Մասիւ: Ճամբու ընթացքին օրուան դէպքերու մասին հարցուցի:
– Ընտանիքս հրապարակում է, ես էլ օրուայ ուտեստի համար փող շահեմ ու գնամ էնտեղ:
Ծննդավայրիս մէջ տեղի ունեցող պատերազմը, մեր ապրած ու չապրած օրերը վերապահ ըլլալու, աշխարհի բոլոր մեծաւորներուն չհաւատալու անմոռանալի դասեր տուած էր, գէթ ինծի:
– Իսկ եթէ աս մարդն ալ միւսներուն նման դուրս գայ, ի՞նչ էք անելու:
– Նրան էլ վար կ’առնենք.- պատասխանեց ան ինքնավստահ:
Մեքենայէն իջնելով շնորհակալութիւն յայտնեցի վարորդին, որ կրցաւ դժուար, կողմնակի ճամբաներով զիս տուն հասցնել ու մաղթեցի որ «Մեր երկրի» թաւշեայ ծածկոյթին տակ բոլորս ապրինք խաղաղ ու երջանիկ:
Հիմա չեմ գիտեր ինչ կը մտածէ այդ վարորդը ու չեմ զարմանար թէ ինքն ալ մեր թաղեցի մրգավաճառին նման համամիտ է թուրքի հետ խաղաղ դրացութեամբ ապրելու, կամ մեր հարեւանուհիին նման «սա աթոռի խաղ է նախկին թալանճիներու կողմից» ըսելով փակէ դուռը:
Մինչ իւրաքանչիւր բացուող օրուան հետ նոր դիրքեր, նոր գիւղեր կը յանձնուին թշնամիին, սահմանին բանակցութիւնները կը վարեն գիւղապետները, թշնամին (Ճի-Փի-Էս) ով քարտէզ կը գծէ հիմնուելով Սովետական Հայաստանի սահմաններուն վրայ ու մեծ պատառներ խլելով…
Նոր գերիներ, Կապանի դիրքերու յանձման բօթ.
Բուռ մը Հայաստանի հողը պտղունցի կը վերածուի.
«Յանձնուող գիւղերու պատասխանատուն ոչ թէ իշխանութիւնն է, այլ խաղաղապահ ուժերը»:
***
«Նիկոլ հեռացիր»
«Առանց Նիկոլ Հայաստան»
Արձագանգը կը թնդթացնէ Ազատութեան հրապարակը:
Սեւ- սպիտակ, կուսակցութիւններ ու նախկիններ, վերապահներ ու մասնակիցներ.
Ազգին ընտրեալը զինք ընտրողներուն համաձայնութեամբ է միայն, որ կը ձգէ աթոռը։ Արդէն բացայայտ է, տակաւին ընելիք ունի: Իսկ համաձայնագիրի գաղտնի ծալքերը իւրաքանչիւր բացուող օրուան հետ ի գործ կը դրուին:
Բողոքի, արժանապատուութեան երթեր, կոչեր…
«Ձայն բարբառոյ յանապատի»
Աշխարհը անտարբեր դիտեց թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութիւնը պատերազմին, ներգրաւուած ահաբեկիչները, գործածուած թունաւոր ու արգիլուած զէնքերը, գերիներու խոշտանգումը: Յետոյ հիւսիսի բարեկամը ընդառաջեց, խաղապահները մէկ գիշերուան մէջ հասան օգնութեան՝ տարածելու ցանկալի խաղաղութիւն:
Երեւանի փողոցներուն մէջ ցոյցեր, խորհրդարանի մէջ ընդդիմադրութեան հրաժարականի պահանջը մերժող մաշած՝ բայց մեծամասնութիւն կազմող քայլականներ (թաւշեայ աթոռ գրաւողներ, որոնց պարգեւավճարները անխափան կը տրուին նոյնիսկ երբ պետական արկղը դատարկ է, զինուորներուն նուիրաբերուած գումարներուն ձեռք երկարելու ի գին): Սահմանին թուրքը, հրապարակին վրայ վահանով պաշտպանուած ոստիկաններ…
Թրքական երազանքի գործադրումը:
Քարտէզին նայելով սիրտս պիտի պայթի:
Ժամանակը թանկ է, երկիրը ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ:
Մենք մեզ աշխարհի խելացի ազգը կը համարենք, միթէ՞ հայու ուղեղը պիտի ծառայէ միայն այլոց:
Գիտնականներ, պատմաբաններ, օրէնսգէտներ, աշխարհասփիւռ իմաստուն, ազդեցիկ այրեր, օրհասական ժամն է.
Հայեր Միացէ՛ք, Հայեր ուշքի եկէ՛ք:
Պերճուհի Աւետեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»