Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, անոր յաջորդած անձնատուութեան (capitulation) համաձայնագիրը եւ անոր ետին թաքնուած իրողութիւնները աւերիչ երկրաշարժի նման ցնցում պատճառեցին իւրաքանչիւր հայրենասէր ու ազգասէր հայու (ի բացառեալ բարոյաթափ եղած «իմ քայլական»ի, իշխանութեան ետեւէն կուրօրէն «քալող» հօտէն:
Իշխանութեան կողմէ, ամէն տեսակի ստապատիր լուրերով յագեցած իշխանամէտ լրատուական հայախօս աշխարհը, մանաւանդ «յաղթելու ենք» լոզունքով շպարուած, (որուն պահ մը նուաստս ալ հաւատաց), Արարատի թէ Արագածի ձիւնհալէն առաջացած սառն ջուրի նման լեցուեցաւ մեր գլուխներուն, ու սառնապատեց մեր մարմինները, հոգիներն ու սրտերը: Գլխուն իջած լախտի հարուած մը նուազ զօրաւոր էր քան եղածը: 5000-է աւելի նահատակ, տասը հազարէ աւելի վիրաւորներ ու հաշմանդամներ, անհետ կորածներու փաղանգ մը։ Արցախ հայաշխարհի, 1990-1994-ի նահատակներու արեամբ ազատագրուած հայաշխարհի ութսուն առ հարիւր տարածքի, հոգեմշակութային թէ տնտեսաեկամտաբեր հարստութեամբ, կորուստ, տեղահանութիւն բնակչութեան 75 առ հարիւրին, որուն մեծ մասը ետ վերադառնալու յոյսը կորսնցուցած ու իր ճակատագրին լքուած է… եւ շարքը երկար է…: Այս բոլորը «քայլ» առածի ջնջին մէկ ստորագրութեամբ:
Մէկ խօսքով Արցախ հայրենիքի պղծում:
Խուսափելով անցնող ամիսներուն բացայայտուած թէ թաքուն իրողութիւններէն, եղած ու չեղածներուն մասին գրելու յաւակնութենէն, պիտի փորձեմ ինչ որ չափով թուել ու ընդգծել կարգ մը եղելութիւններ ու մտահոգութիւններ, որոնք Դամոկլեան Սուրի մը նման կախուած կը մնան հայութեան գլուխէն: Այս թւումներն ու մատնանշումները որքան ալ առարկայական ըլլան հեռու պիտի ըլլան ամբողջական ըլլալէ:
Այսօր Արցախի 12500 քառ. քմ-ի մեծագոյն մասը՝ 10 հազար քառ. քմ-ը կորսուած է անձնատուութեամբ, դաւադրութեամբ, կամ… կամ… օրերն ու ժամանակը պիտի բացայայտեն…:
Արցախ աշխարհի այս կորուստին առընթեր կորսուած են եւ թշնամիին ձեռքը անցած են այդ աշխարհի բոլոր հարստութիւնները:
Լեռները, հովիտները, դաշտերը, արգասաբեր տարածքները, գետերը… եւ… եւ… եւ… Հայաստանը զրկուած է ներածումէ հացահատիկներու, պտուղներու եւ գիւղատնտեսական մթերքներու նկատառելի տոկոսէն, որուն կարգ մը տեսակները ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէին, մեզմէ խլուած են նաեւ Արցախ աշխարհի ստորերկրեայ՝ ընդերքի հարստութիւնները (ոսկի, մետաղներ…): Մեզմէ խլուած են Հայաստանի թէ Արցախի ջուրի պաշարները, ակունքները, Սեւանը ջուրով մատակարարող շատ կարեւոր ակունքներ, անցնելով թշնամիին ձեռքը:
Վերոյիշեալ կորուստները մեծապէս պիտի վնասեն անշուշտ, արդէն կաղացող, Հայաստանի տնտեսութեան, յատկապէս Հայաստանի թէ այնտեղ ապաստանեալ ժողովուրդին իրավիճակին: Մինչ այդ, աւարը պիտի երթայ թշնամիին, եւ անոր ետին կանգնած մութ ուժերուն շտեմարանները պիտի հարստացնէ:
2020 թուականի սկիզբը, ծայր առած թագաժահրի՝ Covid-19, վարակի անսանձ տարածումը արդէն ծանրօրէն հարուածած էր Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր բնագաւառներէն՝ զբօսաշրջութեան մարզը, մեծ թիւով աշխատող ձեռքեր անգործ եւ առանց եկամուտի ձգելով:
Տնտեսական վերոյիշեալ հարուածները պիտի անդրադառնան բնակչութեան ընկերային իրավիճակին վրայ, անշուշտ ժխտականօրէն:
Ստեղծուած ամենամտահոգիչ իրավիճակը ռազմաապահովական նորաստեղծ իրավիճակն է:
Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան գլխուն վերեւ Դամոկլեան Սուրի նման կախուած է պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը:
Թշնամին հերթականօրէն, բարձրաձայն, շնաբար ու լկտիաբար կը յայտարարէ թէ իր թիրախը Զանգեզուրն է, Սեւանն է, Երեւանն է, իմա՛ Հայաստանն է: Ազերիին բերանով նէօ-օսմանցին է խօսողը, ի լուր աշխարհին՝ պապանձումի մատնուած աշխարհին:
Տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող պատերազմներն ու «գունաւոր յեղափոխութիւնները», ազատ արձակած են մեր դարաւոր ոսոխին ձեռքերը, եւ ան ոգի ի բռին կը փորձէ սելճուքեան-թաթարական-օսմանական կայսրութիւնը վերականգնել. անոր գլխաւոր պատուարը Հայաստանն է, զոր պիտի փորձէ վերացնել քարտէզէն: Թուրք գայլին կզակը թաթխուած է նոր արեամբ, ու սրած անոր արիւնաթաթախ դունչը, սրած ախորժակը:
Հակառակ պատերազմի դադարին, ամէն-օրեայ հետեւողութեամբ լուրերէն իրազեկ կը դառնանք որ թշնամին բռնագրաւած է նոր բնակավայր մը Արցախի ծայրամասերուն վրայ, մինչ մեր անձնատուր իշխանութիւնները, որոնք ինքնազինաթափման գացած ըլլալով (ռազմական, թէ բարոյական իմաստով) անզօր են դիմակայելու թշնամին, նամանաւանդ երբ զինաթափ ու անզօր դարձուցած են տակաւին մօտիկ անցեալի մեր արի բանակը:
Ռազմազինուորական իմաստով ստեղ-ծուած նոր իրավիճակը, ճակատներուն մօտի-կութիւնը Հայաստանին համար ստեղծած են նոր կացութիւններ: Նախապէս Հայաստանն ու քաղաքամայր Երեւանը աշխարհագրական-օրէն բաւական հեռու էին թշնամիին հասողութենէն: Սակայն այսօր ոչ միայն Երեւանը ազերիի սպառնալիքին տակն է, այլեւ Զանգեզուրի եւ Սիւնիքի շրջանները ուղղակի վտանգուած գօտիներ դարձած են, թշնամիին Լաչինի եւ Քառվաճարի շրջաններուն մէջ տեղաւորուելով, իսկ աւելի հարաւ՝ Ֆիզուլիի, Զանգելանի, Ճիպրայիլի եւ Ղուբաթլիի շրջաններու բռնագրաւումով:
Նորաստեղծ միւս մտահոգիչ իրավիճակը Արցախի զանազան բռնագրաւեալ շրջաններէն տեղահանեալ ժողովուրդին պարագան է: Ան ստիպողաբար եկած տեղաւորուած է Երեւան, կամ այլ բնակավայրեր ու մատնուած տեղահանեալներու առնչուած բազմազան դժուարութեանց, բնակարանային, կենցաղային ու բազմատեսակ դժուարութիւններով:
Այս իրավիճակով Հայաստանի բնակչութեան ոչ նախանձելի իրավիճակը աւելի վատթարացած է:
Տեղահանեալներուն օժանդակութեանց եւ անոնց կենսական կարիքներու ապահովման գործը կը պարզէ անմխիթար իրավիճակ, պետական-կազմակերպական տեսանկիւնէն դիտուած: Միջազգային կազմակերպութիւններ թէ կառոյցներ հազիւ կը հաստատեն իրենց ներկայութիւնը:
Այս պատերազմի պարտութեան-անձնատուութեան գլխաւոր զոհերն են տեղահանեալները: Անոնց բազմապիսի կարիքներուն հասնելու, հայկական կառոյցներուն թէ հայ անհատներուն (թէկուզ ժողովրդային մասնակցութեամբ), անկարող պիտի ըլլան անոնց վէրքերուն սպեղանի իսկ դառնալու:
Անոնց տնտեսական, բնակարանային, առողջապահական, ընկերային, կրթական թէ հոգեվիճակի ցաւերը տողերուս հեղինակին անծանօթ չեն, որովհետեւ ան «վայելած է» 21 Մարտ 2014-ին, Թուրքիոյ ենթակայ ահաբեկչական խմբակներուն, Քեսապի (Սուրիա), բռնագրաւումին եւ անոր յաջորդած «բարիքները». (բարեբախտաբար կարճ տեւեց, եւ 84 օր ետք քեսապահայութիւնը վերադարձաւ իր գիւղը, ու ստացաւ պետական, բարեսիրական, հայկական ամէն տեսակի խնամք ու կը շարունակէ,- թէեւ դժուարութիւններով,- պահել հայրենի գիւղը):
Այս պատերազմը աւելի ցցուն դարձուց 2,5 տարի առաջ, ցասումի բողոքներու ալիքին վրան նստած, իշխանութեան հասած, վարչախմբակին իսկական դէմքը:
Զուրկ բարոյական, ազգային եւ նոյնիսկ մարդկային դիմագիծէ, իշխանութիւնները նուազագոյն ճիգ չեն թափեր ստեղծուած իրավիճակը գէթ մարդկային առումով բարելաւելու: Իշխանական խմբակը իր գրաւած աթոռներուն ճորտը դարձած է: Արդէն անարարկելի է այն իրողութիւնը, որ անոնց համար արժէք չեն այն բաները, որոնք հայրենիքը ու ազգը կը պահեն: Անոնց համար անկերաւոր են հայ եկեղեցին, հայ վարժարանը, հայկական բարձրագոյն կրթօճախներն ու կառոյցները…: Անոնց համար ապազգային արժէքներ, օրինակ թրքասիրութիւն, ԼԿԹՓ-ի զզուելի հարցեր… եւ այլն, աւելի կարեւոր են քան ազգն ու հայրենիքը:
Իշխանութեան մէկ ուրիշ բարոյական գորշ դիմագիծը երեւաց, երբ ի յայտ եկաւ որ իր «վարձակալութեան» դաշտին մէջ պատնէշի վրայ կը պահէ ընկերային յարաբերութեանց ցանցերուն համար զինուած բանակ մը, որ կը հաշուէ հարիւրաւորներ. այդ վարձկանները բազմած համակարգիչներուն ետին՝ տեղեկատուութեան հայկական աշխարհը կ’ողողեն շինծու ու սուտ լուրերով, գովքը հիւսելով վարչապետին, նզովելով պատերազմի նահատակները, հայհոյելով ընդդիմադիրներուն, թոյն ու ժահր թափելով աջ ու ձախ. անոնց մէկ գրասենեակի բացայայտումը դիտեցինք անկախ ու անկաշառ լրատուական միջոցի մը սփռած տեսերիզով… նոյնինքն պրն. Վարչապետին շուրթերէն արձակուած զրպարտանքներուն ականջալուր եղանք իր ընդդիմախօսներուն արձակուած, թէեւ քիչ մը «տիփլոմաթիք» լեզուով, սակայն իր մտածումներն ու ապրումները արտացոլացնող… Իր դաւաճանական պարտութիւնը կը փորձէ յաղթութեան վերածել, ու եղած-չեղած մեղքը բարդել իր զինաթափած քաջարի բանակին ու նահատակներու վիզին…:
Այսպիսով հայութիւնը ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռք կը գտնուին շատ վտանգաւոր անորոշութեան դէմ յանդիման, ստեղծուած խարխափող «իր քայլի» վարչախումբին կողմէ:
Փաշինեանական «գորշ յեղափոխութեան» իբրեւ թէ լուսաւոր յոյսեր կապած, սուտ խոստումներով յագեցած եւ պատերազմէն պարտութեամբ դուրս եկած համայն հայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայրենի բնակչութիւնը եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը այսօր կ’ապրի յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան մէջ: Համատարած դարձած է պարտուողական հոգեվիճակը:
Հայութիւնը չի տեսներ, չի գտներ իր ապահովութեան (ֆիզիքական թէ հոգեմշակութային իմաստով) նուազագոյն գրաւականը:
Զինուորական, ապահովական, տնտեսական, կրթական, ընկերային, քաղաքական անապահովութեան անորոշութիւնը սպառնական դարձած է: Ըլլալու թէ չըլլալու հարցը ու հարցադրումը առկայ են:
Սփիւռքը հայկական «անապատին» մէջ հայրենիքները կը տեսնէր որպէս «ովասիս», որ մէկ ստորագրութեամբ անապատի պատրանքի մը նման չքացաւ: Սփիւռքը, իր ամէն ինչը կը կապէր Հայաստանի եւ Արցախի, անոնց հետ կը գոյատեւէր: Նոյնիսկ օտարախօս հայեր, կիսաօտարացած հայ հաւաքականութիւնը սրտով ու հոգուով կապուած էր հայրենիքներուն: Քիչ մը անդին անցնելով, հայութեան մեծ մասը, արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ հողերը վերադարձնելու յոյսեր կը փայփայէր, եւ կը պայքարէր այդ երազը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Ասոր փաստն է տասնեակ տարիներէ ի վեր կազմակերպուած «Համահայկական Հիմնադրամի» թելեթոններուն գործնական մասնակցութիւնը, բան մը որ որոշիչ դերակատարութիւն ունեցաւ հայրենիքներուն տնտեսական աճին վրայ:
Աւելին. աշխարհասփիւռ հայութեան համար քաղաքական-տնտեսական պայքարին ճամբուն վրայ որքա՞ն մեծ եղաւ ՀՅԴ-եան Հայ-Դատի գրասենակներուն դերը: Անոնք կը պատկանին հայութեան հոգեմտաւոր աշխարհին, որուն եւս հարուած հասցուցած է պարտուողական համաձայնագիրը:
Իսկ այժմ ինչ…: Հայաստանի թէ Արցախի հայութիւնը ո՞ւր պիտի փնտռէ իր ապահով գոյութիւնը. արտագաղթողի ցուպը վերստի՞ն ձեռք պիտի առնէ: Սփիւռքահայութիւնը ո՞ւր պիտի փնտռէ իր հոգեկան հայրենիքը… Սփիւռքահայութիւնը ի՞նչ հոգեվիճակով պիտի սատար կանգնի հայրենիքին երբ անոր «անքայլ» կամ «վատաքայլ» իշխանաւորները հողը յանձնեցին, եւ սփիւռքի ներդրած (այս պատերազմի ընթացքին) մեծագումար հանգանակութեան գումարները կը վերածեն պարգեւավճարներու՝ իրենց արբանեակներուն տրամադրելու, փոխանակ Արցախի ու արցախցիներու մխացող վէրքերը դարմանելու:
Ստեղծուած է շրջանային նոր իրավիճակ մը: Մեր փոքրիկ հայրենիքին («միքրօ հայրենիքին») ռազմաքաղաքական բարեկամ գերպետութիւնները (Ռուսաստան եւ Պարսկաստան), մեր ապիկար իշխանաւորներու քաղաքական խարխափումներուն որպէս արդիւնք երես դարձուցած են մեզմէ. զմեզ մեր բախտին ու թշնամիին քմայքին լքելով. փաստօրէն ամէնօրեայ նկրտումներ ու ոտնձգութիւններ տեղի կ’ունենան ոչ միայն Արցախի մնացած տարածքին, այլեւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն վրայ. մինչ անոնք անցած են մեր թշնամիին հետ «սիրաբանելու» գործընթացի մը: Փաստօրէն մենք նմանած ենք փոսը ինկած անձի մը, որ իրեն օգնութեան հասնող եւ զինք փոսէն դուրս բերող բարեկամին երկարած ձեռքը խածնելու ելած էր:
Վառելանիւթի եւ ջուրի պաշարները զանոնք մղած են, (մերոնց ապիկարութեան պատճառաւ), Հայաստան-Արցախ ռազմաաշխարհագրական արժէքը անտեսելու: Հիւսիսի մեր բարեկամը որպէս խաղաղապահ եկած բազմած է Արցախի վերջին պատառիկին վրայ. հարցական է թէ ի՞նչ ընելու: Իսկ հարաւի բարեկամը նոր մեղրամիս կը սարքէ թշնամիին հետ: Զարմանալո՞ւ է արդեօք, թէ ան ինչո՞ւ կը համակերպի իր քիթին տակ բուսնող նոր-օսմանական-սելճուքեան աճող կայսրութեան հետ, մանաւանդ երբ Ատրպէյճան փաստօրէն դարձած է Թուրքիոյ մէկ նահանգը:
Այս խաղին մէջ մենք 2,5 տարիէ ի վեր ո՞ւր էինք, ո՞ւր ենք հիմա:
* * *
Հեռու մնալով քաղաքական-առարկայական եւ ամբողջական վերլուծումի մը յաւակնութենէն ու մեծամտութենէն, Քեսապի մեր փոքրիկ պատուհանէն մեզի ակնբախ են հայկական տեսադաշտին վրայ փռուած իրավիճակները: Մենք, անցնող բազմատասնեակ տարիներուն չենք սորված գլուխ դարձնել հայկական թէ հայրենական հարցերուն ու տագնապներուն:
Բարեկամ մը երբ հեռաւոր Ամերիկայէն, յետ այս պատերազմին, զանգեց, ու հարցուց մեր որպիսութիւնը, անոր պատասխանս կը պարունակէր ցաւ, տառապանք ու ցասում: Վեց տարի առաջ (Քեսապ) եւ վեց շաբաթ առաջ (Արցախ), նոյն թշնամիին ձեռքով տրորուելէ ետք, գիւղական բառերով ու ոճով պատասխանեցի. «Կը նմանինք ծեծ կերած շան, որ կը սպասէ թէ ե՞րբ պիտի ստանայ յաջորդ հարուածը» (թող ընթերցողները ներողամիտ ըլլան գիւղական ոճիս համար):
Այսուհանդերձ, հեռու մնալով պարտուողական հոգեվիճակէ ու մտածումէ, տակաւին կան յոյսեր: Եւ այդ յոյսերը կը տեսնենք պարտութիւնը եւ անձնատուութիւնը մերժող, Երեւանի հրապարակները իջած, օր ըստ օրէ աճող բազմահազար ժողովուրդին մէջ, որ իր ոճով կը մերժէ անձնատուութիւնը ու պարտութիւնը՝ պահանջելով իշխանութեան խաղաղօրէն մեկնումը:
Հայկական շատ մը կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ (հայրենիք թէ Սփիւռք) եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական Ս. Աթոռներու գահակալները հեռացման կոչ ուղղած են:
Այս տողադարձը կը սկսի վերջակէտով: Պէտք է որ այս վարչախումբը եւ վարչաձեւը տուն երթան եւ ասպարէզը տրուի ազգասէր ու ազգաշէն նոր հաւաքական ուժին: Միացեալ ուժին, որ անկիւնադարձի մը յոյսը պիտի ներշնչէ՝ նոր քայլերով, նոր ճիգերով, կորսուածը ոչ միայն վերագտնելու, այլեւ պահելու ու փրկելու մնացածը:
Կ’ապաւինինք յոյսին ու կը փայփայենք զայն, հայրենիքները ամրապնդելու ռազմական ապահովութեամբ, քաղաքականօրէն, տնտեսական հզօրանքի, կրթամշակութային ծաղկումի ճամբով… եւ այլն: Մարտահրաւէր է հայրենի բնակչութիւնը պահելը այնտեղ: Մարտահրաւէր է Արցախի տեղահանեալ բնակչութիւնը վերադարձնելը, իսկ գրաւուած տարածքներուն բնակչութեան մօտ վերադարձի յոյսը վառ պահելը անհրաժեշտ է (գործնական քայլերով):
Մարտահրաւէր է Հայաստանին քաղաքական վստահելի գործընկերոջ հանգամանքը վերադարձնելը, ռազմավարական բարեկամներուն թէ միջազգային քաղաքական բեմին վրայ:
Մարտահրաւէր է սփիւռքահայութեան կորսուած վստահութիւնը վերագտնելը: Մարտահրաւէր է միջազգային ընտանիքէն շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումն ու անոր հատուցման գործընթացը պահանջելը:
Տասնապատկուած մարտահրաւէրներ…:
Կը հաւատանք որ արիւնաթաթախ այս իշխանութիւնները պիտի մեկնին:
Պիտի մեկնին ու եկողներուն պիտի ձգեն շատ ծանր ժառանգ, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի: Իսկ այդ ժառանգը կը թելադրէ շատ բան զերոյէն սկսիլ: Սկսիլ հաւատքով: Սկսիլ նուիրումով: Սկսիլ երկարաշունչ հայրենապահպանման, հայրենաշինութեան, անցեալին թէ մօտերս կորսնցուցածները վերագտնելու պայքարին: Երկարատեւ երկարաշունչ պայքար մը:
Սկսիլ մեղուի նման: Վստահութիւնը վերագտնելու, վստահութիւնը շահելու. թափանցիկօրէն:
Այո, կը յաջողինք վերագտնել կորսուածը. իւրաքանչիւրս իր մարզին մէջ պայքարելով, յանուն հայութեան ու հայրենիքին, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, առանց ականջալուր ըլլալու այսօրուան իշխանութեան, իշխանապաշտ, ժանգոտած ու գօսացած գորշ շրջանակներու ըսի-ըսաւներուն (յաճախ նաեւ հայհոյախառն), ելոյթներուն, առանց արժէք տալու կամ կքելու ներքին դաւերուն ծանրութեան տակ…
«Օ՛ն, սլացիր երիվար, նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար…»:
Կարօ Վ. Մանճիկեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»