Խառնաշփոթ զգացումներով կը դիմաւորենք նոր տարին։ Ոմանք լաւատեսութեամբ կը ծրագրեն գալիք օրերու քայլերը, ուրիշներ յուսահատելով անցեալի ձախողութիւններէն ու ներկայի դժուարութիւններէն, կը յանձնուին ճակատագիրի բախտին, ու կը շարունակեն ապրիլ հրաշքի սպասումով: Այս վիճակը կը տիրէ ոչ միայն անհատական մեր կեանքէն ներս, այլ նաեւ դժբախտաբար, պետական մակարդակի վրայ՝ ըլլայ Սուրիոյ թէ Հայաստանի մէջ։ Փաստը մեր քաղաքական գործիչներու անորոշ վիճակն ու հեռատեսութեան բացակայութիւնն է ընդհանրապէս, ինչ որ  իր կարգին կ’առաջնորդէ  ոչ-ուսումնասիրուած քայլերու եւ որոշումներու, որոնք ալ իրենց կարգին անսպասելի հետեւանք կ’ունենան:
Բացատրութիւններ կարելի է գտնել այս տարօրինակ մթնոլորտին, զորօրինակ զանոնք վերագրել 2020-ի ծանր հարուածներուն: Շատեր տագնապեցան հիւանդութեամբ ու անակնկալօրէն կորսնցուցին բարեկամներ ու հարազատներ՝ հոգեպէս տագնապելով, եւ մտովի անհանգստանալով, ուրիշներ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով ընկղմեցան անգործութեան ու ընկերային այլ տագնապներու մէջ, անոնց ծրագիրները լոյս չտեսան, իսկ նպատակները անհասանելի դարձան, սակայն ամենածանրն ու անհաւատալին արցախեան պատերազմին հայկական կողմին պարտութիւնն ու տարածքներու կորուստն էր, հազարաւորներու նահատակութիւնը, որուն հետեւանքով ալ քաղաքական անհանդուրժողութիւնը, որ կ’առաջնորդէ ալ աւելի դժբախտ ու ցաւալի դէպքերու եւ երեւոյթներու:
2020-ը հայութեան համար ձախող տարի էր, բնականաբար ընդունելու ենք եւ կրելու ձախողութեան հետեւանքները, սակայն, արդեօ՞ք պատրաստ ենք այդ ձախողութիւնը  յաջողութեան վերածելու։ Արդեօ՞ք կարելի է մեր ապրած վիշտն ու ցաւը վերածել մաքառումի, ստեղծագործութեան, հզօրութեան ու յաղթութեան: Հարց տանք նաեւ մենք մեզի, որ կարելի՞ է դիմաւորել աւելի դժբախ տարի մը եւ 2020-ը պարզապէս դժբախտութեանց, հարուածելու եւ այլ նահանջներու սկիզբ համարել։ Պատրաստակամութիւն ունի՞նք դիմագրաւելու գալիք հաւանական արհաւիրքները:
Այս հարցերուն պատասխանը կը ստանանք գալիք օրերուն, սակայն այս պահուն չմտածենք այն տրմաբանութեամբ, որ մենք որպէս անհատ,  մեծ հեղինակութիւն ունեցող դերակատարներ չենք, կարողութիւն չունինք փոխելու, ազդելու, հետք մը ձգելու։ Այլ խօսքով՝ պետք չէ սպասել դէպքերու կաթկթումին եւ հանդիսատեսի աչքով հետեւիլ պատահածներուն:
Փաստօրէն իւրաքանչիւր անհատի ՀԱՐԿ ԵՂԱԾ ՊԱՀՈՒ արտայայտութիւնն ու կեցուածքը, բողոքն ու քննադատութիւնը կ’ազդեն դրականապէս եւ նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու  ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ փոփոխութեան կրնան առաջնորդել հաւաքականութիւնը: Եւ հակառակը, ՀԱՐԿ ԵՂԱԾ ՊԱՀՈՒՆ անձայն ու զուսպ մնալը, ապարդիւն տրտնջալն ու կռկռալը, անտարբեր ու անորոշ կեցուածքը  ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ հետեւանքներ կրնան ունենալ:
Այս տեսութիւնը փաստուած է, բայց ո՞ւր է գաղտնիքը անհատական ուժը կեանքի կոչելու եւ հաւաքական ուժի վերածելու… ես ալ չեմ գիտեր, հաւանաբար պարզապէս ղեկավար ընտրանիի գոյութիւնն է…
Կը մնայ աւելցնել, որ ճակատագիրը մեծ բառ մըն է, որ ընդհանրապէս նախադասութիւններու մէջ անտեղիօրէն կը գործածուի: Զորօրինակ՝ մեր հայրենակիցներու հերոսական նահատակութիւնը պարզապէս ճակատագիր անուանելով:
Վերջին պատերազմին մենք այնքան նահատակներ ունեցած ենք որքան ունեցած էինք առաջին պատերազմին։ Սա տրամաբանակա՞ն է, մանաւանդ երբ վերյիշենք երկու պատերազմներուն տարբերութիւնները եւ իւրաքանչիւրին տարբեր  ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ :
Մէկ բան յստակ է, եթէ մեր ճակատագիրը ուրիշներ տնօրինեն, ի՞նչ կարելի է սպասել՝ ՄԵ՞Ր ՈՒԶԱԾԸ…:
Հայկ Պաթթալեան