«Երկիր».-Tert.am-ը կը գրէ․ «Ընկերային կայքերու  ատրպէյճանական էջերուն մէջ տարածուած է տեսանիւթ, ուր կ’երեւի, որ ատրպէյճանցի զինուորականներ կը գտնուին Կապանի նորակառոյց օդանաւակայանէն ոչ հեռու, այնպիսի տարածքի մէջ, ուրկէ կրնայ դիտարկուիլ օդանաւակայանի տարածք:

Տեղեկութիւնը Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան:

Ան յայտնած է, որ ատրպէյճանցիները այդ հատուածին մէջ շատոնց վրաններ ու դրօշ տեղադրած ու տեղակայուած են: Երբ հարց տրուած է անոր, որ նման պայմաններուն մէջ օդանաւակայանի շահագործումը մատչելի պիտի ըլլա՞յ, Կապանի քաղաքապետը պատասխանած է, որ տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսիլը: Անդրադառնալով սահմանազատման գործընթացներէն վերջ Կապանի մէջ տիրող իրավիճակին` քաղաքապետը յայտնած է, որ որեւէ արտառոց դէպք չէ գրանցուած, կրակոցներ չեն հնչած»: