Երբ անգլերէն գրութեան մը վրայ պէտք էր աշխատէի, անդրադարձայ, թէ որքա՜ն աւելի հեշտ է անգլերէն գրաշարելը, հայերէնին հետ բաղդատելով՝ բոլոր գլխագիրները ծրագիրը ի՛նք կը տեղադրէ հոն ուր պէտք է՝ կէտէն ետք, երկիրներու եւ քաղաքաներու անուններուն պարագային, բոլոր, կամ գրեթէ բոլոր ուղղագրական սխալները կը սրբագրէ սուսիկ-փուսիկ, առանց իսկ նշելու, եւ կարգ մը այլ դիւրութիւններ կու տայ աշխատողին:
Այս անդրադարձը զիս ուրիշ տեղեր տարաւ եւ սկսայ մտածել, թէ արդեօ՞ք դիւրին է հայ ըլլալը, մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Երբ մեր գաղութներուն մէջ ենք, անպայմա՛ն Հայաստանի դրօշը մեր շուրջ կը պահենք, անպայման կ’ուզենք որ ծածանի մեր դպրոցներէն ներս, գրասենեակներուն մէջ թէ այլուր: Ու երբ Հայաստան կ’երթանք որեւէ խմբային ձեռնարկի մասնակցելու համար, կը բարձրացնենք դրօշը ա՛յն երկրին, ուրկէ կու գանք…
Նոյն այս հարցումը բարձր կարգի աշակերտներուն երբ տուեր էի, խումբ մը անմիջապէս «այո» եւ այլ խումբ մը անմիջապէս «ոչ» պատասխաներ էր ու յետոյ լռեր էին, յանկարծ անդրադառնալով հարցումին տարողութեան: Մտածեր էին, փորձեր էին պատասխաններ գտնել, բայց դիւրին չէր եղած:
Արցախի վերջին դէպքերուն մասին մտածելը կը ստիպէ, որ վերաքաղ մը ընենք մեր պատմութեան, որովհետեւ «ինչո՞ւ»ներու շարաններ կը տանջեն մեզ, մանաւանդ գիշերները: Ոչ մէկ հայ այս օրերուն հանգիստ քուն ունի:
Ընկերային ցանցերուն վրայ ալ յաճախ կը հանդիպինք սրտցաւ պոռթկումներու՝ «Այս օրերուն կ’ամչնամ հայ ըլլալուս», «Արժանի ենք այս եղածներուն», «Ներդրումներս, հակառակ նախկին որոշումիս, Հայաստան պիտի չընեմ» եւ նման այլ խօսքեր: Մէկը նոյնիսկ գրեր էր՝ «Յաջորդ կեանքիս նորվեկիացի պիտի ծնիմ եւ հանգիստ ու խաղաղ ապրիմ»:
Որքա՜ն դժուար է եղեր հայ ըլլալը ուրեմն: Օտար երկիրներու մէջ, ուր թէեւ ծներ ու մեծցեր ենք, ընդհանրապէս որպէս «օտար», որպէս «եկուոր» կը դիտուինք: Չի բաւեր մեր առօրեան շահիլն ու կեանքը կերտելը, դեռ պիտի մտածենք հայ մնալու մասին, մեր զաւակներուն ամէն օր, կռիւ-վիճաբանութեամբ, պիտի ստիպենք հայերէն խօսիլ, դպրոցներէն ներս հայերէն սորվեցնելու համար բազմատեսակ միջոցներ պիտի խորհինք ու երբ, այս բոլորէն ետք, մեր զաւակները օտար ամուսնութիւն կնքեն, խորապէս պիտի ցաւինք, էութենական վիրաւորանք մը ապրելով մեր հոգիներուն մէջ:
Բայց կար Հայաստանը, բազում տառապանքներէ անցած եւ ի վերջոյ անկախացած մեր երկիրը, որ վերջին տասնամեակին սկսեր էր դառնալ աշխարհի գեղեցիկ երկիրներէն մէկը, մեզի համար շատ սիրելի եւ նոյնքան շատ հաճելի տեղ մը, որ մեր օտար հարսերն ու փեսաները նոյնիսկ սկսեր էին սիրել:
Հայաստանը մեզի համար դարձեր էր կեանքի ապահովութիւն. փաստօրէն հոն ապաստանեցան հալէպահայեր եւ պէյրութահայեր, երբ իրենց քաղաքներուն հիմերը սկսան խախտիլ օտարին բիրտ հարուածներուն տակ:
Հոն ապաստան գտեր էին, մարդոցմէ առաջ, մեր գիրքերը, ձեռագիր մատեանները, սփիւռքահայ գրողներու արխիւները, գաղթէն փրկուած կիներու ձեռագործ աշխատանքները, որոնք իրենց ատենին զարմացուցեր էին Եւրոպայի պալատներն ու արքունիքները…
Յանկարծ ամէն բան սկսաւ երերալ: Ծանր, անասելի յոգնութիւն մը պատեց մեզ եւ ամէն բան ձգելով, թեւաթափ, կը սպասենք: Ինչի՞:
Դժուար, շա՜տ դժուար բան է հայ ըլլալը, որովհետեւ, ինչպէս գրեր էր բարեկամուհիս՝ Անահիտ Արամունին իր ֆէյսպուքեան էջին.
«Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում։
(Իսկ եթէ շատ լինէի՞նք…)
Մենք մեզ ո՛չ ոքից չենք գերադասում:
(Գերադասում ենք թուրքից, քուրդից, աֆղանցուց ու էլի 
շատերից… )
Պարզապէս մենք էլ պիտի ընդունենք,
Որ մե՛նք, միայն մե՜նք Արարատ ունենք,
(Արարատը մերը չէ)
Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել:
(Սասունն էլ մերը չէ)
Պարզապէս գիտենք …..
Ուսուցմա՛ն համար եւ աշակերտե՜լ
Գեղեցիկի՛ն,
Բարո՛ւն,
Վսեմի՛ն,
Լաւի՜ն…
(երբեմն էլ վատին կամ չարին… )
Պարզապէս մենք մեր դարաւոր կեանքում,
Երբ եղել ենք շատ
Դարձեա՛լ չենք ճնշել մէկ ուրիշ ազգի,
(Ճնշել ենք…փաստեր կան )
Ո՛չ ոք չի տուժել զարկից մեր բազկի։
(Տուժել են… փաստեր կան)
եւ այլն…………………………………..»
Անդրադարձները թերեւս մեզ հասցնեն ինքնաճանաչման, ազգային, հաւաքական ինքնաճանաչման եւ փորձենք գոնէ օգտուիլ եթէ ոչ մեր անցեալի բազում դասերէն, այլ ուրիշ, մեր վիճակին մէջ գտնուած երկիրներու փորձէն:
Մէկ բան յստակ է սակայն՝ որքան ալ ցաւով եւ տառապանքով լեցուն ըլլայ մեր ուղին, միշտ ալ նոյն ուղիով ընթացեր ենք, շարունակեր ենք ապրիլ մեր ազգային յատկանիշները միշտ յիշելով եւ յիշեցնելով, ինչ որ կը նշանակէ թէ հակառակ դժուարութեան, այնքան ալ դժգոհ չենք մեր հայ ըլլալուն, ապա թէ ոչ վաղո՜ւց դարձած կ’ըլլայինք «ծագումով հայ» նորվեկիացիներ, ֆիններ կամ ճաբոնցիներ (այս երկիրներուն հարցերը կարելի նուազագոյնին հասած են):
«Գիտցի՛ր, հա՛յ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու, եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին» ըսած է Աւ. Ահարոնեան:
Այսօր սակայն աշխարհը մեր ազնիւ խօսքին ու հարուստ մշակոյթի լեզուն չէ որ կը հասկնայ, այլ՝ ուժի եւ հզօրութեան լեզուն:
Չեմ կրնար ամէն պահու չյիշել Պերճ Զէյթունցեանի այնքան արդիական խօսքը.
«Մենք վրէժ ունենք լուծելու: Վրէժի լաւագոյն ճանապարհը բարեկեցիկ երկիր կառուցելն է թուրքի քթի տակ եւ բարոյապէս ուժեղ, կեղտից ու աղբից մաքրուած, որպէսզի հայը ոչ թէ արտագաղթի, այլ ուզենայ հայրենիք վերադառնալ»:
«Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է իւրաքանչիւր ազգի համար, սակարկութեան ենթակայ չէ, չի կարելի անկախութեան, պետականութեան դէմ խօսել, վիճել անկախութեան շուրջ …»
Որքա՜ն ծանր է մեր արիւնը, որքա՜ն բան շալկած բերեր ենք մեզի հետ մինչեւ այսօր, որքա՜ն չապրուած յուշեր …
Կարուսելի պէս գլխուս մէջ կը դառնայ Սիամանթոյի տողը՝ «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ». կը բարկանամ, որովհետեւ ես, մենք, բոլորս այսօր կ’ուզենք ապրիլ, եւ երգելո՛վ ապրիլ: Մեր ե՞րգն է արդեօք որ նեղութիւն կը պատճառէ այլ ազգերու, թէ՞ գալիքին ուղղուած մեր լուսաւոր նայուածքը:
Բայց ա՛լ յոգներ ենք այսքան չարութենէ մեր շուրջ եւ … մեր մէջ, ու կը զարմանանք, որ կը շարունակենք անմիաբան մնալ. ասիկա կը թուի թէ արդէն մեր ծինային համակարգին մաս կը կազմէ, այս անմիաբանութիւնը, որ մի՛շտ ալ ծառայեր է թշնամիին, մի՛շտ բզկտեր է մեր երկրին սահմաններն ու արիւներ է մեր հողերը:
Ոչ միայն անմիաբան, նաեւ կոյր ենք կարծես ի ծնէ, կամ ծնունդէն ալ առաջ՝ ծիներով, կոյր, չտեսնելու համար, թէ ինչպէ՜ս մեր շուրջինները կ’օգտուին մեր անմիաբանութենէն:
Այո, դժուար, շատ դժուար բան է հայ ըլլալը, բայց նաեւ՝ հպարտառիթ, որովհետեւ, ի հեճուկս արտաքին պայմաններուն, ի հեճուկս մեր բոլոր ներքին թերութիւններուն, ստեղծած ենք գեղեցիկ, խորունկ եւ հոգեկան այնպիսի մշակոյթ մը, որ ոչ միայն մեր, այլ ամբողջ աշխարհին ժխտականները կը հաւասարակշռէ իր դրականութեամբ, պայծառութեամբ կը շողայ եւ կը պահէ հաւատքը գեղեցիկին ու բարիին հանդէպ:
Այսօր մեր մշակոյթին միայն կը հաւատանք, համոզուած, որ այս դժուարագոյն, այս ծանրագոյն շրջանն ալ պիտի անցընենք եւ շարունակենք ԱՊՐԻԼ:
Մարուշ Երամեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»