«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհաւորեց ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզը, որ նոր Ծերակոյտին մէջ պիտի վերստանձէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը։ Ան այդ պաշտօնին վրայ եղած էր նաեւ 2013էն 2015ի միջեւ։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց հայութեան եւ յատկապէս Ամերիկայի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբներուն հետ սերտ կապեր ունեցող ծերակուտականին նշանակումը նման հեղինակաւոր պաշտօնի մը։

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս Շաբաթ Ճորճիայի մէջ տեղի ունեցած Ծերակոյտի կրկնակի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն շնոհիւ, Ծերակոյտը եւս դեմոկրատներու հակակշիռին տակ անցաւ։