«Պատերազմը պիտի աւարտի, ղեկավարները պիտի ձեռնուին, իսկ ծերունին պիտի մնայ իր նահատակ որդիին սպասումով, այդ կինը՝ իր սիրելի ամուսինին սպասումով, այդ զաւակները՝ իրենց հերոս հօրը: Չեմ գիտեր, թէ ո՛վ ծախեց հայրենիքը, բայց տեսայ, որ ո՞վ վճարեց գինը»։ 
Մահմուտ Տէրուիշ
Ծախեց…
Չենք գիտեր ո՛վ…
Մնաց տխուր իրականութիւնը:
Ամէն տեղ ցաւ, սուգ ու շիւան:
Սնանկացած ենք ներքուստ, կորաքամակ դարձած՝ արտաքուստ:
Համաճարակի ընթացքէն աւելի հիմա է որ կþապրինք մեկուսացումը:
Մեկուսացած ենք ազգովին եւ մեր կերպարը կþորոնենք՝ ո՞վ ենք մենք…
Մենք… «Հպարտ» քաղաքացիներ ենք՝ ցնորքով հպարտացած եւ ի վերջոյ «պարտ»ութեամբ հասկցած, որ անիկա ցնորք էր…
Ի՞նչ գնով…
Այս հարցին պատասխանը ճչալով կþարձագանգէ Եռաբլուրէն, յստակօրէն կþերեւի ոտք, ձեռք, աչք կորսնցուցած զինուորներուն վրայ, դաչուած է գերիներուն եւ անհետ կորսուածներուն հարազատներուն հայեացքին մէջ: Ամենայստակը՝ եօթանասուն օր անտառներուն մէջ թաքնուած, հրաշքով փրկուած մեր վեց երիտասարդներուն աչքերէն, ուր վճարուած գինը ծածկող մե՛ծ պարոյկ մը կայ, ցցո՛ւն, գոռացող հարցում մը՝ «ո՞ւր եկանք»…
Հիասթափութենէն սթափելու ջանքեր կþուզենք գործադրել, բայց նոր հարուածները իրարայաջորդ սաստկութեամբ կը քարացնեն մեզ, կþանշարժացնեն, մեր ողերէն շարք մըն ալ քաշելով:
Տուներ կը հրդեհին. կը դիտես ցաւը բնակիչներուն աչքերուն մէջ, որոնք կարծես վերջին ներքին զրոյցի մէջ են տան հետ: Տունը իր հրդեհին մէջէն կþաղաչէ, կը պաղատի, որ լքեն զինք, հեռանան, փրկուին թշնամիին ճիրաններէն:
Դպրոցներ կþամայանան: Դպրոցներ, որոնց դասարաններուն մէջ պարծանքով հաղորդուած է Շուշիի ազատագրման մանրամասնութիւնները, հնչած են ազգային-ազատագրական երգեր…
Խլուեցաւ մեզմէ այդ պարծանքը, յաղթանակին անունն իսկ աղաւաղուեցաւ մեր մտայնութեան մէջ, իսկ ազգային երգերը լսելու ցանկութիւնը՝ վերացաւ սորվեցնելու փափաքէն առաջ. ի՞նչ աւանդել նոր սերունդին…
Վանքեր կը մենանան: Վանքեր, ուր սգաւոր ճոխութիւն մը տիրեց հրաժեշտի օրերուն, լի էին անոնք որմերը հոտոտողներով, մկրտուողներով, հաղորդուողներով, պսակուողներով, մոմերուն վերջին զոյգը վառողներով եւ վերջին աղօթքը, յուզումնառատ աղերսը առ Աստուած առաքողներով:
Կը դիտենք մեր շուրջը՝ կորսուած մանկութիւն, վերացած երիտասարդութիւն, յուսահատութիւն, դատարկութիւն եւ ձայներուն ընկերացող սոսկալի լռութիւն…
Այն աստիճան սոսկալի, որ յստակ ձայն մþիսկ կը սարսռացնէ մեզ եւ պատերազմի վերսկսումը կանխատեսել կու տայ:
Մինչ «վստահութիւն»ը յօդս ցնդած կը փորձէ ինքզինք ժողուել ու կպիլ արժանաւորի մը, զոր պիտի գտնէ՞, կա՞յ արժանի մը…
Անդին «ես»ն ու «աթոռ»ը կը վիճին, կը բարձրաձայնեն, կարծելով որ այդպէս կարելի է հասնիլ «վստահութեան», բայց կը փորձեն շարունակաբար, առանց անդրադառնալու, որ կþոտնահարեն էականները, կը մոռնան կարեւորները եւ աւելի կը հեռանան «վստահութենէն»… ոչ ոք կը զիջի…
Իսկ խայտառակ պարտութեան հետեւա՞նքը, աչք կը ծակէ. Բարձունքները նուաճուած անողնաշար հայրենիք եւ գոյութիւնը վտանգուած կաթիլ մը Արցախ…
Սոսկումով կը յիշենք սարսռալի անցեալ տասներկու ամիսը, էջ առ էջ կը դառնան դէպքերը, պատկեր առ պատկեր կþերեւին վիշտերը սեւը հագած տարիի մը, որուն հրաժեշտ տալու պահուն կþուզես եօթ կղպանքներով փակել դարպասը, եօթ կարծր շղթաներով կապել նախաշեմը եւ շպրտել տարին անհաս անդունդը, որ չկրկնուի, իսկ ցաւոտ յուշերը երբեք կապանքի տակ պէտք չէ ձգել, որ պտտին անոնք մեր մտքերուն մէջ, կենդանանան, տարազաւորուին եւ թերեւս որոշենք մօտ կամ հեռու գալիքին անոնցմէ պատգամ մը քաղել, բան մը սորվիլ: Բան մը, որ անդունդէն աստիճան առ աստիճան վեր կարենալ բարձրանալու ուղիի մը առաջնորդէ մեզ, փրկէ՜…
Անի Բրդոյեան-Ղազարեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»