Ին­չո՞ւ սկ­սաւ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մը, Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի էր խու­սա­փիլ այդ պա­տե­րազ­մէն եւ չհաս­նիլ այ­սօր­ուան ող­բա­լի վի­ճա­կին։ Այս հար­ցե­րուն յս­տակ բա­ցատ­րու­թիւն տուած է Ռուս­իոյ նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նը՝ Զո­րի Բա­լայ­եա­նին ուղղ­ուած իր «Ին­չո՞ւ եղաւ այդ­պէս» բա­ցատ­րա­կան նա­մա­կով, ուր մաս­նա­ւո­րա­պէս կ’ըսէ՝ «Ձեր ժո­ղո­վուր­դը, Ձեր զինուորն ու սպան պայ­քա­րած են առիւ­ծա­բար, ես կը խո­նար­հիմ անոնց բո­լո­րին առ­ջեւ՝ ան­կախ ամէն ին­չէ, բայց պայքարողնե­րուն միւս հատ­ուա­ծը՝ իշ­խա­նու­թիւն կամ առաջ­նորդ կոչ­ուա­ծը, ցա­ւօք, արեւ­մուտ­քի իրենց սու­վե­րէն­նե­րու թելադրան­քով կը կռ­ուէր ընդ­դէմ մեր շա­հե­րուն: Այս­տեղ «կռ­ուիլ» բա­ռը պէտք է առ­նել չա­կերտ­նե­րու մէջ, քա­նի որ այդ առաջնորդ­նե­րը ոչ թէ կը կռ­ուէ­ին Ձեր պատ­կե­րա­ցու­ցա­ծով, այլ կ’իրա­գոր­ծէ­ին խո­շո­րա­գոյն ծրա­գիր մը»1:
Նոյն հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը տուած է նա­եւ Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ նա­խա­գահ Ռո­պերթ Քո­չար­եա­նը, վեր­ջերս տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին շեշ­տե­լով, որ պա­տե­րազ­մի եր­րորդ օրն ան­գամ, երբ դեռ քա­նի մը քմ կորսն­ցու­ցած էինք եւ տուած 500 զոհ, կա­րե­լի էր պա­տե­րազ­մը կանգ­նեց­նել եւ կան­խել այ­սօր­ուան հե­տե­ւանք­նե­րը։
Այն, որ նախ­կին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սուրբ չեն եղած՝ (իմ կար­ծի­քով աշ­խար­հի մէջ ար­դար իշ­խա­նու­թիւն գո­յու­թիւն չունի) ան­հեր­քե­լի փաստ է։ Փաստ է նա­եւ այն, որ այս պա­տե­րազ­մը ող­բա­լի ըն­թացք ու հե­տե­ւանք ու­նե­ցաւ՝ ներ­կայ իշխա­նու­թեան ոչ ռու­սա­մէտ եւ ապի­կար կա­ռա­վար­ման՝ ձա­խող եւ այլ նպա­տակ­ներ հե­տապն­դող գոր­ծե­լա­ո­ճին պատճա­ռով։ Այս մա­սին կը վկա­յեն բա­զում քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, ռազ­մա­գէտ­ներ, պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից զինուորա­կան­ներ ու բա­նի­մաց այլ մաս­նա­գէտ­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, պէտք է բաց աչ­քե­րով նա­յիլ իրա­կա­նու­թեան եւ կողոպու­տը տար­բե­րել կո­ղո­պու­տին հետ զու­գա­հեռ ըն­թա­ցող դա­ւա­ճա­նու­թե­նէն…
Իսկ ի՞նչ իրա­վի­ճակ կը տի­րէր Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ պա­տե­րազ­մի 44 օրե­րուն ըն­թաց­քին…
Մօտ 20 տա­րի է Հա­յաս­տա­նի մէկ մաս­նիկն եմ, սա­կայն անց­նող եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րուն ըն­թաց­քին, Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թիւնը այս­քան մի­աս­նա­կան չէի տե­սած, որ­քան պա­տե­րազ­մի օրե­րուն։
2016-ի քա­ռօր­եա­յին ալ մի­ա­ւոր­ուե­ցանք, սա­կայն, բա­րե­բախ­տա­բար պա­տե­րազ­մը շատ կարճ տե­ւեց եւ չհաս­ցու­ցինք զգալ ու ապ­րիլ այն՝ ինչ տե­սանք այս պա­տե­րազ­մի 44 օրե­րուն ըն­թաց­քին։ Հա­ւա­նա­բար պա­տե­րազ­մը եր­կար տե­ւե­լէն բա­ցի, անոր նա­խոր­դող եր­կու տա­րի­նե­րուն այն­քա՛ն պա­ռակ­տում սեր­ման­ուե­ցաւ, որ պա­տե­րազ­մա­կան օրե­րու միասնու­թիւնը առա­ւել ցայ­տուն դար­ձաւ եւ մի քա­նի օր­ուան ըն­թաց­քին պա­ռակտ­ուած ամ­բո­խը վե­րած­ուե­ցաւ ազ­գի։
Այդ օրե­րուն իշ­խա­նու­թիւնը գրե­թէ լուռ էր, պա­ռակ­տող լայ­վե­րը դադ­րած էին եւ ողջ հայ­կա­կան աշ­խար­հը պա­րուր­ուած էր «յաղ­թա­նակ»ի մթ­նո­լոր­տով։ Սփիւռ­քի զար­թօնքն ու մշ­տա­կան աջակ­ցու­թիւնը բո­լո­րիս յայտ­նի էր, սա­կայն, պէտք էր տես­նել եւ հո­գե­պէս փա­ռա­ւոր­ուիլ՝ տես­նե­լով Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մը, նուի­րու­մը, հայրե­նա­սի­րա­կան ոգին… ըն­կոյզ վա­ճա­ռող վե­ցամ­եայ Մհե­րէն մին­չեւ իրենց ու­նե­ցած մի­ակ կո­վը վա­ճա­ռած ու դրա­մը հիմ­նադ­րա­մին նուի­րած թո­շա­կա­ռու զոյ­գը, հա­կա­ռակ կեան­քի դժ­ուար պայ­ման­նե­րուն իրենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցան յաղթա­նակ կեր­տե­լու գոր­ծին մէջ։ Զի­նուո­րի կա­րիք­նե­րը ապա­հո­վե­լը, ոգի ու ջեր­մու­թիւն փո­խան­ցե­լը դար­ձած էր առաքե­լու­թիւն։ Հայ զի­նուո­րին սխ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, հե­րո­սա­կան համ­բա­ւը իրա­ւացի­օ­րէն տա­րած­ուե­ցաւ աշ­խար­հով մէկ։ Ողջ Հա­յաս­տա­նը ողող­ուած էր Հա­յոց եռա­գոյ­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րու սփ­ռած մա­քուր ու հա­յե­ցի շուն­չով։ Հասարա­կա­կան ցան­ցե­րու մէջ միայն բա­րու­թիւն եւ իրա­րու աջակ­ցե­լու մթ­նո­լորտ կը տի­րէր, կ’ապ­րէ­ինք մեր երա­զած Հա­յաս­տա­նին մէջ՝ ամուր կառ­չած մեր հո­ղին եւ առա­ւել քան վս­տահ, որ պի­տի յաղ­թենք…
Վրայ հա­սաւ սեւ թուղ­թը ստո­րագ­րե­լու չա­րա­փաս­տիկ օրը, տխ­րահռ­չակ յայ­տա­րա­րու­թիւնը ար­տա­սա­նեց Ար­ցա­խի նախա­գա­հի մամ­լոյ խօս­նա­կը։ Առա­ջին պա­հե­րուն, բո­լո­րը հա­մոզ­ուած էին, որ տու­եալ պաշ­տօն­եա­յի էջը ազե­րի­նե­րու կող­մէ յար­ձակ­ման են­թարկ­ուած է… որով­հե­տեւ ստեղծ­ուած «յաղ­թա­կան» մթ­նո­լոր­տին մէջ, միայն ազե­րին կր­նար նման լուր հա­ղոր­դել։ Աւե­լի ուշ, նոյն պաշ­տօն­եան հաս­տա­տեց լու­րին ճշ­մար­տու­թիւնը, անոր յա­ջոր­դեց Հա­յաս­տա­նի վարչապե­տին յաղ­թա­նա­կա­ծի ժպի­տով եւ առանց նուա­զա­գոյն ցաւ ան­գամ զգա­լու հաս­տա­տու­մը… դարձ­եալ պառակտող լայ­վեր, մո­լո­րեց­նող «ար­դա­րա­ցում­ներ»… եւ քա­նի մը օր­ուան ըն­թաց­քին ցա­ւալի­օ­րէն դար­ձանք այն­պէս, ինչ­պէս մեզ բնու­թագ­րեց Ռուս­իոյ նա­խա­գա­հը՝ «Ձեր ժո­ղո­վուր­դը այ­լեւս հա­ւա­քա­կան իմաս­տով չու­նի գերխն­դիր­նե­րէն կարե­ւո­րա­գոյ­նը, այդ հզօր ազ­գը բա­րո­յա­պէս ոչն­չաց­ուած է իր իսկ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէն, եւ այժմ աչ­քիս առ­ջեւ է ֆիզիքական գո­յու­թիւնը քարշ տա­լու ելած թա­փա­ռա­կան ամ­բոխ մը»:
Պա­տե­րազ­մի աւար­տը յայ­տա­րա­րե­լէն ետք, դիր­քե­րէն վե­րա­դար­ձած գն­դա­պետ­նե­րէն մին­չեւ կա­մա­ւո­րա­կան ու ժամկէտա­յին զի­նուոր­ներ, պատ­մե­ցին իրենց տե­սա­ծին եւ գիտ­ցա­ծին մէկ մա­սը, անոնք կը վս­տա­հեց­նեն, որ պատերազմի ըն­թաց­քին եղած են այն­պի­սի դա­ւա­ճա­նա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­ներ, զորս լսե­լով ապ­րե­լու ուժ պի­տի չունենանք…
Պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից մը կը վկա­յէ. «Մենք հրա­մա­նա­տար չենք ու­նե­ցած, սա­րի ետեւ ու­նե­ցած ենք սպայ մը, որ պատերազ­մի ժա­մա­նակ զօր­քը կռ­ուի մէջ չէ մտ­ցու­ցած, օգ­նու­թիւն ու­զած ենք, բայց չէ հա­սած…»։  
«Հա­յոց Ազ­գա­յին Գվարտ­իա» ՀԿ հիմ­նա­դիր Ար­շակ Զա­քար­եան կ’ըսէ. «Ես փաս­տեր ու­նիմ եւ պի­տի ապա­ցու­ցեմ, որ պատե­րազ­մէն մէկ օր առաջ, 30 մար­տա­կան սպայ՝ մա­յոր, փոխգն­դա­պետ եւ գն­դա­պետ, կան­չած եւ ըսած են, որ դի­մում գրեն ու զի­նուո­րա­կան ու­ժե­րէն հե­ռա­նան»։ Անոր խօս­քով հե­ռաց­ուած մար­տա­կան սպա­նե­րը անոնք էին, որոնք եր­բեք նահանջի  հրա­ման պի­տի չկա­տա­րէ­ին, այ­սինքն՝ մե­կու­սաց­ուած են ամե­նավս­տա­հե­լի­նե­րը…
ՀՀ պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, «Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Գառ­նիկ Իսակուլեանի վկա­յու­թեամբ 1400 անցա­գիր տր­ուած է հա­յե­րէն գիտ­ցող ազե­րի­նե­րու, որոնք Հա­յաս­տա­նի կող­մէն մտած են Ար­ցախ ու յար­ձա­կում գոր­ծած…
Բո­լոր վկա­յու­թիւն­ներն ու փաս­տե­րը հիմք կը հան­դի­սա­նան մտա­ծե­լու, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը ամէն ինչ ըրած է եր­կի­րը պար­տու­թեան մատ­նե­լու եւ զայն թուր­քին յանձ­նե­լու ծրա­գիր իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Բո­լոր ակա­նա­տես­նե­րը որե­ւէ կաս­կա­ծէ վեր կը դա­սեն, յատ­կա­պէս Շու­շին ու Հադ­րու­թը թշ­նամի­ին «նուի­րե­լու» իրո­ղու­թիւնը։
Շու­շին յանձ­նե­լու յա­ջորդ օրը, նոյն Նի­կոլ Փա­շին­եա­նը, որ 1 Մար­տի դէպ­քե­րուն իր ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց ըսե­լով. «Հոգիս փա­ռա­ւոր­ւում ա, երբ տես­նում եմ, թէ ոնց էք դու­բին­կա­նե­րը խլում մի­լից­իա­յից», ապա կոչ ըրաւ «Մենք պէտք է այ­սօր վերջ­նա­կա­նա­պէս մաք­րենք մեր քա­ղա­քը ղա­րա­բաղ­ցի տա­կանք­նե­րից», նոյն արա­րա­ծը, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս նախ Շուշին ան­ուա­նեց գորշ քա­ղաք, ապա՝ Շուշիի փո­խա­րէն օգ­տա­գոր­ծեց «Շու­շա» թր­քա­կան ան­ուա­նու­մը…
10 Նո­յեմ­բե­րէն ի վեր, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ անո­րո­շու­թիւն է յատ­կա­պէս սահ­մա­նա­մերձ շր­ջան­նե­րու գծով. բնակիչ­նե­րը չեն գի­տեր, թէ ինչ­պէ՛ս պի­տի անց­նին սահ­մա­նը, թշ­նա­մին որ­քա՛ն պի­տի մօ­տե­նայ իրենց գիւ­ղին կամ քաղա­քին, ինչ­պէ՛ս պի­տի պաշտ­պան­ուի սահ­մա­նի եւ այն­տեղ ապ­րող բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թիւնը:
Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այն­պէս ալ յս­տակ չյայտ­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րը ուր­կէ կը սկ­սին եւ ուր կը վեր­ջա­նան։ Ամէն օր, Ար­ցա­խի շր­ջա­նի մը բնա­կիչ­նե­րը ժա­մեր առաջ կը տե­ղե­կա­նան, որ իրենց օր­րա­նը յանձնուած է թշ­նամի­ին, որե­ւէ յար­մա­րու­թիւն չի ստեղծ­ուիր զի­րենք տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար, իւ­րա­քան­չիւ­րը կը պարտաւոր­ուի հաշ­ուած ժա­մե­րու ըն­թաց­քին որո­շել իր ընե­լի­քը եւ ազե­րի­նե­րու ծաղ­րով ու նուաս­տա­ցու­մով իր բնակարա­նէն հե­ռա­նալ՝ դէ­պի անո­րո­շու­թիւն… շա­տեր հե­ռա­նա­լէն առաջ կը հր­կի­զեն իրենց տու­նե­րը՝ թշ­նամի­ին չձ­գե­լու հա­մար։
Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի շր­ջան­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը հի­մա յանձն առած են կա­մա­ւո­րա­կան խում­բե­րը, որոշ համայն­քա­պետ­ներ ու գիւ­ղա­պետ­ներ։ Ար­ցա­խի Քա­շա­թա­ղի շր­ջա­նի Աղաւ­նոյ գիւ­ղի հայ­րե­նա­դարձ գիւ­ղա­պետ Անդրանիկ Չա­ւուշ­եան կը վկա­յէ, որ իրենց գիւ­ղը կը պաշտ­պա­նեն գիւ­ղի տղա­մար­դիկ, որոնք որո­շած են չհե­ռա­նալ գիւղէն։ Գիւ­ղին մէ­ջի ճա­նա­պար­հը կ’ապա­հո­վեն ռու­սե­րը, քա­նի մը մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը տես­նեն ազե­րի­նե­րը։ Պե­տա­կան մար­մին­նե­րէն յս­տակ պա­տաս­խան չեն ստա­ցած գիւ­ղի կար­գա­վի­ճա­կին մա­սին, սա­կայն ան հա­մոզ­ուած է, որ հայ­կա­կան դրօ­շը պէտք է ծա­ծա­նի հա­մայն­քա­պե­տա­րա­նին վրայ եւ իրենք պէտք է մնան այն­տեղ, որով­հե­տեւ իրենց մնա­լով կ’երաշ­խա­ւոր­ուի նա­եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի ժո­ղո­վուր­դին գո­յա­տեւ­ման հար­ցը։ Աղաւ­նո­յի գիւ­ղա­պե­տը կը յայտ­նէ նա­եւ, որ իրենց գիւ­ղի տար­հա­նու­մը եղած է կազ­մա­կերպ­ուած, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը խրա­խու­սած են  գիւ­ղա­ցի­նե­րուն հեռա­նա­լը՝ անոնց վա­ռե­լա­նիւթ եւ փո­խադ­րա­մի­ջոց տրա­մադ­րե­լով։ Այս­տեղ պէտք է յի­շեց­նենք, որ նոյն կա­րե­լիու­թիւնը չէ ստեղծ­ուած ազե­րի­նե­րուն յանձն­ուած գիւ­ղե­րու հա­յե­րուն հա­մար։
Հա­յաս­տան եր­բեք այս­քան ան­տէր չէ եղած, Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր չկայ իշ­խա­նու­թիւն, հա­զա­րա­ւոր նա­հա­տակ­ուած, ան­յայտ ճա­կա­տագ­րի ար­ժա­նա­ցած,  գե­րե­վար­ուած զի­նուոր­նե­րու ծնող­ներ անո­րո­շու­թեան մէջ են, մէկ գերատեսչութենէն միւ­սը կ’եր­թան, բայց իրենց զա­ւակ­նե­րուն մա­սին որե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չեն ստա­նար։ Պա­տե­րազ­մը դադ­րեց­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք ան­գամ մէկ տասն­եա­կէ աւե­լի հա­յեր գե­րե­վար­ուե­ցան…Բո­լո­րիս յայտ­նի է թէ ինչ չար­չա­րանք­նե­րու կ’են­թարկ­ուին մեր գե­րի­նե­րը, բայց ՀՀ ԱԺ թր­քա­մէտ պատ­գա­մա­ւո­րը կը յայ­տա­րա­րէ, որ ազե­րի­նե­րը լաւ կը վար­ուին հայ գե­րի­նե­րու հետ։
Հա­յաս­տա­նէն տա­րածք կը կորսնց­նենք եւ ամէն օր նոր տա­րածք կորսնց­նե­լու սպառ­նա­լիք կայ: Այ­սօր չկայ ոսկիի հանքը, Սիւ­նի­քի Արա­ւուս շր­ջա­նի, Գո­րիս-Կա­պան ճա­նա­պար­հի մէկ հատ­ուա­ծը, որ ըստ քար­տէ­զի, կ’անց­նի Ատրպէյճա­նի Ղու­պաթլ­ուի շր­ջա­նով, կը խօս­ուի այլ շր­ջան­ներ յանձ­նե­լու մա­սին եւս… Մինչ 9 Դեկ­տեմ­բե­րին ՀՀ փոխվար­չա­պետ Տիգ­րան Աւին­եան կը յայտ­նէ, որ ՀՀ-ի ու Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ իրա­ւա­կան սահ­ման վերջ­նա­կա­նա­պէս ար­ձա­նագր­ուած չէ, մի­ա­ժա­մա­նակ աւելց­նե­լով. «ՀՀ սահ­մա­նէն այս կողմ որե­ւէ բան զիջ­ուած չէ եւ չի կր­նար ըլ­լալ»։
Այ­սօր այն­քան ան­տէր ենք, որ Հա­յաս­տա­նի մտա­ւոր հա­սա­րա­կու­թիւնը Ռուս­իոյ դես­պա­նու­թեան կը դի­մէ գե­րի­նե­րու եւ ան­յայտ զի­նուոր­նե­րու հար­ցով զբա­ղե­լու խնդ­րան­քով, իսկ ՀՀ նա­խա­գահ Ար­մէն Սարգս­եան Հա­յաս­տա­նի ու Ատրպէյճա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նագծ­ման աջակ­ցե­լու հար­ցով նա­մակ կը յղէ Ռուս­իոյ նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին:
Իսկ Փու­թի­նը, մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին մա­սին վե­րո­յիշ­եալ նա­մա­կին մէջ ըսած է հե­տեւ­եա­լը. «Այժմ ստիպ­ուած եմ զգու­շաց­նե­լու. ռու­սա­կան դրօ­շի առ­կա­յու­թիւնը ՀՀ-ի մէջ՝ ձեր դրօ­շին փո­խա­րէն, շատ բան պի­տի փո­խէ ձեր հո­գի­նե­րուն մէջ: Մտա­ծե­ցէք ա՛յս մա­սին եւ մի՛ կոր­ծա­նէք ձեր հա­ւա­քա­կան գո­յու­թեան վեր­ջին հիմ­նա­քա­րը»:
Այս պա­տե­րազ­մին իշ­խա­նու­թիւնը պարտ­ուե­ցաւ, կամ ամէն ինչ ըրաւ որ պարտ­ուի, կո­րուստ­ներ կրեց հայ ժո­ղո­վուր­դը, վտանգ­ուե­ցաւ մեր գո­յու­թիւնը եւ վի­րա­ւոր­ուե­ցաւ մեր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը, իսկ մի­ա­կը, որ յաղ­թեց հայ զի­նուորն է, այդ նոյն յաղ­թող զի­նուոր­նե­րը այ­սօր հրա­պա­րա­կի մէջ կը կազ­մեն այն կո­րի­զը, որ կը պա­հան­ջէ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի հրաժա­րա­կա­նը՝ հայ­րե­նի­քի մնա­ցոր­դը փր­կե­լու եւ Ար­ցա­խը ետ բե­րե­լու վճ­ռա­կա­մու­թեամբ… Այդ երի­տա­սար­դու­թիւնը մե­րօր­եայ հե­րոս­ներն են, վաղ­ուան յոյսն ու լոյսն են, հա­յու ար­ժա­նա­ւոր տե­սա­կը, Հայ­կի իս­կա­կան ժա­ռան­գորդ­նե­րը, որոնք ան­պայ­ման պի­տի յաղ­թեն…
Նայիրի Մկրտիչեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»