Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ամերիկեան «World Meters» կայքին համաձայն, 2019-ի սկիզբէն մինչեւ օրս
համաշխարհային գետնի վրայ պսակաձեւ ժահրի համաճարակով վարակուածներուն թիւը
հասած է 90.636.894-ի, մահացածներուն թիւը աւելի քան 1.942.000-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 64.757.025-ի:
ԱՄՆ մինչեւ օրս պսակաձեւ ժահրի համաճարակով վարակուածներուն ամենաբարձր թիւը ունեցող երկիրն է: Այնտեղ վարակուածներուն թիւը հասած է 22.886.532-ի, յաջորդը Հնդկաստանն է, որ կ’ընդգրկէ 10.467.431 վարակուած, ետքը Պրազիլը՝ 8.105.790 վարակուած: