“Երկիր Մետիա”._Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեկնած է Մոսկուա: Քաղաքացիները, ինչպէս նախապէս յայտարարած էր Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի անդամ Արսէն Բաբայեան, հաւաքուած էին «Զուարթնոց» oդակայան տանող ճամբան` թոյլ չտալու դէպի Ռուսիոյ մայրաքաղաք Փաշինեանին ճամբորդութիւնը։
Ժամը եօթին «Զուարթնոց» տանող ճամբաները, Իսակովի պողոտայէն սկսեալ, ոստիկանները փակած էին եւ վարչապետի շարասիւնը անարգել կրցած է հասնիլ օդակայան, որմէ ետք միայն ոստիկանները բացած են Իսակովի պողոտային մէկ մասը: