Greek Military Portal–ը ԿԸ յայտնէ, որ օրերս ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովը ընդունած է ովկիանոսներու և ծովերու օրէնքին մասին տարեկան որոշումը, որ, ինչպէս ամէն տարի, Յունաստանի համաձայնութեամբ կը հաստատուի։

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու՝ Թուրքիոյ կողմէ պահանջուած համապատասխան քուէարկութեան ժամանակ 152 երկիր կողմ քուէարկած է, իսկ 4 երկիր (Քոլումպիա, Մատակաշկար, Նիճերիա և Վենեզուելա) ձեռնպահ մնացած են: Դէմ քուէարկած միակ երկիրը Թուրքիան է՝ այն պատրուակով, թէ զեկոյցին մէջ յղում կատարուած է ՄԱԿ-ի «Ծովի իրաւունքի մասին» համաձայնագրին:

Դիւանագիտական աղբիւրները կը շեշտեն, որ Թուրքիան իր դիրքորոշմամբ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ իր լիակատար մեկուսացումը մերժելով ՄԱԿ-ի վերոնշեալ համաձայնագիրին համաշխարհային առումով ճանաչումը, որ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ճնշող մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած է: