«Արմէնփրէս».- Քրեմլինի մէջ երեք երկիրներու ղեկավարներուն ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համաձայն, կարելի է գոհունակութեամբ ընդգծել, որ հերթականութեամբ պիտի գործադրուին Լեռնային Ղարաբաղի մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Ատրպէյճանին նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ ՌԴ նախագահին ստորագրած միատեղ յայտարարութեան համաձայնութիւնները: «Ռուսիոյ համար արժէքաւոր են գործընկերային եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները, որոնք կը կապեն մեր երկիրներն ու ժողովուրդները, այդ պատճառով մենք մարդոց ճակատագիրներուն համար տագնապով եւ անկեղծ անհանգստութեամբ կը հետեւէինք բռնկած զինուորական բախումին: Լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, ցաւօք, յանգեցուցին զգալի մարդկային զոհերու, սրեցին բարդ իրավիճակը Անդրկովկասի մէջ, մեծցուցին ահաբեկչութեան տարածման վտանգները: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ դրական ընդունեցիք ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերը, որոնք ուղղուած էին օգնելու կողմերուն, դադրեցնելով արիւնահեղութիւնը, կայունացնելու իրավիճակը եւ հասնելու կրակի հաստատուն դադարեցումին: Մենք մշտական կապի մէջ էինք, միասին կը փնտռէինք լուծում, որուն հետեւանքով 9 Նոյեմբերին կատարուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւն, որ մենք միասին ստորագրեցինք: Այսօր կրնանք գոհունակութեամբ ընդգծել, որ եռակողմ համաձայնութիւնները հերթականութեամբ կը գործնականանան», ըսաւ Փութին: ՌԴ նախագահը յայտնեց, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ իր գործողութիւնները քննարկել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միւս համանախագահ երկիրներուն հետ: «Հրադադարի դրութեան պահպանումին հետեւելու համար հայկական եւ ատրպէյճանական կողմին խնդրանքով ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են: Հիմա տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը հանգիստ է: Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ իրականացուած է գերիներու եւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակում», ըսաւ ՌԴ նախագահը: