Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, սուրիական օդային փոխադրամիջոցներու ընկերութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ Ուրբաթ, 15 Յունուար 2021-էն սկսեալ Հալէպ-Պէյրութ թռիչք տեղի պիտի ունենայ: Թռիչքը Պէյրութէն պիտի մեկնարկէ գիշերուան ժամը 12:00-ին եւ Հալէպ պիտի հասնի գիշերուան ժամը 1:05-ին: Իսկ վերադարձը տեղի պիտի ունենայ Հալէպէն գիշերուան ժամը 2:05-ին եւ օդանաւը Պէյրութ պիտի հասնի ժամը 3:05-ին: Իսկ Հալէպ-Էրպիլ թռիչքները տեղի պիտի ունենան շաբաթական դրութեամբ։ Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ճամբորդել, անմիջապէս սուրիական օդային փովադրամիջոցներու ընկերութեան գրասենեակը ուղղուին, որպէսզի իրենց տոմսերը ապահովեն: