Այս անգամ պապիկ-թոռնիկի «ֆէյս թայմ»ը շատ կարճ տեւած էր, հազիւ հինգ վայրկեան:
Զարմանալի, բայց իրաւ: Պատճառը ես չէի, ինքն էր: Այսպէս, քրիսմըսէն քանի մը օր առաջ, առաւօտ կանուխ, տասը տարեկան մեր թոռնիկը՝ Հայկը, անակնկալօրէն զիս ֆէյս թայմի հրաւիրած էր: Մտովի «խեր ըլլայ» մը ըսելով հնազանդ անցած էի հեռաձայնիս դիմաց: Ան իր լայն ժպիտով, նախ յարգանքով «հելլօ պապիկ» ըսելէ ետք, աւելցուցած էր, թէ իրենց տան կաղանդի ծառը ոչ միայն շտկած եւ զարդարած էր, այլեւ անոր տակն ալ նուէրները շարած էր։ Կը պակսէին մեր նուէրները: Ի՜նչ յանդգնութիւն եւ համարձակութիւն: Ահա՛ քեզի մանկութիւն. Նախանձելի եւ մանաւանդ՝ երանելի:
Իբրեւ մեծ հայր, գնահատանքի, գովասանքի եւ ուրախութեան խօսքերով եւ «ապրիս»ներով պատասխանած էի, սակայն, դժբախտաբար, մեր այս խօսակցութիւն-զրոյցէն հայերէնը բացակայ էր: Է՜հ, հո՛ս Ամերիկա է: Նորութիւն մը չէ: Արդէն այս «օրհնեալ» երկիրը, օրին իր կաթսային մէջ ձուլած էր մարդկային մեծ ու փոքր բոլոր հոսանքները եւ կազմած՝ նոր մտայնութիւն: Ու թոռնիկս ալ բացառութիւն մը չէր կրնար կազմել: Հաւատացէ՛ք, սեւը միշտ ճերմակին ետեւը պահուըտած կ’ըլլայ:  Ցաւալի է, բայց իրական: Սակայն այս ուրիշ հարց է:
Նաեւ յիշեցնեմ, որ նոյն այս թոռնիկս էր, որ անցեալ Հոկտեմբերի կիսուն, Արցախեան մեծ պատերազմի այդ «տաք» օրերուն, իր մօրը հետ, երեք-չորս օր շարունակ, քիթ-բերան գոցած, մէկ վաճառատունէն միւսը անցած-գացած էր, հայրենի զինուորին եւ Արցախի մանուկներուն տասնեակներով գազակ եւ երկար ու հաստ գուլպաներ գնելու եւ զանոնք մեծ եւ բարի գործ մը աւարտողի գոհունակութեամբ հասցուցած, մարդասիրական ծրագիր-աշխատանքի մը յատուկ կեդրոնը: Ճիշդ էր, որ ան մայրենի իր լեզուին ծանօթ չէր, լեզուն չէր գիտեր, բայց միտքը իր այս տարիքին իսկ «զբաղած էր» իր ազգին «հարցերով»:
Ինչպէ՞ս բացատրել այս դաշտանկարը: Դո՛ւք ըսէք:
Ու մեր այս խօսակցութեան սկիզբը, թէեւ տրամադրութիւնս լաւ էր եւ բարձր, բայց մեր տղուն «պապի՛կ, կաղանդի ծառդ շտկեցի՞ր, նուէրներդ շարեցի՞ր» անմեղ հարցումը եկած ու փոխած էր անոր ընթացքը: Հայկի աչքերուն մէջ այդ թեթեւ կարծուած հարցականը խառնած էր ամէն «բան»:
Կաղանդի ծառ: Տօնածառ:
Բայց համեստօրէն ըսեմ, որ մենք, էրիկ-կնիկ, այս տարի որոշած էինք ո՛չ տօնածառ ունենալ, եւ ոչ ալ կաղանդ տօնել: Մենք մեզի սգաւոր համարած էինք: Իրապէս սիրտ չունէինք: Արցախեան ահաւոր պատերազմը մեզ հոգեպէս ցնցած էր, նոյնիսկ զգետնած ու մեր օրերը անտրամադիր դարձուցած: Ու այս մէկը չէինք կրնար թաքցնել: Յայտնի էր եւ երեւելի: Անոր համար էր, որ Հայկին անակնկալ այս հարցումին առջեւ, վայրկեանի մը համար շուարեցայ։ Բայց ինչո՞ւ ես այսպէս իրար անցայ, չեմ գիտեր։ Ի՞նչ պէտք էր, որ ըսէի այս փոքր տղուն, մեր այդ վիրաւոր հայրենիքի մասին, չէի գիտեր: Այս մէկն ալ ինծի համար հանելուկ մըն էր: Ուրկէ՞ սկսէի, եւ ի՞նչ կամ ինչպէ՞ս բացատրէի, որպէսզի մեր այս փոքրիկը, որ իր այս տարիքին տակաւին կը հաւատար «սանթա»ին՝ կաղանդ պապուկին, մեզի նման հայութեան բարդոյթով չտառապէր: Արդեօք այս առթիւ իմ ըսելիքներս, կամ ինծի համար արդար պատճառաբանութիւններս պիտի կրնայի՞ն զինք համոզել: Արդարացումներս պիտի հասկնա՞ր: Պիտի բաւարարուէ՞ր: Չեմ գիտեր: Շուարումը պատած էր միտքս: Նախ քիչ մը կմկմացի: Փորձեցի ամփոփել մտածումներս առանց բացայայտելու մտահոգութիւնս եւ անկէ ծնունդ առած յուզումս:
Ու վերջ ի վերջոյ որոշումս յայտնեցի: Ըսի, որ այս տարի ծառ-մառ չկայ…չունինք…չդրինք…: Բայց հազիւ այս քանի մը բառերը արտասանած էի, յանկարծ եւ անմիջապէս դէմքին վրայ անօրինակ զարմանք մը բռնեց: Անկանոն կացութիւն: Իսկապէս, որ շատ դժուար էր այդ պահուն պատմել, բացատրել, ներկայացնել հայրենի կեանքի իրողութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր խօսակցութիւնը իր կշռոյթը կորսնցուցած էր եւ իր դիմանկարն ալ տրամադրութիւնս քանդած: Միւս կողմէ կը զգայի, որ իր հոգին ալ դժուար պայքարի մէջ էր եւ անհաշտ: Ինք տակաւին շատ փոքր էր նման բաներ հասկնալու համար: Գիտեմ, որ իրեն համար էականը եւ առաջնայինը ուրիշ բան էր՝ մեզմէ ստանալիք իր նուէրները, որոնք «ես պէտք էր, որ մինչեւ հիմա մեր տան ծառին տակ շարած ըլլայի»:
Պարզ իրականութիւնը. Երբ այդ աւանդական կաղանդի ծառը իմ որոշումովս մեր տան մէջ գոյութիւն պիտի չունենար, ուրեմն նաեւ իր իսկ մանկական տրամաբանութեամբ պիտի չըլլային նուէրներ ալ: Անշուշտ նման եզրակացութիւն անճիշդ էր, բայց… ինչպէ՞ս համոզէի: Այս որոշումս իրեն համար … «Իթ իզ նաթ ֆեր», արդար չէր…: Ու այս նախադասութիւնը, քիչ մը  յուզական ձայնով, քանի մը անգամ կրկնելէ ետք հեռացած էր յուսախաբ եւ շատ նեղուած:
Բայց իրականութիւնը այն էր, որ այս օրերուն, իբրեւ հայեր, մեր մօտ խոր տխրութիւն մը կայ: Սուգ. Ցաւալի իրավիճակ: Որովհետեւ այդ պատերազմը, խաղալիք չէր եւ ո՛չ ալ անկէ մեզի բաժին ինկած մարդկային եւ պապենական հողերու ծանր կորուստները: Արդեօք այս բոլորը ինք պիտի կարենա՞ր հասկնալ: Կը կարծեմ, որ նման բաներ հասկնալու համար, նախ մարդ պէտք էր «անով» ապրէր: Էական է նաեւ, որոնել հայ կեանքն ու անոր պատմութիւնը, հայ կեանքի գաղտնիքը եւ հայ կամքի խորհուրդն ու ժամանակի գիտակցութիւնը:
Կը զգայի ,որ մէջս անհանգիստ ջիղ մը կար, որ տակաւին կը թրթռար: Ահա թէ ինչո՛ւ նեղուած էր եւ կարծես քիչ մըն ալ շատ յուսահատ իր պապիկէն: Մեր խօսակցութեան կապը անոր համար, կիսատ ձգած վայրկեանին կտրած էր եւ հեռացած, զիս առանձին ձգելով հեռաձայնիս պարզ եւ փայլուն ապակիին դիմաց: Ուրախութիւնս շատոնց կորսնցուցած էր իր թարմութիւնն ու փայլքը: Եւ եթէ յանցաւոր մը կար կամ կը փնտռուէր, ան ալ ես էի: Բայց… ինչպէ՞ս պէտք էր բացատրէի, թէ մենք թէեւ խաղաղասէր եւ ստեղծագործ ժողովուրդ մը եղած ենք եւ տակաւին ենք, սակայն նաեւ եղած ենք վշտահար ու մեր պատմութեան երկաթէ հարուածներուն տակ ճզմուած: Ամէնէն վատը, այս կացութեան հետ հաշտ ապրիլն էր:
Կասկած չկար, որ փոխուած էին  ժամանակները: Յայտնի էր, թէ ես երէկ մըն էի իրեն համար:
Փոխուած էր նաեւ սերունդը եւ իր հետ ապրելու մտածելու եւ գոյատեւելու պայմանները: Մտովի ինքզինքս կը համոզէի: Կ’ապրէինք այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր ձեւականութիւնը կը խառնէինք աւանդութեան հետ: Նաեւ ճիշդ էր, որ Սփիւռք կ’ապրէինք, եւ չեմ գիտեր մինչեւ երբ, բայց գիտեմ որ ամէնօրեայ մեր մաշումին, երբեմն անտարբեր ականատեսներ ալ կը դառնայինք: Հաւանաբար պէտք էր կեանքը դիտել իր անկիւնէն, որպէսզի իր սիրտը ինքնազսպումի ալիք չունենար: Չեմ գիտեր:
Ինծի համար այս օրերուն հայոց աշխարհը աւերի եւ ողբերգութեան երկիր մը դարձած կը թուէր. Ցաւ, մահ, կորուստ եւ խոր դառնութիւն: Մէկ կողմէ՝ հերոս զինուորի սխրագործութիւն առանց սակարկութեան հայրենիքի համար զոհել եւ զոհուիլ, իսկ միւս կողմէ ալ՝ համայնական հողի կորուստ եւ վիշտ: Աւելին՝ սերունդի մը կորուստը: Արդ՝ ինչպէ՞ս իրագործել մեր պատմական այս ճակատագիրը: Հայրենի դէպքերը ամէն օր տակաւին կը մրճահարեն մեր միտքերն ու հոգիները: Երբ որ ալ ըլլար կաղանդի տակ շարելիք այդ «խերը անիծած» նուէրներս, կրնայի այլ առիթով տալ, յանձնել: Բայց այս մէկը հասկնալ պէտք էր:
Քորոնայով սկսող տարին, Արցախեան պատերազմի ծանր հետքերով աւարտեցինք:
Ըսի «Քորոնա», որուն ներկայութեան նոյնիսկ ստուերդ կը սարսափի:
Արցախեան պատերազմ յիշեցի, կեանքի եւ հողի ու մահուան համար մղուած անհաւասար եւ պարտադիր կռիւ, որուն դէպքերը ցնցած են մեր գիտակցութիւնը: Անկասկած ունեցանք հերոսներ, որոնք հայրենիքի ծառայութեան եւ անոր հողերու պաշտպանութեան կեանք զոհած եւ նուիրած են:
Յիշեմ, որ մենք հայերս, ազգովին մեր հերոս նահատակները մեզի հետ ապրեցնող ազգ ենք: Միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ մեր նահատակ հերոսներուն սուգը մեր կեանքի արեւն ալ է: Բոլորին յիշատակը մերն է, եւ մենք պարտաւոր ենք հսկել եւ պահել: Ահա թէ ինչո՞ւ այս տարի, կաղանդի ծառի ներկայութենէն մենք մեզ կամաւոր զրկեցինք: Համարձակ եւ յստակ իրականութիւն:
Իսկ հիմա, ճիշդ է, որ աշխարհը անորոշ վիճակ մը ունի եւ հիւանդ ալ է: Ու նաեւ ճիշդ է, որ ամէն տեղ կան բարութեան եւ չարութեան մրցումներ, որոնց պատճառով անմեղներ կը զոհուին: Բայց եւ այնպէս գիտակցիլ պէտք է: Հայրենիքին նոր շունչ տալ պէտք է, որպէսզի հասարակականութիւնը ամբոխի չվերածուի: Հաւատք եւ վստահութիւն դնել պէտք է ժողովուրդին վրայ: Նաեւ յիշենք, որ միշտ յանցանքը ուրիշին բեռցնելով, կարելի չէ կեանքը շարունակել: Կեանքը կ’ենթադրէ նաեւ պատասխանատուութիւն: Արդեօ՞ք ամէն անգամ ողբերգութիւն մը պէտք է մեզի, որպէսզի մենք ինքնագիտակցինք:
Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք:
Թէեւ մեզի հրամցուեցաւ խաբկանքն ու մխիթարութիւնը, սակայն ազգովին կը հաւատանք, որ շուտով պիտի գայ ժամանակը, եւ հայու այս աղմուկին մէջէն, պիտի շարժին շինարար ձեռքեր, միտքեր եւ բազուկներ՝ նորակերտելու մեր սգաւոր հայրենիքը:
Ահա նոր տարուան առթիւ երազներուս, տենչերուս ու յոյսերուս գունաւոր զարդերը:
Բայց անմեղօրէն յայտնեմ, որ մինչեւ հիմա տակաւին Հայկին «իթ իզ նաթ ֆեր»ը մտքիս մէջ է: Արդեօք ան ե՞րբ պիտի կարենայ հասկնալ, որ աշխարհի վրայ ֆեր կամ արդարութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի:
Արդ, մինչեւ անոր գիտնալը, Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Բարի կաղանդ բոլորիս ու նաեւ աշխարհի այս օրերու ցուրտին դէմ, հայու մաքուր հոգիէն «տաքուկ» արեւ մը ունենալու երջանկութիւն բոլորիդ:
Գէորգ Պետիկեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»