«Գանձասար» Հալէպի ազգային վարժարաններու դժուարութիւններուն եւ անցնող տարուան ուսումնակրթական անցուդարձերուն ծանօթանալու համար մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէններուն հետ: Դժուար տարի մը անցուցին մեր վարժարանները այս անգամ ոչ պատերազմի, այլ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցները.
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱԶԳ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՏԻԿ. ԶԵՓԻՒՌ Է. ՐԷԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
«Գանձասար»- Անցնող տարեշրջանին Ազգ. Միացեալ վարժարանը ինչպիսի՞ դժուարութիւններ ունեցաւ համաճարակին պարտադրած պայմաններուն ներքեւ:
Զեփիւռ Է. Րէիսեան.- 2019-2020 Տարեշրջանի մօտաւորապէս վերջաւորութեան էր, երբ  համաճարակին գագաթնակէտի հասնելուն հետեւանքով Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը որոշեց փակել դպրոցները, հետեւաբար ոչ անցնող տարեշրջանի ընթացքին, այլ աւարտին միայն, ունեցանք դժուարութիւն դասաւանդական ծրագիրին ամբողջացման գծով:
Սկզբնական շրջանի ժամանակաւոր  փակումին յաջորդեց աշակերետները առանց քննութեանց  յաջորդ կարգ տեղափոխելու նախարարական որոշումը: Ստեղծուած այս կացութեան ի տես, երբ  յարմար պայմաններ ստեղծուեցան հաւաքի, ձեռնարկեցինք կարգ առ կարգ ծնողական հանդիպումներու, ուր ներկայացուցինք ուսումնական ծրագիրին իրագործուած բաժինները, նաեւ չդասաւանդուած դասերը (շուրջ 20% համեմատութեամբ), նիւթ առ նիւթ ներկայացուեցան տան մէջ աշխատելու նախատեսուած դասերն ու վարժութիւնները, ինչպէս նաեւ յստակ ներկայացուեցան  վերամուտին դպրոցին մէջ ուսուցիչներուն հետ աշխատելու համար առանձնացուած դասերը: Նկատի առած որ աշակերտութեան մեծամասնութիւնը չունի արդիական գործիքներու օգտագործման կարելիութիւններ (համակարգիչ կամ tab, երբեմն նոյնիսկ  smart phone), ուսուցչուհիներու բծախնդիր աշխատանքով պատրաստուեցան ծնողներու հսկողութեամբ իրագործուելիք դասերու ամփոփումներն ու վարժութիւնները եւ տպուած պրակները յանձնուեցան ծնողներուն:
Ծնողական հանդիպումին կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ տիրող պայմաններու թոյլատրած չափով, դասապատրաստութեան աշխատանքէն չընդհատուելու եւ օրական յստակ ժամանակացոյցով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը: Օգտագործելու թելադրանքով ծնողներուն փոխանցուեցան նաեւ Կրթութեան Նախարարութեան առցանց դասաւանդման համար ստեղծած կայքերուն հասցէները: Ցաւօք, սակայն, վերոյիշեալ աշխատանքները շատերու կողմէ անհրաժեշտ լրջութեամբ չհետապնդուեցան, ուսումնական բացը վերականգնելու  աշխատանքները մեր նախատեսումէն աւելի դանդաղ ընթացք ունեցան:
«Գ.»- Ինչպիսի՞ միջոցներու դիմեցիք եւ պէտք է դիմել նման պարագաներու ուսումնական ծրագիրը լաւապէս կիրարկելու համար:
Զ.Է.Ր.- Վարակի վերստին տարածուելու եւ առցանց դասաւանդման պարտաւորութիւն ստեղծուելու հաւանականութեան առկայութեամբ, վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան համար հետապնդելի ծրագիր էր ուսուցչական կազմին համակարգիչի օգտագործման հմտութեանց բարելաւումը կամ կատարելագործումը եւ այժմէական գիտելիքներով օժտումը: Ծրագիր, որ իրագործուեցաւ ամառնային արձակուրդի շրջանին Առաջնորդ Սրբազան Հօր աչալուրջ հսկողութեամբ ու Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի բծախնդիր  կազմակերպումով:
Վերոյիշեալէն անկախ,  աշնան, երբ սկսաւ նոր ուսումնական տարեշրջանը, դպրոցի միջավայրին մէջ  վարակի  տարածումը կանխելու, աշակերտութեան եւ պաշտօնէութեան առողջապահութեան պահպանման նախանձախնդրութեամբ, ձեռք առնուեցան բազմապիսի միջոցներ, օրինակ՝  նոր բաժանումներ բացուեցան, որպէսզի  իւրաքանչիւր դասասենեակի մէջ ունենանք առաւելագոյնը 15-20 աշակերտ, Ազգ. Վարչութեան թելադրանքով եւ հոգաբարձական կազմին հետեւողական աշխատանքով վարժարանը օժտուեցաւ մուտքին տեղադրուած ախտահանման խցիկով եւ  ջերմաչափման ու այլ հականեխման սարքերով, խստապահանջութեամբ կը հետապնդուին դասարաններու եւ ինքնաշարժներու ամէնօրեայ մանրէազերծումը եւ աշակերտներու կողմէ  առողջապահական կանոններու գործադրութիւնը,…: Կ՛ենթադրեմ որ այս բոլորին շնորհիւ, փառք Աստուծոյ, ցարդ ոչ մէկ վարակ կամ կասկածելի պարագայ ունեցած ենք:
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ԱԶԳ. ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՅԱԿՈԲ ՔԻԼԷՃԵԱՆԻ ՀԵՏ
«Գանձասար»- Յարգելի պրն. Յակոբ, Ճեմարանի աշակերտութիւնը համեմատաբար աւելի մեծ է տարիքով, հաւանաբար ալ աւելի դիւրին է անոր համար համաճարակի կանխարգելիչ միջոցներու կիրարկումը: Դո՞ւք ինչ կը պատմէք նախորդ ուսումնական տարուան մասին: 
Յակոբ Քիլէճեան.-Շնորհակալութիւն «Գանձասար»ին, որ տեւաբար լուսարձակի տակ կ’առնէ մեր աշխատանքները:
 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին թագավարակի համաճարակին հետեւանքով 22 Մարտին  դասաւանդութիւնը կասեցուեցաւ Սուրիոյ Կրթական Նախարարութեան կողմէ  եւ այս արձակուրդը երկարաձգուեցաւ մինչեւ տարեշրջանի աւարտը ու բոլոր աշակերտները յաջողած համարուեցան ու փոխանցուեցան յաջորդ կարգ, 2020-2021 ուսումնական տարեշրջան:
Մենք լուրջ դժուարութիւն ունեցանք այս ընթացքին մեր դասաւանդութիւնը շարունակելու: Բարեբախտաբար մինչեւ 22 Մարտ պետական քննութիւններ յանձնող կարգերուն՝ 9-րդի եւ 12-րդի, ծրագիրը աւարտած էինք: Անոնց փորձ քննութիւններուն համար դիմեցինք առցանց դասաւանդութեան, հարցարանները առցանց կը տրամադրէինք աշակերտներուն, որոնք կը պատասխանէին ու նոյնպէս առցանց կը ղրկէին  ուսուցիչներուն, հարցարանը կը սրբագրուէր ու կրկին կը փոխանցուէր աշակերտին, այսպիսով  իւրաքանչիւր կարգ իր բոլոր նիւթերու փորձ քննութիւնները աւարտին հասցուց: Մինչեւ պետական քննութիւններու աւարտը, համաճարակի  տարածումը տակաւին վտանգաւոր չէր համարուեր, ուստի աշակերտները կրցան յանձնել պետական քննութիւնները, սակայն աւելի ուշ, Յուլիսի աւարտին ու Օգոստոսի սկիզբը, համաճարակէն լուրջ կորուստներ ունեցանք, դժբախտաբար Ճեմարանիս ընտանիքէն հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Յուշիկ Ղազարեանը կորսնցուցինք թագավարակի համաճարակին հետեւանքով:
Իսկ մնացեալ կարգերու պարագային, Մարտէն Մայիսի մէջ առցանց դասաւանդութեան փորձեր ըրինք, այսպէս օրինակ՝ ուսուցիչները դասերը արձանագրեցին եւ ճեմարանիս դիմատետրի էջին վրայ տեղադրեցին ու աշակերտները հետեւեցան անոնց: Սակայն փորձը ի յայտ բերաւ, որ Սուրիոյ մէջ առցանց դասաւանդութիւնը լուրջ դժուարութիւններ ունի: Նախ երբ ուղիղ եթերով ուսուցիչը ելոյթ պիտի ունենայ եւ աշակերտները տեղւոյն վրայ ներկայ պիտի ըլլան (օրինակ զում-ի միջոցաւ) հիմնական դժուարութիւնը ելեկտրականութեան յաճախակի անջատումն է բոլորին մօտ, երկրորդը՝ բոլորը համապատասխան արագութեամբ համացանցի գիծ չունին, երրորդը՝ բոլորը համապատասխան գործիքներ չունին (համակարգիչ կամ laptop) ասոնք յաղթահարելը մեծ նիւթական կ’ենթադրէ, որ ներկայիս դժուար է ապահովել: Հետեւաբար մենք աշխատեցանք մեր ուսուցչական կազմը համապատասխան միջոցներով զինելու համար: Անոնք մասնակցեցան Ուսումնական Խորհուրդին կազմակերպած համակարգչային դասընթացքին եւ ստացան անհրաժեշտ գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, առ ի պատրաստութիւն առցանց դասաւանդութեան, փորձելով յաղթահարել նման պարագաներու դժուարութիւնները:
«Գ.»- Այս տարեշրջանին ի՞նչ քայլեր առիք ապահով միջավայր գոյացնելու դպրոցէն ներս:
Յ.Ք.-Սեպտեմբերի կիսուն, երբ վերամուտ յայտարարուեցաւ, աշակերտները ամենայն ուրախութեամբ դպրոց մուտք գործեցին: Կ’իմանայինք, որ կ’ուզէին դպրոց յաճախել, որովհետեւ կարօտցած էին այս մթնոլորտը եւ անպայման կ’ուզէին ստանալ նախորդ շրջանի չհրամցուած գիտելիքները, որոնք արդէն իսկ մեր ուսուցիչները այս տարուան դասաւանդութեան հետ առընթեր տուին աշակերտներուն, մանաւանդ հիմնական նիւթերու բացերը:
2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբէն կիրարկեցինք համաճարակէն նախազգուշանալու շարք մը քայլեր: Իւրաքանչիւր առաւօտ աշակերտներուն ջերմաստիճանը կը չափուէր, որեւէ յատուկ պարագայ երբ նկատէինք որեւէ աշակերտի մօտ ուղղակի տուն կ’ուղարկէինք եւ ան անհրաժեշտ դարմանումին կ’ենթարկուէր: Ամէն օրուան աւարտին, բոլոր դասարաններն ու փոխադրակարգերը կը հականեխէինք, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն կը տրամադէինք բժշկական դիմակներ, դասապահերուն ուսուցիչները կը թելադրէին աշակերտներուն զանոնք անպայման օգտագործել:
Համեմատելով նախորդ տարուան թիւ՝ այս շրջանին աշակերտներուն թիւը 8% աճ արձանագրեց, որովհետեւ Սուրիոյ այլ նահանգներէն ու այլ երկիրներէ ծնողներ Հալէպ վերադարձան: Թագավարակի համաճարակը պատճառ դարձաւ նաեւ տնտեսական դժուարութիւններու, այս իսկ պատճառով կրթաթոշակներուն մեծ բաժինը Ազգ. Վարչութիւնը հոգաց, մնացած բաժինը ծնողները մեծ գիտակցութեամբ կը փորձեն փակել:
Ուշադրութեան արժանի էր այս տարի Արցախեան պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած մթնոլորտը ճեմարանէն ներս: Աշակերտները իւրայատուկ ձեւով ներկայացուցին Արցախի պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը եւ պատերազմի օրերուն աջակցութիւն բերին Արցախի իրենց դասընկերներուն՝ իրենց համեստ նիւթական կարողութիւններով կոկիկ գումար մը նուիրելով Արցախ ֆոնտին: Դժբախտաբար պատերազմին աւարտը մեր ակնկալածին պէս չեղաւ, սակայն պայքարը կը շարունակուի:
Ազգովին կը թեւակոխենք նոր տարի մը, նոր յոյսերով:
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»