Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերն ու անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն ոճիրներ գործել Հասիչէի Արուարձանի Ռաս ուլ Այն քաղաքի բնակիչներուն դէմ։ Ահաբեկչական խմբաւորումներ զէնքի ուժով եւ զինամթերքի թուրք առեւտրականներու հետ գործակցելով գրաւեցին բնակիչներուն սեփական առեւտրական խանութները, թալանեցին անոնց ապրանքները եւ խանութները վերածեցին զէնքի եւ զինամթերքի։ պահեստի կեդրոնի։ Նախապէս թրքական ուժերը եւս զէնքի ուժով եւ անընդհատ շրջանը հրթիռակոծելով գրաւեցին ժողովուրդին բնակարանները, որպէսզի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ընտնաիքներուն տրամադրեն որպէս հաստատման կեդրոններ։