«Երկիր».-Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները 10 Յունուարին քննարկած են երկու երկրի պետական սահմաններուն տեղի ունեցած դէպքերուն  միատեղ հետաքննութեան ու գերիներու փոխանակման առնչուող հարցերը:

«Ատրպէյճանի պետական Անվտանգութեան Ծառայութեան ղեկավար Ալի Նագիեւ եւ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան հանդիպած են 10 Յունուարին Որոտան եւ Շուռնուխ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, որոնք կ’ընդգրկուին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի կազմին մէջ:

Հանդիպումին քննարկուած են երկու երկիրներու պետական սահմաններուն տեղի ունեցած դէպքերուն միատեղ հետաքննութեան, Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան, ռազմական գործողութիւններու գօտիին մէջ մարմիններու յայտնաբերումին եւ գերիներու փոխանակման առնչուող հարցեր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը քննարկած են անհետ կորածներու եւ պատանդներու ճակատագիրներու պարզաբանումին հետ կապուած հարցերը:

Ատրպէյճանի Պետանվտանգութեան Ծառայութիւնը հաստատած է, որ երկու երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները հանդիպում ունեցած են նաեւ 8 Յունուարին հայ-ատրպէյճանական սահմանի չէզոք գօտիին, որ կը գտնուի  Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Տուեալ հանդիպումին ընդգծուած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեամբ կատարուած հրադադարի պահպանումը կը ծառայէ երկու ժողովուրդներու շահերուն եւ անվտանգութեան: