«Փաստինֆօ»ի եթերին  ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէններու հանդիպումներուն ըսած է, որ Նիկոլ Փաշինեան կրկին Ռուսիոյ թիկունքը կանգնած ուղղակի կապի մէջ է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ` մասամբ  գաղտնի, մասամբ բացայայտ` իր դաւադիր ծրագիրները աւարտին հասցնելու համար, ուրիշ բացատրութիւն  չունիմ: «Երբ կը վերլուծես այս ամէնը, կը յանգիս մէկ եզրակացութեան` Թուրքիոյ հետ կ’ուզեն  ունենալ սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ իմ տպաւորութեամբ, այո՛, Նիկոլը ուղղակի կապի մէջ է Ատրպէյճանցիներուն հետ», ընդգծած է Ի.Սաղաթէլեան: Աւելին, անոր կարծիքով, Փաշինեան նախապէս ունեցած է որոշ կապեր, որոնց հետեւանքով նաեւ ձեւաւորուեցաւ անվստահութիւնը մեր ռազմավարական գործընկերներուն, դաշնակիցներուն նկատմամբ:

«Այս մարդը շատ վտանգաւոր գործունէութեան մէջ է նաեւ այս օրերուն: Եւ այն քաղաքացիները որոնք այսօր կը մտածեն, որ լաւ է, այլեւս պատերազմ պիտի չըլլայ, մեր երեխաները Արցախ չեն երթար, իրենք ուղղակի ամբողջութեամբ չեն պատկերացներ ստեղծուած իրավիճակը, պատերազմը չէ աւարտած, ու Նիկոլի գործունէութեան հետեւանքով մենք կանգնած ենք նոր պատերազմի եզրին», ընդգծած է ան: