«Տեղեկատուական առճակատում» եզրոյթը կը բնութագրէ մարդկային հանրութեանց միջեւ ծաւալող դիմակայութեան գործընթաց, որ կը ձգտի ռազմավարական մակարդակի գիտական, քաղաքական, տնտեսական, ռազմական կամ այլ նպատակներու իրագործման եւ յաջողութեան:
Տեղեկատուական առճակատման առաջին վաւերագրուած արտայայտութիւնը արձանագրուած է,- այսպէս կոչուած,- Արեւելեան պատերազմի կամ Խրիմի պատերազմի ընթացքին (1853-1856), երբ Սինոքի ճակատամարտին անմիջապէս յետոյ անգլիական մամուլը այդ ճակատամարտի մասին հաշուետուութիւն ներկայացնելով կը գրէր. «Ռուսերը կը գնդակահարէին ու վերջ կու տային ծովուն մէջ լողացող վիրաւոր թուրքերու կեանքերուն…»:
Տեղեկատուական պատերազմը կը սանձազերծուի մադկային հանրութեանց միջեւ, որոնք ստեղծած են իշխանութեան սեփական համակարգեր, կը բովանդակեն տարբեր, երբեմն նոյնիսկ զիրար մերժող, փոխ բացառող եւ հակասող արժեհամակարգեր՝ գաղափարախօսութիւն եւ իշխանութեան վարչադրոյթ ներփակող։ Նման հանրոյթներ կը հանդիսանան ճանչցուած եւ չճանչցուած պետութիւնները, պետութեանց դաշինքներն ու միութիւնները, քաղաքացիական պատերազմի կողմերը, ծայրայեղական եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք կը ձգտին բռնի ուժով զաւթել երկրի իշխանութիւնը, անջատողական եւ ազատագրական շարժումները։
Տեղեկատուական ենթահողի վրայ ընթացող հակամարտութիւնը կ’ուղեկցի կեանքի եւ գործունէութեան հիմնարար ոլորտներէն (քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ այլ…) ներս իրականացող առճակատումներուն ու կ’ապահովէ անոնց բարեյաջող ելքը։
Տեղեկատուական պատերազմի ղեկավարման եւ ծաւալման գլխաւոր միջոցներ կը հանդիսանան զանգուածային լրատուամիջոցները, ընկերային ցանցերը, փոստային ծառայութիւններն ու մինչեւ անգամ ներժողովրդային բամբասանքները։
Տեղեկատուական պատերազմին կրնան մասնակցիլ թէ՛ իշխանութիւններու կողմէ ստեղծուած կառոյցները, եւ թէ առանձին հանրոյթներ, խմբաւորումներ ու անհատներ։
Տեղեկատուական առճակատումը շարունակական է, անընդմէջ։ Կը ծաւալի ոչ միայն պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին, այլ նաեւ խաղաղ պայմաններու տակ։
Միջազգային նորօրեայ յարաբերութեանց մէջ շատ մը պետութիւններ մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայեն տեղեկատուական պատերազմներ ղեկավարող դրոյթներու արդիականացման եւ տեղեկատուական անվտանգութեան պահպանման հիմնախնդիրներուն։ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան, մեթոտներու եւ հնարքներու առաջընթացն ու հեռահաղորդակցութեան միջոցներու ժամանակակից նուաճումները միջպետական իրադարձութիւններու հարթութեան վրայ սեփական շահերն ու նպատակները յառաջ մղող էական գործօններ կը համարուին։ Հետեւաբար՝ պետութիւններ անսպառ ջանք, եռանդ եւ նիւթական հսկայ յատկացումներ ի սպաս կը դնեն՝ տիրանալու համար արհեստավարժ «տեղեկատուական բանակ»ի եւ պաշտպանուած տեղեկատուական ենթակառոյցներու։ Վերջին տարիներու համաշխարհային փորձը կը վկայէ, որ տեղեկատուական հոսքերու ներգործութիւնը որեւէ պետութեան համար կրնայ հզօր զէնքի վերածուիլ եւ հակառակորդի նկատմամբ առաւելութիւն շնորհել անոր։ Իսկ նման զէնք դիմակայելու համար անհրաժեշտ ներուժէ եւ հնարաւորութիւններէ զուրկ պետութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յայտնուին պարտուածներու եւ արհամարհուածներու շարքին։
Անցնող երեսուն ամեակին հայկական զոյգ հանրապետութիւնները՝ Հայաստանն ու Արցախը, պարտադրաբար ներքաշուած են տեղեկատուական անողոք եւ մաշեցնող մարտերու մէջ։ Ազերիական տեղեկատուական քաղաքականութեան դէմ իր անդուլ պայքարին շնորհիւ, հայկական կողմը բաւական փորձ եւ գիտելիք կուտակած է արդէն։ Սակայն աստիճանաբար վերափոխուող եւ զարգացող հաղորդամիջոցները, ինչպէս նաեւ թշնամիի կողմէ տակաւ սաստկացող քարոզչութիւնը մեր զոյգ պետութիւններուն համար, անհրաժեշտութիւն կը դարձնեն ժամանակի փոփոխութեանց համահունչ քայլեր որդեգրել, ինչու չէ նաեւ՝ հարկաւորութեան պարագային համարժէք հակահարուածներով հակառակորդի գործողութիւնները հակակշռելը։
Վերոյիշեալ տեսակէտի լաւագոյն ապացոյցն ու արժանահաւատ հաստատումը պիտի հանդիսանար, ընթացիկ 2020 տարեթիւի Սեպտեմբերին, ազերիներու կողմէ արցախահայութեան դէմ շղթայազերծուած մէկուկէսամեայ լայնածաւալ եւ ողբերգական պատերազմը, որ ահաւոր եւ կործանարար հետեւանքներ ունեցաւ պատերազմող հայ եւ ազերի ժողովուրդներուն համար, պատճառելով անոնց՝ մարդկային եւ տնտեսական անդարմանելի ու անհաշիւ կորուստներ։ Այդ օրհասական պատերազմի ռազմական գործողութիւններուն կը զուգակցէին տեղեկատուական ոչ-պակաս սարսափելի առճակատումներ, որոնց հանգամանօրէն կ’անդրադառնանք հետագայ տողերով։
* * *
Թուրքիոյ բացայայտ օժանդակութեամբ, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ մարտական լայնածաւալ գործողութիւններու զուգահեռ, հակամարտող կողմերու միջեւ տեղեկատուական թէժ պատերազմ մեկնարկած էր։
Առճակատող զոյգ կողմերն ալ սեփական հասարակութիւնները կ’իրազեկէին իրենց արձանագրած «հպարտառիթ» յաջողութիւններու եւ յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ հակառակորդի «անփառունակ» ձախողութեանց, թուլութեանց, նահանջի եւ ընկրկումներու մասին։
Նոյն ընթացքին անոնք չէին վարանիր հակառակորդի հասցէին վիրաւորանքներ, վարկաբեկումներ, գայթակղեցուցիչ տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ հրամցնելու հանրութեան՝ ոգեւորելու համար սեփական ժողովուրդը, միաժամանակ ահ ու սարսափի մատնելու թշնամին։
Իսկ հակադիր կողմերու ներկայացուցած մարտական գործողութիւններու առնչուած պատկերները մեծ տարողութեամբ կը տարբերէին իրարմէ։
Այսպէս, Հայաստանի թէ Ատրպէյճանի մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան արդիւնքով խօսքի ազատութիւնը զգալիօրէն սահմանափակուած էր։
Հայաստանի մէջ, ուր անկախ մետիայի հետ աղերսուած իրավիճակը աւանդաբար եւ առհասարակ աւելի բարենպաստ պատկեր կը պարզէ, քան Ատրպէյճանի պարագային, 8 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ կը գործէր յատուկ օրէնք, որով կ’արգիլուէր ռազմաճակատի կացութիւնը բացասաբար ներկայացնել։
Որպէս գլխաւոր հաղորդումներ, կողմերը պարբերաբար հանրութիւնը կը տեղեկացնէին ծաւալող ռազմական գործողութիւններու ընթացքին մասին, առաւել եւս հերթականօրէն կը զեկուցէին սեփական թէ թշնամիի կորուստներու առնչութեամբ։
Հայկական կողմը պարբերաբար կը հրապարակէր նահատակուած հայ զինծառայողներու անուանացուցակները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր հրետակոծութիւններու պատճառով զոհուած կամ վիրաւոր խաղաղ եւ անզէն բնակիչներու մասին։
Ատրպէյճան կը բաւականանար պարբերաբար անդրադառնալով սեփական խաղաղ բնակիչներու մահուան պարագաներուն, մինչ՝ ռազմաճակատներու վրայ կորսնցուցած իր զինծառայողներու թիւը չէր հրապարակեր՝ խոստանալով այդ մասին հաղորդել պատերազմի աւարտէն ետք միայն։
Պատերազմի մեկնարկէն ի վեր, ատրպէյճանական կողմէն գլխաւոր եւ պաշտօնական «խօսափող»ի պարտականութիւնները կը կատարէին երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի twitter-եան գրառումները, որոնց մէջ պարբերաբար կը հաղորդուէին ատրպէյճանական բանակի կողմէ գրանցուած յաղթանակներու եւ գրաւուած տարածքներու կամ բնակավայրերու մասին։
Որոշ ժամանակ ետք, սովորաբար, այդ տեղեկութիւններուն կը հետեւէր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսահաստատումը YouTube-եան եւ telegram-եան ալիքներով։
Նոյն կերպով յայտարարուեցան Թալիշ ու Մատաղիս գիւղերու, Ճապրայիլ եւ Ֆիզուլի քաղաքներու գրաւման լուրերը։ 2020-ի Հոկտեմբեր 9-ին Ատրպէյճանի նախագահը շտապեց յայտարարելու Հատրութի շրջկեդրոնի գրաւման լուրը, մինչդեռ՝ ատրպէյճանական հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, այդ գրաւումը իրականացած էր տուեալ թուականէն քանի մը օր ետք միայն։
Բնականաբար, որպէս կանոն, հայկական կողմը կը մերժէր ընդունիլ իրեն վերագրուած դիրքերու եւ բնակավայրերու կորուստը, լռելեայն հերքելով Իլհամ Ալիեւի լպիրշ յոխորտանքով կատարած հերթական հաղորդումները՝ ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած նորանուաճ գիւղերու կամ տարածքներու մասին։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր խօսանակ Արծրուն Յովհաննիսեան 24 Հոկտեմբեր 2020-ի իր պաշտօնական հաղորդման ընթացքին, հայկական բնակավայրերու մէջ ատրպէյճանական դրօշներու տեղադրման առնչուած հակառակորդի յայտարարութիւնները հետեւեալ ձեւով կը բացատրէր. «Ատրպէյճանական խմբերը սկսել են հայկական գիւղեր ներթափանցել, դրօշներ տնկել՝ յաղթանակ ցուցադրելու եւ խուճապ սերմանելու համար…»։
Հայկական կողմը յաճախ յայտարարած է արցախեան բանակի տարբեր զօրամիաւորներու բարեյաջող հակագրոհներու եւ ատրպէյճանական զօրքի հերթական ընկրկումներու, ինչպէս եւ հսկայական կորուստներու մասին։ Սակայն Պաքուն միշտ ալ հերքած է այդ յայտարարութիւնները։
Երեւանը, իր հերթին, մինչեւ պատերազմի վերջընթեր օրը հետեւողականօրէն կը դրժէր ատրպէյճանական բանակի յառաջխաղացքի եւ ռազմական յաջողութիւններու կապակցութեամբ շրջանառուող հրատարակումները։
Իւրօրինակ նախադէպ կը հանդիսանար հայկական կողմէն Կուպաթլի շրջկեդրոնի կորուստը։
Երեւան, 25 Հոկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեց ռազմական գործողութիւններու իր քարտէզը, որ բնականաբար, հիմնովին կը տարբերէր Պաքուի կողմէ քանիցս հրապարակուող քարտէզներէն։
Անշուշտ, մարտական գործողութիւններու գօտիէն ներս անկողմնակալ դիտորդներ դժուար էր գտնել, այնտեղ հազուագիւտ եղած են նաեւ չէզոք լրագրողներն ու զանազան լրատուամիջոցներու անկաշառ թղթակիցները։ Այդ պատճառով ալ՝ ռազմաճակատի իրադարձութիւններու զարգացման մասին ճշգրիտ եզրակացութիւններ կատարելը ընդհանրապէս անկարելի կը թուէր։ Նման եզրայանգումներ հնարաւոր կը դառնան միայն մասնագիտական աչալուրջ եւ բարեխիղճ քննութեամբ, անաչառօրէն ուսումնասիրելով եւ բաղդատելով հակամարտող կողմերու նիւթերը, բացայայտուող կողմնակի նշաններն ու անոնց մանրամասները։
Թշնամիի զինամթերքի, ռազմասարքերու եւ բանակայիններու ոչնչացման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական (մարդակային թէ տնտեսական) ահաւոր կորուստներու վերաբերեալ այլազան տեսանիւթեր հրապարակելու որեւէ առիթ հակադիր զոյգ կողմերու պաշտօնական ալիքները ջանացած են առաւելագոյնս օգտագործել։
Այդ հրապարակումները, Ատրպէյճանի պարագային, կը բովանդակէին տրոններով յարձակումներու բազում տեսագրութիւններ, իսկ հայկական կողմի պարագային՝ հրետանիի, հետեւակի եւ հակահրասայլերու արդիւնարար աշխատանքը։ Յիշեալ տեսանիւթերու ընդմէջէն հնարաւոր դարձած է ստուգել, եւ յայտնաբերել անհետ կորած բազում մարդոց մահը։
Չմոռնանք սակայն, որ առաւել հիասթափեցնող ու սահմռկեցուցիչ նիւթերը առհասարակ կը ներկայացուին ընկերային ցանցերով կամ առանձին սեփականատէրերու պատկանող մասնաւոր մարզի մետիայով, գլխաւորաբար՝ telegram ալիքներով։ Այս ալիքները կ’օգտագործուին թէ՛ ընթացող իրադարձութիւններու նկատմամբ պաշտօնական տեսակէտի վերարտադրման, թէ՛ ռազմաճակատի վրայ տիրող իրավիճակի մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւններու ընդհանրացման, եւ թէ այնպիսի նիւթերու տարածման համար, որոնց մասին լրատուական պաշտօնական եթերակայանները չեն ցանկար անդրադառնալ՝ ցեղային-էթնիք նկատառումներով։
Այդ ալիքներու միջոցով կարելի է ծանօթանալ առճակատող երկու կողմերէն քաղուած բազմաթիւ տեսանիւթերու՝ որոնց մէջ կը պատկերուին թշնամի զինուորներու անկենդան մարմիններ, երբեմն՝ որոշակի նպատակով ցուցադրուած մանրամասներով, մինչեւ անգամ անմարդկայնօրէն պղծուած մարմնահետքերով։
Յիշենք թէ՝ երկու հայ զինուորներու կամ աշխարհազօրայիններու (որոնցմէ մէկը՝ տարեց) գերեվարման եւ գնդակահարման վերաբերող տեսանիւթը աշխարհով մէկ առանձնայատուկ արձագանգ յառաջացուցած է եւ դատապարտումներու լայնածաւալ ալիք բարձրացուցած։ Ատրպէյճանցիք, անմիջապէս, այս նիւթը «ֆէյք» (յերիւրածոյ) որակած են։ Սակայն Պի-Պի-Սի պատկերասփիւռի ու Bellingcat միջազգային հետազօտախումբը կը պնդեն, որ ատրպէյճանական զօրքին կողմէ վերջերս գրաւուած Արցախեան Հատրութ քաղաքին մէջ տեղացի երկու հայորդի իրօք գնդակահարուած են ազերի գրոհայիններու կողմէ։
Տեղեկատուական պատերազմի գլխաւոր թեմաներէն կը հանդիսանար ատրպէյճանական թէ հայկական բանակներու կողքին կռուող վարձկան զինեալներու կամ ահաբեկիչներու հարցը։
Սեպտեմբեր 2020-ի հայ-ատրպէյճանական վերջին պատերազմի առաջին օրէն իսկ Երեւանի մէջ կը պնդէին, թէ Ատրպէյճանի կողքին հայկական բանակին դէմ կը կռուին սուրիական թրքամէտ խմբաւորումներու վարձկան զինեալներ, որոնք սուրիական պաշտօնական իշխանութիւններու հակառակորդներն են, եւ որոնք Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ եւ օժանդակութեամբ տեղափոխուած են Ատրպէյճան հայոց զօրքին դէմ առճակատելու։
Հրապարակուած են զանազան տեսանիւթեր, որոնց մէջ մարտերու ընթացքին կամ Ատրպէյճանի կողմէ արդէն իսկ գրաւուած դիրքերու վրայ ի յայտ կու գան արաբերէն խօսող զինեալներ։
Արեւմտեան որոշ պարբերականներ, ինչպէս Պի-Պի-Սի-ն եւ Ռոյթըրզը, կը հաստատեն վարձկան զինեալներու Ատրպէյճան տեղափոխութեան իրողութիւնը։ Երեւանը զանոնք «ահաբեկիչներ» կ’անուանէր եւ կը փորձէր համոզել Ռուսաստանը՝ հակաահաբեկչական հաւաքական պայքար ձեռնարկելու անոնց դէմ։ Մինչ արեւմտեան մետիան՝ պարզապէս «վարձկաններ» կամ «սուրիացի ապստամբներ» որակումներով կ’անդրադառնար այդ զինեալներուն։
Ինչպէս կանխանշեցինք, Պաքուն յամառօրէն կը հերքէր օտար զինեալներու առգոյութիւնը սեփական զինեալ ուժերու շարքերուն մէջ, ամենայն պոռոտախօսութեամբ միշտ կրկնելով ու պնդելով՝ որ աւելի քան հարիւր հազար զինուոր հաշուող բարձր մարզուածութեան տէր եւ ժամանակակից արդիագոյն զինամթերքով օժտուած իր բանակը ինքնաբաւ է ու ի վիճակի՝ հայկական «զաւթիչ» ուժերէն ազատագրելու Ղարաբաղը եւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան վերադարձնելու զայն։
Նոյն ընթացքին, ատրպէյճանական մամուլի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ կը հանդիպինք այնպիսի ստապատիր տեղեկութեանց, որոնք կը փորձեն հաւաստիացնել՝ թէ հայկական բանակի կողքին ատրպէյճանի դէմ կը կռուէին հակաթուրք թեքումով ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ քիւրտ զինեալներ։
Ինչպէս զոյգ կողմերու պետական-պաշտօնական յայտարարութեանց, այնպէս ալ անոնց հետեւորդ անկախ մետիայի հրապարակումներուն մէջ հակառակորդի հասցէին անխնայօրէն շռայլուած վարկաբեկիչ եւ ստորնացուցիչ արտայայտութիւնները սովորական երեւոյթներ դարձած են։
Օրինակ՝ Ատրպէյճանի նախագահը, իր ուղերձներէն մէկուն մէջ, երկրի մը ղեկավարին անյարիր վարքագիծ դրսեւորելով հանդէս կու գար հայկական բանակին հասցէագրուած հետեւեալ անարգական յայտարարութեամբ. «Մենք ցոյց տուինք անոնց՝ ով ով է, մենք վերջնականօրէն քշեցինք զանոնք մեր տարածքներէն, շուներու նման…»։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, ատրպէյճանական զօրքի հայ զինուորականներու պարբերական հաղորդագրութիւնը պարզապէս «ցնորք» կամ «երազ» կ’որակէր։
Միւս կողմէ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները եւս պիտի չուշանային ներգրաւուելու այդ զազրախօսութեանց եւ փոխադարձ ցեխարձակումներու տիղմին մէջ հայկական կողմէն ատրպէյճանական քաղաքները հրետակոծելու անհիմն եւ սարքովի լուրերը բնութագրելով «բացարձակ յիմարութիւն եւ ցինիկ սուտ»։
Զոյգ երկիրներու լրատուամիջոցները (իրենց պաշտօնական թէ անկախ թեւերով) սովորաբար հանրութեան կը ներկայանային թշնամի կամ հակառակորդ կողմին հասցէագրուած իրենց բուռն, կծու, նուաստացուցիչ եւ վարկազրկիչ արտայայտութիւններով, ծանրագոյն ու եպերելի ամբաստութիւններով, մինչեւ անգամ ամօթալի եւ անհանդուրժելի վատաբանումներով։
44-օրեայ պատերազմի գրեթէ ողջ տեւողութեան հայկական մետիայի վերլուծաբանները անտեղիտալիօրէն կը պնդէին, որ Ատրպէյճան հսկայական կորուստներ կ’արձանագրէ, իսկ հայկական կողմը յաջողութեամբ ետ կը մղէ ատրպէյճանական բոլոր յարձակումները, տեւաբար զրահուած այն հաստատ համոզումով՝ որ հայ մարտիկը ուշ կամ կանուխ անպայման պիտի ջախջախէ անագորոյն թշնամին։
Գաղտնիք չէ՝ որ հակամարտող զոյգ կողմերու լրատուամիջոցներն ալ կը ջանային իրենց լսարանի համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել եւ արժանահաւատ, համոզիչ տեղեկանք հաղորդել։ Անոնք պատրաստ էին որեւէ միջոցառումի ձեռնարկելով սեփական ժողովուրդի հայրենասիրական ոգին բարձրացնելու, անոր կորովն ու մարտունակութիւնը ջրդեղելու։ Միաժամանակ՝ հետեւողականօրէն սադրիչ եւ գրգռիչ յայտարարութիւններ հրապարակելով անոնք կը հետամտէին հակադիր կողմի նկատմամբ համաժողովրդային բուռն ընդվզում, համատարած խորշանք, ատելութիւն եւ անհաշտ թշնամանք սերմանել։
Խաչիկ Շահինեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»