“Արմէնփրէս”._ ՌԴ գլխաւոր դատախազին նախաձեռնութեամբ 12 Յունուարին տեղի ունեցած է եռակողմ հանդիպում Մոսկուայի մէջ գտնուող ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւի, ինչպէս նաեւ ՌԴ գլխաւոր դատախազ Իկոր Քրասնովի մասնակցութեամբ:
Հանդիպումին նպատակն էր միջազգային իրաւական ոլորտին մէջ հետագայ շփումներու ձեւաւորման, անոր համար անհրաժեշտ պայմաններուն, ինչպէս նաեւ արդիական քանի մը հարցերու շուրջ քննարկման ծաւալումը:
Այդ շրջագիծին մէջ, որպէս միջազգային իրաւական գործակցութեան ծաւալման երաշխիք` Արթուր Դաւթեան բարձրացուցած է զինադադարի մասին 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտին ըստ կարելւոյն արագ կատարման անհրաժեշտութիւնը, Ատրպէյճան գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձանց Հայաստան վերադարձնելու, իսկ մինչ այդ անոնց կեանքին եւ առողջութեան երաշխաւորման, անոնց այլ իրաւունքներու ապահովման հարցը:
ՀՀ գլխաւոր դատախազը շեշտած է, որ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց վերադարձը կարեւոր երաշխիք կը հանդիսանայ եռակողմ յայտարարութեամբ գոյացած մնացեալ համաձայնութիւններու կատարման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար:
Այս իմաստով Արթուր Դաւթեան բարձրացուցած է նաեւ տարածաշրջանը միջազգային ահաբեկչութենէն զերծ պահելու եւ անոր դէմ ընդհանուր պայքար մղելու հարցը: