“Երկիր”._11 Յունուարին թրքական NTV պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կոչ ուղղած է երկրի բնակչութեան` ջուրը խնայողութեամբ օգտագործելու։ Էրտղանի խօսքին համաձայն, երաշտի պատճառով երկրին մէջ ջրային աղբիւրներու պակաս կայ:
Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ որոշ ջրամբարներ ամբողջովին սպառած են, բայց ջուրի սպառման գիտակից վերաբերմունք ունենալով, կարելի է խնայել մօտաւորապէս անոր 50%-ը:
Էրդտողան ըսած է, որ ջուրի սպառման զգալի աճը կապուած է պսակաձեւ ժահրի տարածման սպառնալիքին հետ: