“Արմէնփրէս”._ Շուէտ հաստատած է ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանի Moderna ընկերութեան պատուաստանիւթը պսակաձեւ ժահրին դէմ: Դեղը հաստատուած է երկրի մէջ զանգուածային պատուաստում կատարելու համար: Moderna-ին դեղը երկրորդ պատուաստանիւթն է, որ կը հաստատուի Շուէտի դեղերու վերահսկիչ մարմինին` Swissmedic հիմնարկի կողմէ: Առաջինը դարձած է ամերիկա-գերմանական միատեղ արտադրութեան Pfizer/BioNTech պատուաստանիւթը, որուն կիրառումը հաւանութեան արժանացած է 19 Դեկտեմբերին: Նշուած է, որ երկիրը պատուաստանիւթի մօտաւոր, 7,5 մլն չափաբաժին գնած է ամերիկեան ընկերութենէն: Պատուաստանիւթը կարելի է օգտագործել 18-էն բարձր տարիքի մարդոց համար: Յառաջիկային առաջին 200 հազար չափաբաժինները պիտի մատակարարուին տարբեր ձեւերով: